ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՌԻԹ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

Տարի մը եւս անցաւ:

Թուական մը եւս փոխուեցաւ:

365 օրերու այս շղթան ալ իր վերջին օղակը անցուց եւ անցեալ դարձաւ:

Հետաքրքրականը, սակայն, թէ մեր կեանքին մէջ ի՞նչ փոխուեցաւ. ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցանք անցնող տարուան ընթացքին. ի՞նչ նուաճումներու հասանք. ի՞նչ, ի՞նչ, ի՞նչ, կարելի է հարցումներուն շարքը երկարել եւ երկարել, ու ո՛չ միայն այս հարցումները մեր անձնականին կը վերաբերին, այլեւ՝ մեր հաւաքական կեանքին:

Նոր տարին, արդարեւ, առիթ մըն է ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի: Խօսքը չի՛ վերաբերիր ուտել-խմել, քէֆ ընելու հասկացողութեամբ նոր տարիին, այլ՝ խօսքը գիտակից անդրադարձումի մասին է, որովհետեւ գիտակից մարդուն, առողջ եւ սթափ մտածելակերպ ունեցող մարդուն համար նոր տարին ուրիշ բան չէ՝ քան սովորական օր մը եւ իր միակ իւրայատկութիւնը այն է, որ այդ օրը առիթ մըն է իրեն համար վերաքննութիւն մը կատարելու իր անցած ուղիին եւ յետագայ ընթացքին: Աւելի՛ն, այս կերպ մտածողներուն համար նոր տարին առիթ մըն է հոգեւոր առումով ինքնաքննութեան, ինչ բանի խորքը երախտապարտ ոգին է, երախտապարտութիւն իր վիճակին համար, իր ընտանիքի անդամներուն համար, իրմէ մարմնաւորապէս բաժնուածներուն համար, իր ունեցած ձեռքբերումներուն եւ ձախողութիւններուն համար, իր ունեցած ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն համար, իր ունեցած նուաճումներուն եւ կորուստներուն համար:

Կառավարութիւններ, հաստատութիւններ, կառոյցներ եւ ընկերութիւններ, իւրաքանչիւր տարուան տարեվերջին կը կատարեն իրենց հաշուեփակը. սակայն, մինչեւ հաշուեփակ կատարելը կ՚ուսումնասիրեն եւ կը քննեն, թէ ի՞նչպիսի աշխատանքային տարի մը ունեցած են, արդեօք անցնող տարին դրական արդիւնք ունեցա՞ծ է, թէ ոչ. եթէ ունեցած է, տուեալ կառոյցին պատասխանատուները լաւապէս կ՚ուսումնասիրեն յատկապէս այն հանգամանքները կամ այն պարագաները, ուր լաւագոյն դրական արդիւնքի հասած են եւ կը փորձեն բարելաւելու այդ կէտերը, մարտավարութեան մէջ աւելի աշխուժութիւն եւ եռանդ մտցնելով, որպէսզի նոր բացուող տարուան ընթացքին ա՛լ աւելի դրական արդիւնքներու հասնին: Միւս կողմէ, եթէ ձախողութիւններ արձանագրուած են եւ կամ բացասական արդիւնքներ, կը փորձեն հասկնալ պատճառը, արժեւորում կը կատարեն, կը վերլուծեն եւ գտնելէ ու հասկնալէ ետք արձանագրուած ձախողութիւններուն պատճառը՝ ամէն կերպով կ՚աշխատին լուծելու առկայ խնդիրները, որպէսզի նոր բացուող տարիին նոր թափով սկսին խուսափելու համար այլ ձախողութիւններէ, ընդհակառակը ջանք չեն խնայեր անցնող տարուան ընթացքին արձանագրուած ձախողութիւններուն հետեւանքները շուտով վերացնելու:

Նոյն ձեւով մարդ պէտք է վերաբերի իր անձին նկատմամբ: Նոր տարին մարդուն համար ո՛չ թէ ուտել-խմելու, քէֆ ընելու համար պիտի ծառայէ միայն, մարդ միան պէտք չէ՛ մտածէ, թէ այս նոր տարին ո՞ր ճաշարանին մէջ անցընէ, ո՞ւր ճամբորդէ, սեղանին վրայ ի՞նչ տեսակի ուտելիքներ դնէ, ի՞նչ խմիչք բերէ, եւ այլն, եւ այլն, ընդհակառակն, այս բոլորին փոխարէն մարդ պէտք է ինքնաքննութիւն կատարէ, տեսնելու համար, թէ անցնող տարուան ընթացքին ի՞նչ յաջողութիւններ ունեցաւ, ո՞ւր հասած էր նախանցած տարուան ընթացքին, ի՞նչ նպատակներ դրած էր իր առջեւ անցնող տարուան համար, արդեօք այդ նպատակները յաջողա՞ծ է իրականացնել, թէ ոչ: Եթէ չէ յաջողած կամ մասամբ յաջողած են, ի՞նչ եղած են պատճառները չյաջողելուն, ինչո՞ւ համար նման արդիւնք ունեցած է, այս բոլորին մասին մտածէ, խորհրդածէ, լուծումներ գտնէ, փորձէ սթափ կերպով դատողութիւն կատարել, որպէսզի նոր բացուող տարին նոր ուժերով եւ աւելի վճռակամ կերպով շարունակէ իր ընթացքը:

Հոգեւոր գետնի վրայ, նոր տարուան այս օրերուն մարդ պէտք է ուշադրութեամբ եւ աչալրջութեամբ քննութիւն կատարէ ինքն իր անձին, տեսնելու՝ թէ իր հոգեւոր կեանքին մէջ ինչ զարգացում ապրած է անցնող տարուան ընթացքին, հասկնալու՝ թէ ինչքանով յաջողած է քայլ մը աւելի մօտենալու Աստուծոյ, սերտացնելու իր կապը Արարիչին հետ, հասկնալու Անոր կամքը, գործադրելու Անոր պատուիրանները, նմանելու Անոր: Եթէ հոգեւոր իր կեանքին մէջ յառաջախաղացք չէ՛ ունեցած, ուրեմն զուր են միւս բոլոր ոլորտներուն մէջ ունեցած իր նուաճումներն ու յաջողութիւնները, քանի որ առանց հոգեւորին՝ մարմնաւորը վաղ թէ ուշ պիտի վերանայ, անհետանայ, շոգիանայ: Կարեւոր չէ մարդուն աշխարհային յաջողութիւնները, եթէ անոնց խորքին մէջ չկայ հոգեւոր ընկալումը, հոգեւոր մղումը, աստուածային միջամտութիւնը եւ այն գիտակցումը, թէ որպէս մարդիկ ժամանակաւոր ենք այս աշխարհի վրայ եւ եթէ մեր աշխարհիկ կեանքի ընթացքին մեր առօրեան չկապեցինք հոգեւորին՝ երկնայինին հետ, ապա խոտի նման այսօր պիտի ըլլանք՝ վաղը անցնելու, անցնելու սակայն ո՛չ թէ դէպի յաւիտենական հանգիստ ու երանութիւն, այլ՝ դէպի յաւիտենական տանջանք: Միւս կողմէ, եթէ մեր առօրեան կապեցինք հոգեւորին՝ երկնայինին հետ, ապա մեր աշխարհային բոլոր գործողութիւնները, արարքները, գործերը, ծրագրերը յաջող աւարտ կ՚ունենան, եւ ո՛չ միայն յաջող աւարտ, այլ մեր ընկալած մէկին փոխարէն՝ ըստ Աւետարանական խոստումին կը ստանանք երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր (կարդա՛ Սերմնացանին Առակը, Մտ 13.1-9: Մր 4.1-9: Ղկ 8.4-8):

Այս բոլորին լոյսին տակ, հետեւաբար, կրնանք հաստատել, թէ Նոր տարուան այս ժամանակամիջոցը ժամանցէ, ուտել-խմելէ, քէֆ ընելէ ու պտտելէ աւելի ԱՌԻԹ մըն է:

Առիթ մը՝ վերանորոգուելու:

Առիթ մը՝ մաքուր սիրտ եւ ուղիղ միտք ունենալու:

