ՀՈՆ, ՈՒՐ ԽԱՂԱՂ ԵՆ ԱՐՇԱԼՈՅՍՆԵՐԸ…

Ո՞վ չ՚երազեր Նոր տարուան առաջին օրը աչքերը բանալ հոն, ո՛ւր խաղաղ է արշալոյսը եւ ուր կրակոցի, յարձակումի, զոհուած զինուորներու, ահաբեկուած բնակիչներու մասին պատմութիւններ չկան: Ո՛ւր, թերեւս կարճ ժամանակի մը համար, չկայ համացանց, չկան աշխարհի լուրերը, որոնք յաճախ ողբերգական են ու վհատեցնող…

Ո՞վ չ՚երազեր անտառի եզրին փոքրիկ տնակ մը, որուն շուրջը մարդու ոտնահետք չտեսած ձիւն է, ուր արեւը իր տաք ճառագայթները փռած է, իսկ տնակէն ներս, թիթեղեայ վառարանին մէջ, մեղմ ճարճատիւնով կը վառին փայտերը, վառարանին վրայ կ՚եռայ թէյնիկը, քովը կը խորովուի գետնախնձորը, իսկ շուրջը ընտանիքը անվրդով կը պատրաստուի ճաշի: Եղեւինի համեստ ճիւղ մը պատուհանին առջեւ կ՚աւետէ Նոր տարուան գալուստը:

Ահաւասիկ, այսօր շատերուն երազած խաղաղ անկիւնը. շատ-շատեր կ՚երազեն փախչիլ իրականութենէն եւ ծուարիլ այդպիսի անտեսանելի վայրի մը մէջ, ուր դանդաղ ու խաղաղ կը բացուին առաւօտները… 21-րդ դարու ճոխ ու լի կեանքին ընձեռած բոլոր շքեղութիւնները, պալատները, համադամ ուտելիքները, նորոյթ հագուստները, գերժամանակակից համակարգիչները, անուշահոտութիւնները, փայլփլուն ու լուսաւոր սրահները, կահ կարասիները եւ ամէն ինչ ոչի՛նչ են, երբ խաղաղութիւն չկայ…

Ասիկա ամենապարզ, ամենամարդկային ճշմարտութիւնն է, որ վերջին տարիներուն ամէն ոք իր մորթին վրայ զգացած է: Խաղաղութիւն. ահա օդին մէջ անտեսանելի, սիրտին մէջ փայփայուած, հոգիին մէջ պահուած մէկ հատիկ բառը:

Բնութիւնը մարդուն նուիրած է կոյս անտառներ, մաքրամաքուր լիճեր, գետեր, զարմանալի համեղ պտուղներ, իսկ մարդը ի՞նչ կ՚ընէ. նախ իր կուտակած աղբով կը պատէ մայր բնութիւնը, ապա կը փակուի գործարանին մէջ, զէնք կը շինէ եւ կը սպաննէ իր նմանը: Քարէդարեան այս հանգրուանին մէջ կ՚ապրի այսօր ժամանակակից կոչուած մարդը: Մինչդեռ, տարուան մէջ գէթ մէկ անգամ մարդը կրնայ կանգ առնել եւ անդրադառնալ իր ապրած ու մտածած կերպին: Այդ առիթը միշտ կ՚ընձեռէ Նոր տարին՝ հինի ու նորի ճամբաբաժանը, որ կու գայ անցեալին ձգելու վատն ու չարը եւ բերելու նորն ու բարին:

Խորհիլը մարդուն տրուած ամենապարզ հնարաւորութիւնն է, որ յաճախ չենք գործածեր, խորհելու, վերլուծելու եւ անդրադառնալու փոխարէն՝ ամէն առտու, մրցուղի դուրս ելած մարզիկի նման, կը փորձենք հասնիլ տեղ մը, որուն վերջը չ՚երեւիր: Այդ վազքին յոգնութենէն կը տառապի մարդկութիւնը եւ մրցուղին, որ կը բռնէ ամէն առտու, կը կարծէ, թէ դէպի քաղաքակրթութիւն տանող ճամբան է: Մինչդեռ քաղաքակրթութիւնը օրէ օր կը մօտենայ գայթակղութիւններով լեցուն, սակայն վտանգաւոր եզրագիծի մը, որ մարդկութեան համար ճակատագրական կրնայ ըլլալ:

Այս ճգնաժամին առջեւ կանգնած ենք հիմա: Այս ճգնաժամով կը դիմաւորենք հերթական Կաղանդը: Ճիշդ է, որ Կաղանդը կու գայ կարճ ժամանակի մը համար մոռացութեան տալու այս եւ բոլոր ճգնաժամերը, բայց հեքիաթային լոյսերուն, փայլքերուն, տօնական աղմուկին ներքոյ խորհելու առիթ չի մնար:

ԻՆՔՆԱՀԱՅՈՒՄԻ ՇՐՋԱՆ

Ատենին, Կաղանդը տօն ըլլալէ առաջ ինքնահայումի, մաքրման, լռութեան փառահեղ շրջան մը եղած է հայոց համար: Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգենորոգ տօնին նախորդած է շաբաթապահքը՝ պահքերէն թերեւս ամենէն խորհրդաւորը, քանի որ անոր յաջորդած է Սուրբ Ծնունդը: Անցեալի մեր ձեռագիր մատեանները, գիրքերը, թերթերը լեցուն են նուիրական պատմութիւններով՝ այն մասին, թէ ինչպէս մեր բարեպաշտ նախնիները սրբօրէն որդեգրած են Սուրբ Ծննդեան պահքը՝ զայն անխախտ պահելով Կաղանդի գիշերն ու անոր յաջորդող օրերուն: Սեղանները լեցուն չեն եղած մսային ուտելիքներով, ոգելից խմիչքով եւ գունագեղ անուշեղէններով: Սիրտերն էին, որ լի էին ամենաբարի յոյզերով եւ սպասման թրթիռներով:

Կաղանդի խրախճանքներուն սպասող շատերուն անծանօթ կրնայ թուիլ անցեալի խորհրդաւոր Կաղանդը, որ վաղուց շուքի տակ մնացած է՝ իր տեղը զիջելով գինարբուքներուն, որկրամոլութեան, նիւթականի եւ ցուցամոլութեան հանդէսներուն, մարմնի եւ միտքի տանջանքներուն: Մինչդեռ պահքի շրջանը ո՛չ միայն աղօթքի միջոցով Աստուծոյ մերձենալու, անոր բարեհաճութեան արժանանալու շրջան մըն է, այլեւ՝ մարդու աճումին, զօրացման համար աննախադէպ առիթ մը:

Մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը միշտ խօսած են պահքի մասին եւ պահեցողութեան մասին անոնց խորհրդածութիւնները դարերու փորձութիւններուն դիմացած են: Անոնք պահքը հնարաւորութիւն դիտած են՝ վերագտնելու երբեմնի կորսնցուած Դրախտը:

ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ

Կաղանդի պահոց շրջանը կ՚աւարտի 5 յունուարի երեկոյեան, երբ կը մատուցուի Սուրբ Ծնունդի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը եւ կը տրուի աւետիսը: Քրիստոսի եկեղեցւոյ փայլուն քարոզիչ ու աստուածաբանական հայրերէն մին՝ Ս. Յովհան Ոսկեբերան մեկնաբանելով պահքի խորհուրդը, կը գրէ. «Կը փափաքիմ, որ դուք մաքրելով ձեր հոգիները, հրաժեշտ տաք զուարճանքներուն եւ ամէն տեսակի անժուժկալութիւններուն՝ գրկաբաց ընդունելով բոլոր օրհնութիւններուն մայրը՝ ողջախոհութիւնը եւ բոլոր առաքինութիւններու ուսուցչուհին՝ պահքը, որպէսզի դուք ալ բաւականութիւն եւ մեծ հաճոյք ստանաք եւ պահքն ալ ձեզի համապատասխան սպեղանիին արժանացնէ: Բժիշկները, երբ կը մտադրուին դեղամիջոց տալ անոնց, որոնք կը փափաքին մաքրուիլ նեխած ու փճացած հիւթերէ, կը թելադրեն ձեռնպահ մնալ սովորական կերակուրէն, որպէսզի անիկա արգելք չհանդիսանայ դեղամիջոցի ներգործութեան: Առաւել եւս, մենք պատրաստուելով ընդունինք այս հոգեւոր դեղամիջոցը, այսինքն՝ այն օգտակարութիւնը, որ կ՚առաջանայ պահեցողութենէն, պէտք է ժուժկալութեամբ մաքրենք մեր միտքը եւ թեթեւցնենք մեր անձը, որպէսզի անժուժկալութեամբ աղտոտած պահեցողութիւնը չդառնայ մեզի համար անօգուտ ու անպտուղ: Պահքը հոգիի սնունդ է: Ինչպէս մարմնաւոր կերակուրը կը պարարտացնէ մարմինը, այնպէս ալ պահքը կ՚ամրացնէ հոգին, հաղորդ կ՚ընէ զայն թեթեւ թռիչքի, ընդունակ կը դարձնէ վեր բարձրանալու եւ երկնայինը խորհելու՝ բարձրացնելով վեր այս կեանքի հաճոյքներէն եւ քաղցրութիւններէն: Քանի որ հարբեցողութիւնն ու որկրամոլութիւնը կը ծանրացնեն մեր միտքը եւ մարմինը՝ գերութեան մատնելով հոգին»:

Հայոց եպիսկոպոսապետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ պահքի մասին հետեւեալը գրած է. «Պահքը մարդոց ապաշխարութիւն կը յորդորէ եւ մարդը առաքինի կը դարձնէ: Ըստ խոստովանութեան կարգին, հաստատուելով պահքի մէջ, կ՚ազատինք մեղքերէն: Ինչպէս որ կերակուրները աղով կը համեմուին եւ կրակով բարեհամ կը դառնան մարդոց կարիքներուն համար, այնպէս ալ միտքի եւ մարմինի կամքը կը համեմուի կատարեալ պահքով եւ հոգիի շնորհներով»:

Ընդհանրական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետներէն, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական սուրբերէն, աստուածաբան Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին պահքը մարդկութեան հասակակից աւանդոյթ մը կը համարէ. «Հնաւանդ պարգեւ է պահքը։ Այն չի թարշամիր եւ չի ծերանար, այլ միշտ կը նորոգուի եւ աճելով կը ծաղկի: (…) Ամաչի՛ր պահքի ծերութենէն: Ան հասակակից է մարդկութեան: Պահքը օրինադրուած է դրախտին մէջ: Որքան պահքով նուազեցնես մարմինդ, այնքան հոգիդ կը փայլեցնես հոգեւոր առողջութեամբ: Յագենալը հաճելի է որովայնին, իսկ պահքը օգտաշահ է հոգուն»:

Հոգեւորական նշանաւոր գործիչ Սուրբ Յովհան Մանդակունին պահք կ՚անուանէ ո՛չ միայն կերակուրներէ չարքաշուիլը, այլեւ խուսափիլը ամէն տեսակ մեղքէ. «Քանզի պահք է նաեւ աչքերն արատութենէն, լսելիքը՝ անդէպ լսելէ եւ սիրտը՝ պիղծ խորհուրդներէ զերծ պահելը: Պահք է նաեւ չբարկանալը, չաղաղակելը, չնախանձիլը, վրէժխնդիր չըլլալը եւ չջանալը՝ սեփական անձը ընկերոջ մօտ արդարացնել: Պահք է նաեւ խոնարհութիւնը, հնազանդութիւնը եւ սուրբ սիրտով բոլորին սիրելը: Պահքի օրերուն ինչ որ կ՚արգիլես որովայնիդ, աղքատներուն տուր, քանզի դուն պիտի քաղցես եւ քաղցածը յագենայ եւ քու մեղքդ քաւուի»:

Նշանաւոր ասորի քրիստոնեայ գրող, աստուածաբան, եկեղեցւոյ հայր, ընդհանրական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Եփրեմ Ասորին պահքի մասին գրած է. «Պահքի օրերուն Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, կեցած է՝ տալու մեզի երկինքի արքայութիւնը աղքատներուն ու տնանկներուն միջոցով. ո՛չ թէ մեր տուած մեծ ողորմութիւններուն, այլ կարիքաւորի մը պատառ մը հաց ու պարզ ջուր տալուն դիմաց: Ո՜վ պահեցող, պահէ՛ շրթունքներդ անէծքէ, բամբասանքներէ, հայհոյութենէ, անարգանքէ, նախատինքներէ, հպարտ խօսքերէ, նաեւ սուտ երդումներէ, այլ թող «այո»ն այո՛ ըլլայ, իսկ «ոչ»ը՝ ո՛չ: Նայի՛ր քեզի եւ սանձէ՛ շրթունքներդ, որպէսզի բերանդ չխօսի խօսքեր, որոնք կը լուծեն քու պահքդ…, քանզի Աստուծոյ կամքին հակառակ ամէն բան պիղծ կը դարձնէ քու պահքդ»:

ԱՆԱՒԱՐՏ ՏԱՐԻ…

Երկրորդ տարին է, որ հայութիւնը Կաղանդը կը դիմաւորէ կարծես տարին աւարտած չըլլալու զգացումով: Կիսատութեան զգացողութիւն կայ օդին մէջ: Բան մը թերի եւ պակասաւոր ձգած ըլլալու մտայնութեամբ երկրորդ Կաղանդը կը դիմաւորենք: Սպասումը խտացուած է օդին մէջ: Կը սպասենք… Ակնկալութեան մէջ ենք՝ շունչերնիս պահած, կարծես պիտի ըլլայ բան մը, որմէ վերջ միայն տարին աւարտած պիտի նկատենք:

Ինչի՞ կը սպասենք. անհետ կորսուած մարտիկնե՞րը, գերիներուն վերադա՞րձը, երկրի սահմաններուն հաստատո՞ւմը, խաղաղութի՞ւնը, թէ մեր ներքին հանգստութիւնը վերագտնելը: Ամէն մէկը բան մը կը սպասէ կամ այս բոլորը՝ միասին, բայց հիմնական սպասումը, անշուշտ, խաղաղութիւնն է: Քանի դեռ գերութեան մէջ հայ զինուոր կայ եւ քանի դեռ մայրերը հողին չեն յանձնած իրենց զոհուած զաւակներուն մարմինները, քանի դեռ սահմանին մօտակայ գիւղին մէջ ապրող գիւղացին ահաբեկուած է իր տունին մէջ եւ քանի բազում հարցումներ առանց պատասխանի մնացած են, խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ: Կիսատութեան այս զգացումը, աւելորդ է ըսել, որ վերջին պատերազմը բերած է:

Տարիէ մը աւելի է, որ այդ ապրումներուն մէջ ենք: Պատմութիւնները հետզհետէ կը շատնան, վիշտը կ՚աւելնայ, չի պակսիր: Անցեալ տարի այս օրերուն զոհուած տղոց մասին այսքան շատ պատմութիւններ չէինք գիտեր: Մէկ տարուան ընթացքին նոր նիւթեր ի յայտ եկան, նոր անուններ, նոր ճակատագրեր… Բոլորին մասին գիտցանք: Պատմութիւնները կուտակուեցան, ժամանակ պէտք է զանոնք մարսելու, այս անունները յիշելու եւ իրարմէ զատելու համար: Բայց այն զգացումը, թէ տարին լաւ չենք աւարտած, տակաւին ներկայ է: Գոհունակութիւն կը փնտռենք եւ չենք գտներ: Արդեօք երբ պատերազմ չկար, այդ տարիներուն գո՞հ էինք տարուան աւարտին: Կը փորձեմ յիշել եւ չեմ յիշեր, թէ արդեօք գոհունակ կերպով տարի փակա՞ծ ենք: Միշտ բանի մը կիսատ ըլլալուն պատրանքը կայ, բայց այս մէկը տարբեր է:

