ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Ղալաթիոյ յունաց նախակրթարանի երդիքին տակ երէկ յայտարարուեցան «Ընկերային ցանցերն ու փոքրամասնութիւնները» նախագծի արդիւնքները, զոր իրագործածած էր «Քոնտա» ընկերութիւնը։ Նախագծի հեղինակն է Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին յունաց եկեղեցին, որու թաղային խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը կը վարէ Վագըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս։ Երէկուան հաւաքոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայազգի նորընտիր ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան եւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն Նուրհան Փալաքօղլու։
Բացման խօսքը արտասանեց Լաքի Վինկաս, որ նշեց, թէ այսպէսով աւարտած կը նկատեն իրենց նախագծին առաջին բաժինը։ Ան ըսաւ, որ «Ընկերային ցանցեր եւ փոքրամասնութիւն» նախագիծը առհասարակ կ՚ուսումնասիրէ փոքրամասնութեանց կողմէ ընկերային ցանցերու գործածումը։ Փոքրամասնութեանց հասարակութեան հետ ունեցած յարաբերութեան տեսակէտէ անոնց դերը, ինչպէս նաեւ արտայայտման ազատութեան եւ ատելավառ արտայայտութիւններու տեսակէտէ արգելքի մը առկայութեան հաւանական ներկայութիւնը։ Ըստ Վինկասի, աչքի առջեւ ունենալով Եւրոպական միութեան չափանիշները՝ նախագիծը կը նախատեսէ հանդէս գալ առաջարկներով։ Ան իր ելոյթին մէջ քննադատեց նաեւ Գատըգիւղի Ս. Երրորդութիւն յունաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումը։
Ապա ելոյթ ունեցաւ իրաւագէտ Ռիթա Էնտէր, որ նախագծի յղացողներէն մէկն է։ Ան կարեւորեց ընկերային ցանցերու կարեւորութիւնը ու պատմեց նախագծի հիմնական գործունէութիւնը։ Ան նոյնպէս դատապարտեց յունաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումը ու նշեց, թէ յարձակումը ընկերային ցանցերու միջոցով է, որ անմիջապէս տարածուած է, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ անոնց կարեւորութիւնը։
Ապա արտայայտուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ «Քոնտա» ընկերութեան վարիչ Պեքիր Աղըրտըր։ Ան ըսաւ, որ կը կարեւորէ միասնաբար ապրելու մշակոյթը, հետեւաբար սրտանց նեցուկ են նման նախագծի մը իրականացման։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ կը բացակային ժողովրդագրական տեղեկութիւնները, որոնք կարեւոր են ի յայտ բերելու համար զանազանութիւնները։ Աղըրտըր շեշտեց, թէ նոյնիսկ փոքրամասնութեանց թուաքանակը չի գիտցուիր։ Այս տեսակէտէ կատարուած հարցախոյզը ոչ միայն ընկերային ցանցերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, այլ նաեւ՝ ժողովրդագրութեան։ Ան ապա խօսեցաւ իրենց կիրարկած մեթոտին մասին. քանի որ փոքրամասնութեանց վերաբերեալ ազգաբնակչութեան թիւ մը չունին, աւելի բարդ եղած է իրենց աշխատանքը։ Հարցումներ ուղղուած են փոքրամասնութեանց պատկանող 746 անձերու. առցանց եւ դպրոցներու, աղօթատեղիներու եւ զանազան հաւաքներու շրջագծով եւ ըստ ի յայտ եկած արդիւնքին՝ սեռի ու տարիքի առումով նոյնանման արդիւնքներ առնուած են Թուրքիոյ չափանիշներով։ Աղըրտըր ըսաւ, թէ փոքրամասնութեանց ուսման մակարդակը Թուրքիոյ չափանիշներով բարձր է։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 93 տոկոսը կը բնակի Պոլսոյ մէջ եւ անոնցմէ միայն 1.7 առ հարիւր տոկոսն է, որ կ՚աշխատի որպէս պետական պաշտօնեայ։ Կրօնի հետ յարաբերութեան, արդիապաշտութեան ու աւանդական հաւատացեալի ինքնութեան առումով ընդհանուր հասարակութեան մէջ փոքրամասնութիւնները աւելի մօտ կանգնած են արդիապաշտ չափանիշներուն։ Ըստ արդիւնքներուն, մշակոյթն է, որ առաջին տեղը կը գրաւէ ինքզինք արտայայտելու եւ բնորոշելու մէջ։
Ամենաուշագրաւ պատասխանները եկած են կարծիքի արտայայտման ազատութեան եւ ատելավառ արտայայտութիւններու շուրջ։ Ըստ արդիւնքներուն, փոքրամասնութեանց 41 առ հարիւրը ընկերային ցանցերու մէջ արտայայտուելու ժամանակ ինքզինք մտահոգ կը զգայ։ Միայն 19 առ հարիւր տոկոսն է, որ կ՚արտայայտէ ազատօրէն։ Հարցում մը կը վերաբերէր տարբեր ինքնութիւններ ունեցող անձերու իրենց ինքնութիւնը ապրելու առջեւ դրուած արգելքներուն։ Քիւրտերը այս առումով պատասխանած են, թէ օրինական կարգադրութիւններն են այդ արգելքները, իսկ տարբեր հաւատքի տէր փոքրամասնութիւններն ալ որպէս արգելք նկատած են հասարակային ճնշումը։ Հարցախոյզի արդիւնքներն ալ կը հաստատեն այս տեղեկութիւնը։
Պեքիր Աղըրտըր նշեց, թէ միասնաբար ապրելու համար կարեւոր է շփում հաստատելը։ Գաղթը, գործատեղիի մէջ միասնաբար աշխատիլը, նոյն շէնքին մէջ բնակիլը, ժողովներու ընթացքին եղած հանդիպումները առիթներ են, որոնք անձը դուրս կը բերեն «վայրենութենէ» եւ տարբեր ինքնութիւններուն ունեցած զանազանութիւնները պէտք չէ նկատուին որպէս վտանգաւոր հանգամանքներ։ Բանախօսը շեշտեց, թէ պէտք է ժողովրդավարականանայ նախ կրթութիւնը եւ ապա իրաւական համակարգը. անհրաժեշտ է նաեւ նախապաշարումներու վերացումը։
Աղըրտըրէն ետք խօսք առին նաեւ «Պիլկի» համալսարանէն Ուլաշ Քարան, Ալի Քարաքաշ եւ Ճեմրէ Պայթոք։
Զեկոյցը ամբողջութեամբ Յունիս 17-էն սկսեալ պիտի տեղադրուի www.sosyalmedyaveazinliklar.com կայքէջէն։