Առիթ մը՝ վերաթարմանալու:

Առիթ մը՝ ինքնաճանաչումի:

Առիթ մը՝ ինքաքննութեան:

Առիթ մը՝ սիրոյ եւ ներողամտութեան:

Առիթ մը՝ ողորմածութեան եւ մխիթարութեան:

Առիթ մը՝ բարեգործութեան:

Առիթ մը՝ մարդասիրութեան:

Առիթ մը՝ Աստուածպաշտութեան եւ Աստուածսիրութեան:

Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան այսպէս կը գրէ իր 2010 թուականի Նոր տարուան պատգամին մէջ. «Կեանքի մէջ միշտ կայ առաւօտ մը, երբ մարդուն առիթ կը տրուի ժամանակի մէջ բարիք գործելու, այդ ժամանակը քաղցրացնելու: Կեանքը ժամանակի մէջ շարունակական ընթացք մըն է. այդ ընթացքը կը յատկանշուի ուրախութիւններով, դառնութիւններով, յուսահատութիւններով, յուսախաբութիւններով, չարագործութիւններով ու բարեգործութիւններով: Իրական կեանքի խորհուրդով ապրող մարդը այս բոլոր երեւոյթները կը դիտէ եւ կ՚օգտագործէ յանուն առաւել կեանքի, այլ խօսքով՝ ան հաւատքով ու հաւատքի գործերով իր ժամանակը անժամանակի կը վերածէ: Մեր մարդկային կեանքը իր բոլոր երեսներով ու ելեւէջներով միշտ ուսանելի ինչ-որ բան ունի իր մէջ: Բոլոր ժամանակներն ալ իրեն յատուկ դժուարութիւնն ու իւրայատկութիւնը ունին. այդ պատճառով՝ կը թելադրուի, որ քրիստոնեան իր հաւատքով ձեռք բերէ՝ առաքինութիւն, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն, գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերութիւն, համբերութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն, աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրասիրութիւն, եղբայրասիրութեամբ ալ՝ սէր (Բ. Պտ 1.5-7): Վերոյիշեալ առաքինութիւններով զարդարուն քրիստոնեան կը լեցուի Քրիստոսով եւ Քրիստոսի գիտութեամբ, որով իր ապրած ժամանակը կը յաւերժանայ “պտղալի” գործերով»։ («Ալիք» օրաթերթ, հինգշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2010, 79-րդ տարի, Թեհրան, էջ 2):

Արդարեւ, մարդուն համար՝ քրիստոնեայ մարդուն համար նոր տարին պէտք է դառնայ «պտղալի գործերով յաւերժանալու» առիթ մը եւ միջոց մը, որով իւրաքանչիւր անհատ որոշում պէտք է կայացնէ նոր տարուան շեմին իր կեանքին ընթացքը բարեգործութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ Աստուածասիրութեամբ վարելու:

Մենք յաճախ մեր ունեցած յաջողութիւններով կ՚ուրախանանք եւ այդ ուրախութիւնը կը բաժնենք մեր ընտանիքի անդամներուն, մեր հարազատներուն, մտերիմներուն եւ ընկերներուն հետ, երբեմն ալ նիւթական այնպիսի հսկայ միջոցներ կը ծախսենք այդ «ուրախութիւն»ը բաժնելու համար: Եւ ընդհանրապէս այդ արարքը կը կատարենք Նոր տարուան առիթով՝ մտածելով մէկ տօնը երկու տօնի վերածելու մասին: Բնական երեւոյթ մը եւ արձագանգ մըն է այս մէկը: Բայց պահ մը եկէք մտածենք, թէ ինչքա՜ն աւելի ուրախալից եւ մխիթարող պիտի ըլլար, եթէ նոյն այդ ուրախութիւնը թարգամանուէր առաջին հերթին՝ եկեղեցիէն ներս ընտանիքի անդամներուն հետ երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուծոյ նկատմամբ Իր պարգեւած իմաստութեան եւ ողորմութեան համար. բան մը, որու շնորհիւ տուեալ անձնաւորութիւնը հասած է այդ յաջողութեան: Երկրորդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորին առաջնորդութեամբ այդ հսկայ գումարը որ պիտի ծախսուէր ժամանակաւոր «ուրախութեան» համար, ծախսուէր ուրախացնելու համար կարիքաւոր քանի մը ընտանիքներ։ Այսպէսով տուեալ անձնաւորութիւնը իր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին՝ յատկապէս զաւակներուն, այցելէր այդպիսի քանի մը ընտանիքներուն՝ լաւագոյն օրինակ դառնալով իր զաւակներուն եւ ուրախութեան առիթ հանդիսանալով իր նմաններուն, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով այդ վիճակին մէջ յայտնուած էին։ Այսպէսով ձեռք պիտի ձգէր անկողոպտելի ուրախութիւն մը, որ ժամանակաւոր չէ, այլ՝ շարունակական: Իսկ աւելի գերագոյն ուրախութիւն ձեռք ձգելու համար, այդ գումարը կարելի է եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորին փոխանցել՝ խնդրելով, որպէսզի այս ինչ նպատակին համար գործածուի՝ հետեւելով Աւետարանական պատգամին, որ կ՚ըսէ. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ, թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4): Այս կերպ վարուելով տուեալ անձնաւորութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ, որ իր այդ ունեցած յաջողութեան կամ ձեռքբերումին պիտի յաջորդեն աւելի «պտղալից» եւ արդիւնաբեր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ: Աւելի՛ն, այս կերպ վարուելով տուեալ անձնաւորութիւնը իրեն համար գանձեր կը դիզէ երկինքին մէջ, այլ խօսքով ինքզինք կը կապէ երկինքին՝ յաւիտենականին: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):

Մեզմէ իւրաքանչիւրը Նոր տարուան այս ժամանակաշրջանին պարտաւոր է ջերմութիւն ցուցաբերել իր շրջապատին նկատմամբ՝ սկսելով իր ընտանիքի անդամներէն, հասնելով մինչեւ անծանօթ օտարականը, որուն կեանքի մէջ թերեւս մէկ անգամ միայն կրնայ հանդիպիլ: Բայց մանաւանդ, մարդ պարտաւոր է ջերմութիւն ցուցաբերել իր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ եւ յատկապէս՝ զաւակներուն, որոնք իրենց ծնողներու ջերմութեան կարիքը շատ ունին:

Կը պատմուի, որ հայր մը տուն վերադառնալով կը տեսնէ, որ իր փոքր աղջնակը, որ հինգ տարեկան է, ձեռքին մէջ եղած տուփ մը կը փորձէր փաթթել նուէրի թուղթով։ Ի տես այս երեւոյթին կը բարկանայ աղջնակին վրայ՝ ըսելով, թէ այդ նուէրի թուղթերը կը փճացնէ: Աղջնակը ոչինչ կը խօսի եւ կը քաշուի իր սենեակը:

Յաջորդ առաւօտ աղջնակը ամօթխածութեամբ կը մօտենայ իր հօր եւ անոր կ՚երկարէ ձեռքին տուփը՝ նուէր թուղթով փաթթուած: Հայրը կը նեղուի եւ կը զղջայ երէկուան իր վերաբերմունքին համար եւ չի՛ համարձակիր ձեռքը երկարել տուփը վերցնելու, սակայն իր աղջկան պնդումին վրայ կը վերցնէ զայն:

Երբ կը բանայ տուփը, սակայն, դարձեալ ինքզինք կը կորսնցնէ եւ աւելի ջղայնացած կերպով կը սկսի գոռալ իր աղջնակին վրայ՝ ըսելով, թէ այս ի՞նչ է ըրածդ, չե՞ս գիտեր, որ երբ նուէր կու տան ոեւէ մէկուն, դատարկ տուփ չեն տար, այլ՝ նուէրով լեցուն տուփ կու տան: Աղջնակը դարձեալ լուռ կը մնայ: Հայրը ա՛լ աւելի ջղայնանալով կը ճմռթկէ տուփը եւ աղբամանին մէջ կը նետէ: Աղջիկը այս տեսնելով, արտասուախառն աչքերով ու ցած ձայով իր հօր կ՚ըսէ.

