ՈՒՈՐԼԻՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, Նալ­պան­տեան-Ո­ւոր­լիք հան­դի­պու­մը տե­ւեց ըն­դա­մէ­նը հինգ վայր­կեան, սա­կայն ա­նոնք դուրս ե­լան միա­սին՝ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ հե­ռա­ցան ինք­նա­շար­ժով։ Ո­ւոր­լիք այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, թէ այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է քննար­կել ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Հա­մա­նա­խա­գա­հը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ խոր-հըր­դա­րա­նա­կան խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հետ։

Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին ներ­կայ փու­լին եւ հե­տա­գայ քայ­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Ե­րե­ւա­նի մէջ պա­տաս­խա­նեց նաեւ «Ար­մէնփ­րէս»ի կող­մէ ի­րեն ուղ­ղեալ հար­ցու­մի մը։ Այս­պէս, ան յայ­տա­րա­րեց, թէ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տրա­մադ­րուած չեն ե­ռա­նա­խա­գա­հու­թեան ձե­ւա­չա­փի փո­փո­խու­թեան։ «Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տան­քը Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փով, ո­րով­հե­տեւ սա է ներ­կա­յիս կող­մե­րու հա­մար ըն­դու­նե­լին», նշեց ան։ Ո­ւոր­լիք ը­սաւ, թէ խնդի­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­չա­փը չէ, այլ ի վեր­ջոյ սա հա­կա­մար­տու­թիւն մըն է, ո­րու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը պէտք է կա­յաց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։ «Երբ ի­րենք ո­րո­շեն, որ ե­կած է խա­ղա­ղու­թեան, կար­գա­ւոր­ման ժա­մա­նա­կը, մենք պատ­րաստ պի­տի ըլ­լանք միջ­նոր­դե­լու, նպաս­տե­լու այդ կար­գա­ւոր­ման», ը­սաւ ան։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015