ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
Նկատի ունենալով որ այսօր Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան օրն է, օրուայ յօդուածս ուզեցի նուիրել իր ամենէն յայտնի գործերէն «Լռութեան», որուն մոլիներէն մէկն ալ ես եմ:
Մինչեւ օրս կը հաւատամ, որ հայ երիտասարդ մը հայ գրականութեան կապելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը Աւետիս Ահարոնեանի «Լռութիւնը» գիրքին ընթերցանութիւնն է, որ հաւատացէ՛ք շատ շատ աւելին կ՚արժէ քան մեր երիտասարդներու «պաշտած» օտար գրական գոհարներն ու պատմուածքները:
Մօտաւոր 7 տարի առաջ Եւրոպայէն բարեկամ մը այցելութեան համար Լիբանան եկաւ։ Առաջարկեցի հիւրանոց երթալու փոխարէն տունս օթեւանել: Երկու օր վերջ գործէն վերադարձիս սկսաւ դժգոհիլ. ես գործի կ՚երթայի եւ ինք տունը առանձին կը զգար, ընելիք ոչ մէկ բան կը գտնէր: Քնանալէ առաջ առաջարկեցի կարդալ Ահարոնեանի «Լռութիւնը». գիտէի, թէ հայ գրականութեան հանդէպ սէր չունէր, սակայն վստահ էի, որ Ահարոնեան պիտի կարենար «գոհացնել» իր հետաքրքրութիւնը: Նոյն գիշեր ժամը 4:00-ն էր արթնցայ եւ անկողնէն դուրս ելայ ջուր խմելու. բարեկամս նստած ախորժակով «Լռութիւնը» կը կարդար: Լուսաբացէն առաջ արդէն իսկ վերջացուցած էր «Լռութիւնը»:
Նոյն օրինակով բազմաթիւ երիտասարդներու նուիրած եմ այդ գիրքը, որոնք սքանչացումով ու հիացմամբ կարդացած են զայն:
***
Ահարոնեանի քնարաշունչ արձակը՝ «Լռութիւնը» վէպէ կամ պատմուածքէ մը աւելի փիլիսոփայութիւն ու հոգեբանական վերլուծութիւն է. երկու հակասական միտքերու ուժգին բախում մը: Այս աշխատութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1904 թուականին, Աւետիք Արասխանեանի կողմէ 1889 թուականին Թիֆլիզի մէջ հիմնուած «Մուրճ» ամսագիրին մէջ, իսկ 1909 թուականին հրատարակուած է որպէս առանձին գիրք, արժանանալով նաեւ բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու:
Ահարոնեանի այս աշխատութիւնը օրին մեծ աղմուկ բարձրացուցած է, որովհետեւ տարբեր էր գոյութիւն ունեցող գրական կարծրատիպէն. ժամանակակից գրողներ շատ անգամ «Լռութիւնը» կը նկատէին «ոչ հայկական», նկատի ունենալով, որ Ահարոնեանի գրութիւնը հայկականէն անդին համաշխարհային գրականութեան մէջ դասուելու արժանի աշխատութիւն մըն է: Այդ օրերուն այս աշխատութեան դէմ արտայայտուած են Տէրեան, Չարենց եւ ուրիշներ, սակայն Ահարոնեան ունեցած է նաեւ իր պաշտպանները, որոնցմէ է Յակոբ Օշական, որ իր «Արեւելահայ դէմքեր» աշխատութեան 101-102 էջերուն մէջ կը գրէ. «Բարձրագոյն արուեստի լաւագոյն գործերուն նման իր վէպերուն յաջողած կտորները ազատ են շրջավայրի, ժամանակի ու նոյնիսկ ցեղային անմիջական ազդեցութիւններէն»:
«Լռութիւնը» փիլիսոփայական բախում մըն է Նկարիչի մը եւ Մարգարիտի միջեւ, որոնցմէ առաջինը կը սիրէ ու կը պաշտէ լռութիւնը, մինչ երկրորդը կը սարսափի լռութենէն, որ միշտ կը պնդէ, թէ «լռութեան մէջ ի՜նչ սարսափելի բաներ կը պատահին»:
Մարգարիտ վէպի մէջ բացայայտօրէն թշնամի է լռութեան, որուն համար իր համոզիչ պատճառները ունի. ան վէպի մէջ խօսելով նկարիչ-բարեկամին հետ կ՚ըսէ. «Այդ լռութիւնը ես կ՚ատեմ, ան հրէշի պէս ծանրացած է աշխարհի վրայ եւ կը խեղդէ՜ աշխարհը: Անհատներ, հասարակութիւններ ու ցեղեր կը մեռնին այդ լռութեան բեռին տակ»: Մինչ նկարիչ-բարեկամը Մարգարիտենց գիւղը կու գար «խուլ մենութեան մէջ մոռնալու, լայնարձակ ու գեղեցիկ բնութեան ծոցին մէջ ազատօրէն ապրելու եւ երազելու» համար:
Ահարոնեանի վէպը փիլիսոփայութիւն է այն իմաստով, որ թէ՛ իրաւացի են նկարիչի լռութիւնը սիրելու պատճառները եւ թէ՛ իրաւացի Մարգարիտի լռութիւնը ատելու պատճառները։ Ահարոնեան վէպի աւարտին ո՛չ մէկ եզրակացութիւն կու տայ լռութեան ինչութեան մասին, այլ կը ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ մը, որ ընթերցանութենէն ետք նոյնիսկ ընթերցողը սկսի երկա՜ր երկա՜ր մտածել ու ընտրել իր կողմը՝ սիրելու եւ կամ ատելու լռութիւնը:
Ես ինքս լռութեան սիրահար եմ՝ ինչպէս նկարիչ-բարեկամը, սակայն նոյնքան կը սարսափիմ լռութենէն ինչքան Մարգարիտ եւ հաւանաբար այդ է որ վէպը՝ «Լռութիւնը» կարդալէս մինչեւ այսօր՝ աւելի քան 12 տարի, տակաւին չեմ կրցած կողմնորոշուիլ, թէ լռութիւնը լա՞ւ բան է թէ վատ:
Չէ՞ որ լռութիւնը խաղաղութեան լաւագոյն նշաններէն է, չէ՞ որ լռութիւնը ոսկի է, չէ՞ որ լռութեան մէջ Աստուած կը խօսի մարդուն, չէ՞ որ լռութիւնը մեծ գաղափարները աւելի յստակ կը դարձնէ եւ կը հասունցնէ զանոնք... սակայն ինչո՞ւ համար աշխարհի մեծագոյն չարիքները՝ սպանութիւնը, գողութիւնն ու աւազակութիւնը լռութեան մէջ կը պատահի. ինչո՞ւ ամենադաժան արցունքները շատ անգամ լռութեան մէջ դուրս կու գան մեր աչքերէն, ինչո՞ւ մարդ ինքնասպանութիւնը լռութեան մէջ կը կատարէ ու առանձնութեան ու լքուածութեան զգացումը լռութեան մէջ ի յայտ կու գայ:
Չե՛մ գիտեր. լա՞ւ բան է լռութիւնը թէ ոչ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
(1866-1948)
Մեր թուականէն 155 տարիներ առաջ՝ 4 յունուար 1866-ին Իգդիրի մէջ ծնած է գրող, արձակագիր, վիպասան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ծնած է 9 յունուարին):
Ահարոնեան իր կրթութիւնը ստացած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1886 թուականին. 1901 թուականին հետեւած է Լոզանի եւ Սորպոնի համալսարաններու գրականութեան դասընթացքներուն: Տաւակին աշակերտական տարիներուն Ահարոնեանի մէջ ի յայտ եկած է ազատատենջ ոգին եւ երիտասարդ տարիքէն սկսած է հայկական հարցը ներկայացնել օտարներուն: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է աշխատակցիլ «Մուրճ» ամսագիրին եւ «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերուն, միաժամանակ վարելով ուսուցչութեան պաշտօն Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցէն ներս, որուն տնօրէնը եղած է 1907-1909 թուականներուն: Ահարոնեան 1917 թուականին ընտրուած է Հայոց ազգային խորհրդարանի նախագահ, 1919 թուականին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ ապա նոյն խորհրդարանի նախագահ: Որպէս քաղաքական գործիչ Ահարոնեան 1920 թուականին ստորագրած է Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը, մասնակցած է Լոնտոնի եւ Լոզանի խորհրդաժողովներուն, որոնց մասին գրած է իր «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան» աշխատութեան մէջ:
Ահարոնեանի առաջին գիրքը՝ «Հռօ կինը» լոյս տեսած է 1897 թուականին Թիֆլիզի մէջ, որուն յաջորդած են «Ազատութեան ճանապարհին»ը (1901), «Խեղճերը» (1902), «Մրրիկի սուրբը» (1903), «Արազը» (1904) եւ այլ աշխատութիւններ, որոնցմէ շատեր թարգմանուած են նաեւ օտար լեզուներու:
Մինչեւ օրս դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ Ահարոնեանի գործերը կ՚ընթերցուին եւ կարեւոր կը նկատուին ապագայ սերունդի դաստիարակման սրբազան գործին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