ԽՍՏԱԳՈՅՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոպական խորհրդարանը 432 կողմ եւ 94 դէմ քուէներով ընդունեց Թուրքիոյ զեկոյցը։ Այնտեղ ընդարձակ տեղ մը յատկացուած է դատական անկախութեան, մամլոյ եւ կարծիքի արտայայտման ազատութեան եւ կաշառակերութեան հետաքննութեանց վերաբերեալ մտահոգութիւններուն։ Զեկոյցը կոչ կ՚ուղղէ նաեւ հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ասպարէզին վրայ անմիջապէս կատարելու բարենորոգումներ։ Զեկոյցը տեղ կու տայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին եւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ապրիլ 15-ին առնուած որոշումին յղուելով անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի ճանչնան պատմական իրողութիւնը։
Զեկոյցը կ՚ընդգծէ, որ Թուրքիա ռազմավարական դաշնակից մըն է Եւրոպական միութեան համար։ Միաժամանակ սակայն լուրջ մտահոգութիւններ կ՚արտայայտուին ՄԻԹ-ի, Քրէական օրէսգրքի եւ Դատաւորներու ու դատախազներու խորհուրդին օրէնքներէն ներս կատարուած փոփոխութիւններուն նկատմամբ։
Եւրոպական խորհրադարնի կողմէ ընդունուած Թուրքիոյ տեսակէտէ շատ խիստ նկատուող այս զեկոյցին մասին կառավարութեան արձագանգը չուշացաւ։ Եւրոպական միութեան նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Վոլքան Պոզքըր նշեց, թէ նախապէս իրենք յայտարարած էին, որ զեկոյցը Եւրոպական խորհրդարանին պիտի վերադարձնեն, եթէ այնտեղ 1915-ի դէպքերը նկարագրուին որպէս ցեղասպանութիւն, ՓՔՔ-ն դուրս բերուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն եւ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները ընդհատելու վերաբերեալ կէտեր ըլլան։ Ըստ նախարարին, 1915-ի վերաբերեալ արտայայտութիւնները բաւ են, որ այս զեկոյցը իրենց համար դառնայ անընդունելի։ Ան ըսաւ, որ այս զեկոյցը իրաւական ոչ մէկ ուժ ունի եւ ամենամեայ սովորական որոշմնագիր մըն է։
Պոզքըրի յայտարարութենէն ետք պատասխան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ գծով զեկուցաբեր Քեթի Փիրի։ Ան ըսաւ, թէ զեկոյցին վերադարձուիլը անպատուել կը նշանակէ Եւրոպական խորհրդարանը։ Հոլանտացի ընկերվարական երեսփոխանը յայտնեց, թէ իրենք նոյնպէս բազմաթիւ դժգոհութիւններ ունին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող կարգ մը դէպքերուն կապակցութեամբ, սակայն երբեք չեն մտածած իրենց դռները փակել։ Փիրի ըսաւ, որ թրքական կառավարութեան հակազդեցութիւնը տեղի չի գտներ եւ 1915-ի նիւթը պէտք է ձեռք առնուի անջատ որոշումով մը, ինչ որ իրենք ըրած էին Ապրիլի 15-ին։ Փիրի շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւնը նախապայման մը չէ Թուրքիոյ անդամակցութեան համար։ Ան ըսաւ, որ զեկոյցը վերջին տարիներու ամենաքննադատական փաստաթուղթն է, միաժամանակ սակայն ամենաշինիչը։ «Մեր քննադատութիւններուն առընթեր եթէ շինիչ ալ չըլլանք, չենք կրնար օգտակար ըլլալ», ըսաւ ան։