ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՂՕԹՔԻ ՏԱՐԻ

​«Ան որ չ՚աղօթեր, իր կեանքին մէջ ո՛չ մէկ լաւ բան կայ»
(Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ)

Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, այսպէս կը թելադրէ կողոսացիներուն. «Շարունակ աղօթեցէք՝ արթուն հսկելով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (Կղ 4.2):

Նոր տարուան՝ 2022 թուականի առաջին օրն է: Ի՜նչ զօրաւոր եւ ազդու պատգամ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար. շարունակ աղօթել՝ արթուն հսկելով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ: Այսօրուան կեանքը որ կ՚ապրինք, նիւթին եւ նիւթականին նուիրուած կեանք մըն է: Դժբախտաբար հեռացած ենք այն բոլոր արժէքներէն ու արժանիքներէն, որոնք մարդը մարդ կը դարձնեն, աւելին, հեռացած ենք ու անտեսած բոլոր այն հոգեւոր արժէքները, որոնք մեր մէջ վառ կը պահեն Աստուածաստեղծ ու Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը ունենալուն մեր հանգամանքը:

Այսօրուան կեանքին վազքը այսպէս կամ այնպէս ազդած է մեր մարդ տեսակին վրայ: Գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ մարդ նահանջ մըն է, որ կ՚ապրի:

Նահանջ՝ մարդ-մարդ փոխյարաբերութեան մէջ:

Նահանջ՝ ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան մէջ:

Նահանջ՝ աշակերտ-ուսուցիչ փոխյարաբերութեան մէջ:

Նահանջ՝ աւագ-կրտսեր փոխյարաբերութեան մէջ:

Նանանջ՝ ընկերութեան հասկացողութեան մէջ:

Իսկ ամենէն սահմռկեցուցիչը՝ նահանջ՝ մարդ-Աստուած փոխյարաբերութեան մէջ: Աստուած-մարդ չեմ գրեր, որովհետեւ Աստուծոյ վերաբերմունքը մարդուն նկատմամբ չէ փոխուած ո՛չ ալ կը փոխուի, որովհետեւ Աստուած «նո՛յնն է միշտ - երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8): Մարդ-Աստուած յարաբերութեան խախտողը մա՛րդն է: Այսօրուան հասկացողութեամբ մարդու իրաւունքներ, ազատ մտածելակերպ, ազատամտութիւն եւ այլ նմանատիպ կեղծ գաղափարախօսութիւններ մարդը դարձուցած են եսակեդրոն, որով մարդ անզգալաբար կամ զգալաբար դատարկուած է իր մարդկայնութենէն, դատարկուած է իր հոգեւոր եւ բարոյական արժանիքներէն, որոնք իւրաքանչիւր մարդու զարդն ու պերճութիւնն են, առանց որոնց մարդ կը կորսնցնէ իր աստուածայնութիւնն ու կը վերածուի անբան ու բանականութենէ զուրկ արարածի մը:

Այսօրուան վազքին մէջ մարդ կարծէք մոռցած է, որ ո՛չինչ առանց Աստուծոյ գիտութեան կամ թոյլտուութեան չի՛ կատարուիր: Ասոր ամենէն ցայտուն վկայութիւններէն մէկն է Տէր Յիսուսի Պիղատոսին ուղղած հետեւեալ խօսքերը. «Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝ եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար» (Յհ 19.11): Հետեւաբար մեր իւրաքանչիւր քայլափոխը, արարքը Աստուծոյ գիտութեամբ եւ թոյլտուութեամբ է, որ կը կատարուի, եւ ուրանալ կան անգիտանալ այս ճշմարտութիւնը մեզ ինքնահաւանութեան եւ հպարտութեան մեղքին կ՚առաջնորդէ, որով մեր ձեռքբերումները, յաջողութիւններն ու արարքները կը վերագրենք մեր անձին, մեր ունեցած իմաստութեան, կարելիութեան եւ զօրութեան: Ճի՛շդ է, որ ցանկցած աշխատանքի յաջողութեան համար մեր գործօնը կարեւոր ու էական է, սակայն այդ գործօնին էութիւնը որ փորձենք ուսումնասիրել, պիտի նկատենք ու հասկնանք, որ Աստուծոյ պարգեւած իմաստութիւնը, զօրութիւնը, շնորհքը, ողորմութիւնն ու օրհնութիւնն է, որ կայ այնտեղ: Մինչ երբ կը գիտակցինք վերոնշեալ ճշմարտութեան, մեր բոլոր գործերը, արարքները մեր ամբողջ կեանքը հակառակ դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններու, կը ստանայ լուսաւոր եւ Աստուածափայլ ընթացք մը, որով մեր գործերուն ու ձեռքբերումներուն ընդմէջէն Աստուած է, որ կը փառաւորուի ու կ՚օրհնաբանուի, որուն փառք եւ գոհութիւն յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Նոր տարուան առաջին օրը չենք կրնար նաեւ մեր կեանքին մէջ տեղ գտած մէկ այլ մոլար երեւոյթի: Ի՜նչ-ինչ ժողովուրդներու սովորութիւններէն վերցուած երեւոյթ մըն է տարին որեւէ կենդանիի նուիրելը: Դժբախտաբար այս սատանայական «աւանդութիւն»ը մեր մէջ ալ տեղ գտած է, յատկապէս Հայաստան աշխարհէն ներս, եւ իւրաքանչիւր տարի որեւէ կենդանիի մը կը նուիրուի: Բայց չէ՞ որ տասնաբանեային առաջին երկու պատուիրանները կ՚ըսեն.