-Հայրիկ, բայց այդ տուփը դատարկ չէր, այդ տուփին մէջ բամզաթիւ համբոյրներ դրած էի, որոնք բոլորն ալ քուկդ էին:

Հայրը լսելով իր աղջնակին ըսածը, սիրտը կը ճմլուի, աչքերը կ՚արցունքոտին եւ դարձեալ կը զղջայ իր վերաբերմունքին համար ու մօտենալով աղբամանին կը վերցնէ տուփը եւ այնպէս մը կ՚ընէ, որ որպէս տուփին մէջէն համբոյրներ կ՚առնէ: Աղջիկը տեսնելով այդ կ՚ուրախանայ, կը սկսի ծափել եւ ոստոստել հօր չորս կողմը: Այդ դէպքէն ի վեր հայրը կը սկսի ա՛լ աւելի ժամանակ տրամադրել իր աղջկան, ամէն օր կը խաղայ անոր հետ, կը զրուցէ, միասին պտոյտներու կ՚երթան:

Օրերը կ՚անցին, եւ աղջնակը կը մեծնայ, կ՚ամուսնանայ եւ հեռու երկիր մը կը ճամբորդէ:

Հայրը սկսաւ շա՜տ կարօտնալ իր աղջկան եւ ամէն անգամ որ կը կարօտնար կամ նեղութիւն կը զգար, կը վերցնէր այդ նուէրի տուփը, կը հոտոտար զայն, իր աղջկան բոյրը կ՚առնէր՝ որպէս բալասան:

Երանի՜ որ իւրաքանչիւրս Նոր տարուան սեմին այս աղջնակին պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ նուէրներ նուիրենք մեր հարազատներուն, մտերիմներուն, ընկերներուն, ծանօթներուն, նաեւ անծանօթներուն: Յաճախ պարզ նուէր մը շա՜տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան հսկայ գումարներ արժող նուէրները: Նուէրը ո՛չ թէ պէտք է չափուի իր արժէքով, այլ՝ նուիրողին կամեցողութեամբ եւ դիտաւորութեամբ:

Ջերմութիւն տարածենք, սէր եւ ջերմութիւն եւ վստահ ըլլանք, որ այդ սերմանումը՝ ջերմութեամբ եւ սիրով «պտղալից» պիտի ըլլայ:

Աւարտելով, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք 31 դեկտեմբեր 2008-ին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած՝ «Նոր տարուան սեմին» գրութիւնը.

*

Տարի մը եւս անցաւ մարդոց որդիներուն կեանքէն։ Անցնող երեք հարիւր վաթսուն եւ վեց օրերու ընթացքին, աշխարհ լեցուեցաւ նոր ծնունդներով, պալատներ եւ խրճիթներ շէնցան նորածիններու ճռուողիւնով։ Հեռացան ուրիշներ այս անցաւոր կեանքէն։ Ոմանք՝ տարիներու բեռան տակ կքած, ուրիշներ՝ դեռ երիտասարդ, կեանքի գարունը հազիւ բոլորած կամ երազներու տարիքին մէջ։

Ու կեանքը շարունակուեցաւ, պիտի շարունակուի այսպէս՝ հնազանդելով բնութեան անյեղլի օրէնքներուն։

Պիտի շարունակուի՝ առանց ցնցումի, որովհետեւ կեանքը ժամանակաչափ չունի։ Անհունութենէ եկած՝ կը դիմէ դէպի անհունութիւն։

Մարդն է, որ տարիներու բաժնած է զայն՝ հանգրուաններ ունենալու եւ այդ հանգրուաններուն սեմին՝ կատարելու իր հաշուեկշիռը իր կեանքի որոշ մէկ ժամանակաշրջանին:

Հաշուեկշիռ:

Ամէն տարի այս օրերուն, իւրաքանչիւր անհատ կը կատարէ հաշուեկշիռը տարուան մը իր գործունէութեան, նիւթական թէ բարոյական։ Եթէ առաջինը գուցէ կը ներկայացնէ ուրիշին, երկրորդի՛ն սակայն հաշուետուն եւ հաշուեպահանջը ինքն է:

Իւրաքանչիւր անհատ, ինքնիր դիմաց նստած, տեսակ մը հայելիի առջեւ, ինքզինքը կը քննէ, մէկ տարուան ընթացքին իր կատարած գործերը -լաւ կամ գէշ- կշիռի կը զարնէ:

Շատեր կը խուսափին այս հաշուեկշիռէն եւ անոր ահաւոր արդիւնքէն։ Քիչեր յանդգնութիւնը կ՚ունենան իրենց ներաշխարհը պեղելու՝ սեւն ու ճերմակը դուրս բերելու համար իրենց մէկ տարուան գործունէութեան մէջ։

Այս վերջիննե՛րը միայն իրաւունք կ՚ունենան լաւատեսութեամբ դիմաւորելու ապագան, որովհետեւ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ո՛ւր հասած են՝ որոշելու համար, թէ ո՛ւր պիտի հասնին։

Աննպատակ գոյութիւն մը անօգուտ է թէ՛ անհատին եւ թէ ընկերութեան համար։

Իրենց մէկ տարուան հաշուեկշիռը կը կատարեն նաեւ ազգեր։ Կը կատարէ աշխարհ:

Աշխարհ կը սպասէ:

Կը սպասէ ի՞նչ բանի. խաղաղութեա՞ն, թէ պատերազմի։

Այս համայնական սպասումին մէջ, մեծ թէ փոքր ազգեր անվերջ կը զինուին։ Կը զինուին գալիք օրերու անստուգութեան դէմ։

Խաղաղութիւն կը փնտռուի զէնքով։

Զինարշաւը կը յատկանշէ այսօրուան միջազգային կեանքը, որ խառնակ է եւ շփոթ` գլխու պտոյտ տալու աստիճան։

Ի՞նչ պիտի բերէ վաղը մարդկութեան, ոչ ոք գիտէ: Չեն գիտեր նոյնիսկ անոնք, որոնք այս հիւանդ աշխարհը վարելու առաքելութիւնն ունին։

Տխո՜ւր, շա՜տ տխուր պիտի ըլլար հոս աւարտել շարքը այս քանի մը խորհրդածութիւններուն։

Ուրեմն ուրախանալու ո՞չ մէկ պատճառ ունի մարդկութիւնը։

Ունի՛:

Բոլոր յուսախաբութիւններէն վեր՝ յոյսը միշտ վերապրած է: Յարատեւելու կամքը եղած է տիրապետող մարդոց որդիներուն մէջ: Յարատեւելու այս կամքն ու ուժը անոնք գտած են քիչ մը ամէն տեղ։

Գտած են ընտանեկան բոյնի մը ջերմութեան մէջ, մանկան մը ժպիտին մէջ, գտած են մանաւանդ հերոսական արարքներու մէջ, որոնք կը գեղեցկացնեն կեանքը, համ ու հրապոյր կու տան անոր։

Նոր տարուան սեմին, ի՞նչ կարելի է մաղթել մարդուն, աւելի լաւ, քան՝ աշխարհի այս օրերու ցուրտին դէմ՝ հոգիին մէջ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը (ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ, չորեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2008, էջ 12)։

*

Բարի եւ «պտղալից» եւ «պտղաբեր» տարի մը ըլլայ ձեր բոլորին:

Եւ ամենէն կարեւորը, մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար անբան կենդանիներու տարիներ չկան, այլ՝ բոլոր տարիներն ալ Աստուծոյ տարիներ են մեզի համար: Հետեւաբար, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար այդ «պարզունակ» մեղքին մէջ չիյնանք, ամբողջ տարին մեղքի թագաւորին՝ սատանային տիրապետութեան յանձնելով, այլ՝ Աստուծոյ տարի հռչակելով իւրաքանչիւր բացուող Նոր տարի, Աստուծոյ օրհնութեամբ, ողորմութեամբ, իմաստութեամբ, սիրով, խաղաղութեամբ եւ մխիթարութեամբ սկսինք ո՛չ միայն նոր տարիները, այլեւ իւրաքանչիւր բացուող առաւօտ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021