ՏԱՐԵՍԿԻԶԲԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԵՂՈՒՆ ԵՐԹԵՒԵԿ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ

2022-ի տարեմուտին նախատեսուած է դիւանագիտական գետնի վրայ բեղուն երթեւեկ՝ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու լոյսին տակ։ Համաշխարհային դերակատարները կը նախատեսեն տարեմուտի դրութեամբ հետամուտ ըլլալ նոր շրջանի վերաբերեալ իրենց առաջնահերթութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցն ալ եկած է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը լարել հրատապ խնդիրներու վրայ։

Նկատի ունենալով, որ Ուքրայնայի տագնապը Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ բաւական լուրջ կացութեան մը ծնունդ տուած է՝ անմիջապէս տարեմուտին այս ուղղութեամբ ալ կարեւոր շփումներ նախատեսուած են։ Յունուարի 10-ին, Ժընեւի մէջ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա բանակցութիւններ պիտի վարեն՝ հիւլէական զէնքերու եւ Ուքրայնայի լարուածութեան շուրջ։ Երկու օր վերջ, Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի իրաւասուները պիտի մէկտեղուին, իսկ 13 յունուարին նախատեսուած են Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ ԵԱՀԿ-ի պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Այս բանակցութիւններուն ընդառաջ, շահագրգիռ կողմերը հանդէս եկան վճռական պատգամներով։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի հետ նախատեսուած բանակցութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու պարագային դոյզն իսկ զիջում պիտի չկատարուի։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ալեքսանտր Ֆոնինն ալ օտար երկիրներու ռազմական կցորդներու հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ՆԱԹՕ նախայարձակ է եւ զինուորական գետնի վրայ պատրաստութիւններ կը տեսնէ՝ իր երկրին դէմ երկարատեւ ու յոգնեցուցիչ պատերազմ մը յառաջ տանելու նպատակով։

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչներն ալ բանակցութիւններուն ընդառաջ տեղեկացուցին, որ կողմնակից են փոխադարձ մտահոգութիւններու շուրջ երկխօսութեան։ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն իրաւասու մը յայտնեց, որ ինչպէս ռուսական կողմը, այնպէս ալ ամերիկեան կողմը սեղանի վրայ պիտի դնէ իր անհանգստութիւնները։ Կողմերը կարգ մը խնդիրներու շուրջ կրնան ըլլալ համակարծիք, կարգ մը խնդիրներու շուրջ ալ՝ տարակարծիք։ «Դիւանագիտութիւնն ալ արդէն այս իսկ բանն է», նշած է ամերիկացի պաշտօնատարը։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022