ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Այնպէս ինչպէս բոլոր աշխարհը, մամուլը եւս օրեր ետք պիտի թեւակոխէ նոր տարի մը, ճի՛շդ այն ծերուկին նման, որ չի՛ գիտեր, թէ միւս նոր տարիին ողջ պիտի ըլլայ թէ ոչ: Հաւանաբար աշխարհի շատ մը անհատներու համար նոր տարին ուրախանալու միջոց ըլլայ, սակայն տարեցներուն համար այդ մէկը ուրախութենէն աւելի յուզում կ՚առաջացնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հինցող տարի քայլ մը աւելի մեզ կը մօտեցնէ անյայտ վախճանին:
Մամուլի կեանքին համար նոր տարիները սուգի օրեր են, որովհետեւ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով տարուէ տարի ընթերցողներու թիւի նահանջը աւելիով կը սկսի զգալի դառնալ: Ընթերցասէր տարեց դասակարգը կամաց կամաց կը հեռանայ աշխարհէն, սակայն նորերը չե՛ն գար անոնց տեղ. հայ մամուլի հանդէպ ընթերցասիրութիւնը իր ժառանգորդները չ՚ունենար:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, աշխարհի վրայ աճ կ՚արձանագրէ ընթերցասիրութեան սէրը, նոյնիսկ հայերու մօտ՝ բայց ոչ մամուլի հանդէպ. իսկ աւելի վատը՝ հայկականութեան հանդէպ:
Շաբաթ մը առաջ Լիբանանէն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած երիտասարդներու հետ միասին որոշեցինք Ծաղկաձոր գիշերել. բոլո՛րն ալ ընթերցասէր, սակայն օտար գրականութեան հանդէպ: Հոգիիս մէջ ցաւ, մտիկ կ՚ընէի այն գրականութեան մասին, որմէ ետք չէր մնար մեր հայկականը, որուն գործիչներուն անունները նոյնիսկ անծանօթ էին իրենց:
Չեմ գիտեր, ընթերցասիրութի՞ւնն է պակսողը, թէ կամաց կամաց մեր հայկականութիւնն է, որ կը պակսի: Երիտասարդները տակաւին չեն հասկցած, որ մենք ունինք գրականութիւն՝ որ կրնայ մրցիլ օտարինին հետ. ունինք Ահարոնեան, Նար Դոս, Շիրվանզադտէ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք աւելի պակաս գրող մը չեն, քան՝ յայտնի Շէյքսփիրը եւ անոր նման բազմաթիւ ուրիշներ:
Այնպէս ինչպէս տարեցը, այսօր հայ մամուլը եւս կարիքը ունի դարմանի եւ բուժումի եւ անոր ձեւը ընթերցասիրութենէն աւելի պարտաւորութեան գիտակցութիւնն է, որ կը պակսի այսօր մեր մէջ: Այս պարտաւորութիւնն ու սէրը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. 1952 թուականին «Այսօր Ապագայ» թերթի խմբագրութեան կը յանձնուի անձի մը հասցէն, որ նիւթապէս անապահով է, սակայն մեծ սէր ունի ընթերցանութեան ու հայ մամուլի հանդէպ: Թերթի խմբագրութիւնը կ՚որոշէ անվճար թերթ ղրկել նաեւ աղքատ հայորդիին, որ ամիսներ ետք կ՚այցելէ խմբագրատուն:
Խմբագիրը կ՚ուզէ գիտնալ այցելութեան նպատակը. աղքատ հայորդին կը պատասխանէ, թէ եկած է իր պարտքերը վճարելու: Այս նպատակին դիմաց թերթի խմբագիրը կը գրէ. «Ի՞նչ պարտք կրնար ունենալ մէկը իր վիճակին մէջ, երբ մանաւանդ ինք խնդրած չէր մեր թերթին ընթերցողը ըլլալ: Ատոր հնարաւորութիւն չունէր արդէն: Բայց թերթը ստացած էր քանի մը շաբաթ եւ ինքզինք պարտական կը նկատէր արդէն»: Ընթերցասիրութեան կողքին այդ պարտաւորութեան զգացումն է, որ թերթի ապագան կ՚երաշխաւորէ եւ կը նպաստէր անոր գոյատեւումին:
Թերթի մը համար պատասխանատուութեան այդ գիտակցութիւնը շա՜տ շատ աւելին կ՚արժէ, քան վճարուած բաժանորդագրութեան գումարը: Իր «պարտքերը» վճարել ուզող աղքատ հայորդին խմբագիրէն կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը. «Վճարումը՝ քեզմէ ստացած ենք արդէն՝ մեր բարոյական գոհունակութիւնն է»:
Ահաւասիկ մի քանի օրեր ետք կը թեւակոխենք նոր տարի, սակայն բազմահազար հայորդիներ կը շարունակեն անտարբեր մնալ իրենց նիւթականէն աւելի բարոյական պարտաւորութեանց հանդէպ:
Ափսոս, որ մեր հարուստ դասակարգը ընթերցասէր չըլլալու կողքին, ունի նաեւ պարտաւորութեան այդ պակասը, երաշխաւորելու մամուլի գոյութիւնը: Կորուստի գոյամարտին մէջ մինակ է այսօր հայ մամուլը. գալիք նոր տարին յոյս կա՞յ որ փոփոխուի այդ վիճակը... այնքան ալ յուսալի չենք:
Թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ թէ միւս մամուլները յառաջիկային քանի՞ նոր տարիներ տեսնելու արժանի պիտի ըլլայ՝ անյստակ է, սակայն ակնյայտ է, թէ այդ պարտաւորութեան զգացումը եթէ չսրսկուի հայորդիներու մէջ, կամաց կամաց աւելիով պիտի խաթարուի անոնց գոյութիւնը:
Ընթերցասիրութեան պակասին կողքին բուռն կերպով անտարբերութիւն կը տիրէ հայորդիներու մէջ. անցեալ օր բարեկամի մը հետ կը խօսէի մամուլի եւ յօդուածագրութեան մասին. հարցումը հետեւեալն էր. «կը նստիք կը գրէք, բայց ո՞վ կը կարդայ»: Հարցումին մէջ մտահոգութիւն չկար. լոկ անտարբերութիւն եւ բարոյական պարտաւորութեան թերացում: Մենք կը հաւատանք, որ թէեւ քիչ՝ սակայն մինչեւ օրս գոյութիւն ունին աղքատ հայորդիին օրինակին հետեւող հայորդիներ, որոնք բարոյական պարտաւորութիւնը կը զգան ստանալու թերթը, կարդալու եւ իրենց պարտքերը ամբողջութեամբ վճարելու:
Անցնող օրերուն յօդուածագիր մը կարծիք կը յայտնէր, թէ պէտք չէ թերթի «PDF» տարբերակը անվճար ղրկել ու թերթի նիւթերը ընկերային ցանցերու եւ կամ կայքի միջոցաւ անվճար տրամադրել. երբ անվճար տրամադրածիդ դիմաց բարոյական պարտաւորութիւն չեն զգար, ինչպէ՞ս ակնկալել աւելին:
Այսօր, մենք բոլորս ալ պարտք ունինք հայ մամուլին. այդ պարտքը նիւթականը չէ՛, այլ շա՜տ աւելին:
Մաղթենք, որ յառաջիկայ նոր տարուան ընթացքին ամէն մարդ սկսի գիտակցիլ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ իր ունեցած պարտաւորութիւններուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԾԱՏՈՒՐ ԱՂԱՅԵԱՆ
(1911-1982)
Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ 30 դեկտեմբեր 1910-ին Ելիզաւետպոլ գաւառի մէջ ծնած է պատմաբան, պատմական գիտութիւններու տոքթոր եւ ակադեմիկոս Ծատուր Աղայեան:
Աղայեան իր ընտանիքին հետ միասին 1917 թուականին տեղափոխուած է Շամախի շրջան. ան իր կրթութիւնը ստացած է Կանճայի մանկավարժական կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Շամախք, Մարտունիի, Ջաղիրի եւ Ջարտախլուի մէջ: Աղայեան հեռակայ ձեւով աւարտած է մանկավարժական կաճառը ու Մոսկուայի Ն. Չեռնիշեւսկիի անուան պատմական-փիլիսոփայական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1938 թուականին: Ծատուր Աղայեան 1954-1961 թուականներուն, ինչպէս նաեւ 1977-1979 թուականներուն եղած է Գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան կաճառի նոր պատմութեան բաժնի վարիչ: Եղած է նաեւ Գիտութիւններու ակադեմիայի «Տեղեկագիր» պարբերականի խմբագիր՝ 1969-1973 թուականներուն:
Վերոյիշեալ պաշտօններու կողքին Աղայեան 1951-1954 թուականներուն եղած է Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան գիտութեան եւ մշակոյթի բաժնի վարիչ:
Աղայեանի աշխատութիւնները հիմնականին մէջ Հարաւային Կովկասի, Հայաստանի յեղափոխական շարժման, հայ-ռուս յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման մասին է: Ան գրած ու հրատարակած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակախօսութիւններ, որոնցմէ են «Հայ եւ ատրպէյճանական ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը» (1961), «Մեծ հոկտեմբերը եւ Հայաստանի աշխատաւորներու պայքարը սովետական իշխանութեան համար» (1961), «Բալկարները եւ Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարի միասնութիւնը» (1970) եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ:
Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն Ծատուր Աղայեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններով, ինչպէս նաեւ տիրացած այլ մրցանակներու:
Պատմաբանը մահացած է 3 դեկտեմբեր 1982-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