Ազգային ողբերգութիւնը շրջած է ամէն ինչ: Քանի՜ տարիներ պէտք են, որ քիչ մը խաղաղի հայուն հոգին եւ անոր կեանքին մէջ լիարժէք խինդ ըլլայ, յոյսն ու հաւատքը իրական տեսք ստանան:

Այսօր մենք մեզ խաբելով կը դիմաւորենք Նոր տարին, յոյսը տեսակ մը շինծու է, իսկ հաւատքը՝ յանձնուած օրերու քմահաճոյքին: Ի՞նչ կը բերեն օրերը, ոչ ոք գիտէ: Մէկ բան պարզ է. մէկ տարուան ընթացքին թէ՛ տկարացանք, թէ՛ ամրացանք: Վիշտը տեղ մը նաեւ զօրութիւն տուաւ: Չհեռանանք այդ զօրութենէն, ամուր բռնած տանինք մեզի հետ դէպի 2022:

ՓՈՔՐԻԿ, ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ

Հազարաւոր մարդիկ այս տարի Կաղանդի գիշերը ո՛չ թէ տուներուն կամ սրահներուն մէջ պիտի անցընեն, այլ՝ Եռաբլուրի եւ այլ գերեզմաններու մէջ, ուր ամփոփուած են 18, 19, 20 տարեկան տղոց մարմինները: Մեղքի զգացում կ՚ունենան Կաղանդի գիշերը զանոնք առանձին ձգելով: Իսկ սգաւոր բազմաթիւ մայրերու կեանքին մէջ, տարուան մը ընթացքին, միակ մխիթարանքը կրկին մայրանալն էր: Որդի կորսնցուցած մօտ երկու տասնեակ մայրեր ուժ գտան իրենց մէջ եւ այս մէկ տարուան մէջ զաւակ ունեցան: Անոնք այսպէսով հաստատեցին կեանքի շարունակականութեան խորհուրդը, որ անբեկանելի է: Կաղանդը, նոյնպէս, իր մէջ ծննդեան, յաջորդականութեան, տեւականութեան, նորի խորհուրդը ունի: Այդ մայրերը ամենէն ուժեղները գտնուեցան բոլոր սգացողներէն, ողբացողներէն եւ ծնունդ տուին մանուկի մը, որովհետեւ գիտեն, որ լացը՝ լաց կը բերէ, վիշտը մասնիկներու կը բաժնուի ու կը տարածուի եւ օր մը պէտք է ի վերջոյ սրբել արցունքը եւ ոտքի կանգնիլ:

Զոհուած տղոց նորածին եղբայրները կամ քոյրերը այս տարուան պզտիկ, բայց կարեւոր հերոսներն են: Անոնք սգաւոր ընտանիքներէն ներս պիտի փայլին իբրեւ թէ՛ տօնական զարդարանք, թէ՛ մխիթարանք:

ԳԼԽԱՒՈՐ ԾԱՌԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ…

Անցեալ տարի տօնածառ չկար Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Այս տարի տօնածառը վերադարձած է, բայց տակաւին անհարազատ կը թուին անոր փայլքերն ու լոյսերը: Երեւանի քաղաքապետարանը այս տարի տօնական ձեռնարկներ չի կազմակերպեր, աւանդական հրավառութիւնը չ՚ըլլար, փողոցներուն մէջ տօնական լոյսեր չեն դրուիր, Սուրբ Ծնունդի տօնավաճառ պիտի չըլլայ, սակայն մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր տօնածառը դրուած է: Կամաց-կամաց քաղաքը դուրս պիտի գայ սուգէն: Հազարաւոր մանուկներ իրական տօն կ՚ուզեն, անոնք ոչ մէկ բանի համար յանցաւոր են: Յանցաւոր չեն նաեւ հազարաւոր մեծեր, բայց կը պատժուին բոլորը՝ մեծէն պզտիկ:

Կաղանդը նաեւ առիթ է, որ մարդիկ դուրս գան ակամայ պատիժին ճիրաններէն, պահ մը նայինք հսկայ ծառին լոյսերուն եւ թերեւս այս անգամ Նոր տարին իրականացնէ իղձերն ու փափաքները:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021