Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ղազախիստանի ներքին քաղաքական թէժ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ խօսեցան անոնք՝ մանաւանդ, որ ՀԱՊԿ որոշած է զօրք ուղարկել այնտեղ, իսկ Հայաստան ներկայիս այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։
Յամենայդէպս, Փաշինեան-Փութին զրոյցին շուրջ Երեւանի եւ Մոսկուայի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հրապարակումներուն մէջ նկատուեցան հակասութիւններ։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն հաղորդումներէն վերջ Քրեմլինէն կատարուած ճշգրտումները հերքումի եզրին հասան։
Շաբաթ, Յունուար 8, 2022