2022-ԻՆ ՍԾՏՀԿ-Ի 30-ԱՄԵԱԿԸ

2022 թուականին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) կը դառնայ 30 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, պաղ պատերազմի աւարտով ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած էր այս կազմակերպութիւնը։ Յառաջիկայ ամիսներուն ամենայն հաւանականութեամբ ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ յոբելենական գագաթաժողով մը տեղի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Արդարեւ, 30 տարի առաջ նոյնպէս Վոսփորի ափին տեղի ունեցած էր այս կազմակերպութեան առաջին գագաթաժողովը։

ՍԾՏՀԿ ունի միջազգային կազմակերպութեան կարգավիճակ։ Ան ուրոյն ձեւաչափ մըն է, որու մէջ համախմբուած են տարածաշրջանային դերակատարներ, նաեւ որպէս դիտորդ ներգրաւուած՝ միջազգային կարեւոր խաղացողներ։

Միեւնոյն ժամանակ, ՍԾՏՀԿ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ եղած է եզակի հարթակ մը։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ Անգարայի եւ Երեւանի հնարաւոր նուազագոյն շփումներուն համար առիթ ընձեռած է այս կազմակերպութիւնը։ Երկու երկիրներն ալ կարեւորած են անոր գործունէութիւնը, մինչ ՍԾՏՀԿ առիթ հանդիսացած է բարձր մակարդակով այցելութիւններու փոխանակման։

Ներկայիս, երբ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է, հաւանական է, որ Հայաստան բարձր մակարդակով մասնակցութիւն բերէ ՍԾՏՀԿ-ի 30-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021