«1. Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։

2. Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես» (տե՛ս Ելք 20.1-6):

Հետեւաբար, երբ տարին այս կամ այն կենդանիին կը նուիրենք կամ կը յայտարարենք, թէ այս տարին այս ինչ կենդանիին տարին է, ատով այդ կենդանիին կուռքի վերածած  եւ մենք մեզ անոր «խնամք»ին յանձնած կ՚ըլլանք: Այս երեւոյթը կռապաշտութենէ բացի ո՛չ այլ ինչ է: Դժբախտաբար, սակայն, մեզմէ շատեր անգիտկացաբար եւ շատ յաճախ գիտակցաբար օրացոյցներ կ՚առնեն այդ տարուան կենդանիին պատկերով, իրենց երեխաներուն նուէրներ կ՚առնեն այդ կենդանիին կերպարանքով, տետրակներ ու գրիչներ, եւ այլն… Եւ երբ կողքէն ոեւէ մէկը իրենց ուշադրութեան յանձնէ, որ իրենց կատարածը սխալ է, կը ստանայ տեսակ-տեսակ պատասխաններ.

- Ի՞նչն է սխալ, ժամանակին հետ քայլ կը պահենք:

- Եղածը ի՞նչ է որ, կենդանի մըն է, ո՛չ իմաստ կու տանք եւ ոչ ալ նշանակութիւն:

- Չէ հա, ի՞նչ կ՚ըսես, ատանկ բաներ չկան, ես զԱստուած կը պաշտեմ, բայց միաժամանակ երեխաներուս հետաքրքրութիւնը բաւարարելու համար կը ստիպուիմ քայլ պահել ընդհանուրին հետ:

Եւ նմանատիպ բազմաթիւ անտրամաբանական եւ անլուրջ մեկնաբանութիւններ, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ո՛չ անգիտութեան հետեւանք եւ արդարացումի միջոց: Ի՞նչ կը նշանակէ ժամանակին կամ ընդհանուրին հետ քայլ պահել: Եթէ կ՚ուզենք ժամանակին եւ ընդհանուրին հետ քայլ պահել, ատով մենք մեզ Աստուծմէ է, որ կը հեռացնենք, միւս կողմէ, եթէ մեր փնտռածը նորութիւն է, ժամանակին հետ իրապէս քայլ պահել է եւ ո՛չ թէ կրկնօրինակել է ուրիշներուն ըրածը, ապա մեր նորութեան եւ ժամանակի հետ քայլ պահելուն Միակ եւ Ճշմարիտ Աղբիւրը Աստուած Ի՛նք է:

Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2): Կորնթացիներուն ուղղած 2-րդ նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Ուստի չենք թուլնար բնաւ: Նոյնիսկ եթէ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, բայց ներքնապէս կը նորոգուինք ամէն օր: Ներկայի մեր կրած այս թեթեւ նեղութիւնը արտակարգօրէն գերազանց եւ յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովէ մեզի: Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ. Կր 4.-16-18): Իսկ կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ՝ այսպէս. «Սուտ մի՛ խօսիք իրարու: Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ: Անգամ մը որ նորոգուեցաք՝ ա՛լ չկայ հրեայ կամ հեթանոս, թլփատուած կամ անթլփատ, բարբարոս, վայրենի, ծառայ կամ ազատ. կայ միայն Քրիստոս, որ ամէն ինչ է եւ բոլորին մէջ» (Կղ 3.9-11):

Վերոնշեալ նորկտակարանեան համարներուն մէջէն կ՚առանձնացնենք հետեւեալները.

- Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք. այսինքն՝ կարիք չունինք ժամանակին հետ «քայլ» պահելու համար այս աշխարհի մարդոց վարմունքը ընդօրինակենք, զոհելով մեր նորոգութիւնը եւ նոր մարդ ըլլալու հանգամանքը:

- Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական. մինչ մենք մեր ամբողջ մտածումով տարուած ենք ուշադրութիւն դարձնելու նիւթական իրականութեանց վրայ, որովհետեւ աշխարհը նիւթականացուցած է մեզ. սակայն, իրականութեան մէջ մենք կոչուած ենք ո՛չ թէ նիւթական ժամանակաւոր իրականութիւններուն վրայ կեդրոնացնելու մեր ուշադրութիւնը, այլ՝ հոգեւոր իրականութիւններուն վրայ, որ յաւիտենական են եւ մնայուն:

 - Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ. եթէ կ՚ուզենք զԱստուած ճանչնալ, հետեւաբար պէտք է մէկ կողմ ձգենք աշխարհն ու աշխարհայինը, այլ խօսքով պէտք է ամբողջութեամբ հրաժարինք մեր հին մարդէն, մեր նախկին հին կեանքէն ու գործերէն, եւ նորոգուած միտքերով ու հոգիներով, զՔրիստոս հագած ճանչնանք մեր Աստուածը՝ փորձելով հասկնալ Անոր կամքը, որ բարին է ու կատարեալը: Մենք մեզ չխաբենք ըսելով, թէ մեր ըրած այս կամ այն արարքը փոքր է, եւ չի՛ խանգարեր մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը. յիշե՛նք Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ: Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին» (Մտ 6.24): 

Պահ մը եթէ փորձենք հասկնալ սակայն մարդուն այս նիւթականացած եւ Աստուծմէ հեռու ըլլալուն պատճառը: Պատասխանը մէ՛կն է. մարդուն աղօթական կեանքէն, աղօթքէն ու ամէն ինչի համար Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելէն հեռանալն է: Աղօթքը այն հզօր եւ սքանչելի զէնքն ու միջոցն է, որ մեզ միշտ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը պահէ եւ մեզի համար անսխալ ուղեցոյց կը դառնայ մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին, ինչքան ալ դժուար ու խորտուբորտ ըլլայ ան: Այս ուղղութեամբ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը հետեւեալը կը գրէ. «Ո՛չ մէկ բան աղօթքին կը հասնի: Աղօթքը անկարելին՝ կարելի, դժուարը՝ դիւրին եւ ծուռումուռ ճանապարհները շիտակ կը դարձնէ»:

Կը հպարտանանք մեր կարողութիւններով եւ զօրութեամբ, կը յոխորտանք մեր իմաստութեամբ եւ խելամտութեամբ, կը գոռոզանանք մեր ունեցուածքով եւ ունեցած ձեռքբեռումներով ու յաջողութիւններով, այս բոլորն ալ սակայն մեզ դէպի անդունդ, յաւիտենական կորուստ կ՚առաջնորդեն: Եթէ այդքան ուժ եւ կամեցողութիւն ունինք հպարտանալու, յոխորտալու եւ գոռոզանալու, ապա նոյն ուժով ու կամեցողութեամբ Տէր Յիսուսէն խնդրենք, որպէսզի մեզի աղօթել սորվեցնէ, որով Ան մեզի պիտի սորվեցնէ հետեւեալ ձեւով աղօթել.

«Հայր մեր երկնաւոր,
սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ,
թող կատարուի Քու կամքդ,
ինչպէս որ երկինքի մէջ՝
այնպէս ալ երկրի վրայ:
Ամէնօրեայ մեր հացը
այսօր եւս մեզի տուր:
Ներէ՛ մեր յանցանքները,
ինչպէս որ մենք կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են:
Եւ թոյլ մի՛ տար
որ փորձութեան մէջ իյնանք.
այլ մեզ չարէն ազատէ՛:
Որովհետեւ Քուկդ են միշտ
արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն»
(Մտ 6.9-13).

եւ սորվելէ ետք մենք մեր անձերը վարժեցնենք ամէն օր Տէրունական այս աղօթքը գիտակցութեամբ ըսելու, որով նաեւ պիտի սորվինք միշտ եւ անդադար աղօթել Աստուծոյ, զգալ Անոր ներկայութիւնը, վայելել Անոր օրհնութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Ի վերջոյ, բացուող այս եւ յետագային եկող բոլոր տարիները ԱՂՕԹՔԻ տարի հռչակենք, որով անմիջականօրէն ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՐԻ յայտարարած կ՚ըլլանք զանոնք: Մենք մեզ Աստուծոյ խնամքին յանձնենք եւ ո՛չ թէ կենդանիներու եւ այլ բաներու, Աստուծմով սկսինք մեր իւրաքանչիւր օրը, Աստուծմով ապրինք եւ զԱստուած ապրեցնենք մեր կեանքին մէջ, որով մեր պանդխտութեան ժամանակաւոր այս հանգրուանը ապահովութեամբ եւ անվտանգութեամբ պիտի կարենանք անցնիլ հասնելու համար մեր յաւիտենական հանգիստին:

«Խաղաղութիւն ընդ ձեզ ամենեսեան, որ էք ի Քրիստոս Յիսուս, Ամէն» (Ա. Պտ 5.14):

Բարի եւ օրհնեալ Նոր տարի բոլորին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022