ՏԱՆԻԼ ՍԵՓԱԿԱՆ ԽԱՉԸ…

Յաճախ կ՚ըսուի, որ պատմութիւնը կրկնութիւն է. հապա կեանքը՞... Իւրաքանչիւր մարդ, խորքին մէջ, ունի իր պատմութիւնը եւ իւրաքանչիւրը կրկնութիւն չէ՞ միթէ. ունի սկիզբ ու վախճան... Միապաղա՞ղ... Մահկանացուին տրուած ժամանակը անսահմանափակ չէ։

Գալով կրկնութիւններուն, որոնց շարքին ոմանք կը դասեն նաեւ տօները՝ պնդելով, որ արհեստական ու նոյնիսկ խաբուսիկ առիթներ են անոնք։ Հապա միայն անո՞նք... Շնչելը կրկնութիւն չէ՞ կամ արեան կենարար շրջանը։ Կրնաս հարցը տանիլ կէտի մը, ուր մտածելն ալ կրկնութիւն դասուելու եզրին կը հասնի։ Իսկ ո՞ւր կը մնան մարդկային ստեղծագործութիւնն ու երեւակայութիւնը, եթէ կեանքի բնական հոլովոյթը լոկ ամուլ կրկնութիւն մը համարես, դարձ ի շրջանս իւր, եթէ չյաջողիս անոր վրայ պատուհաններ բանալ՝ դիտելու համար ընթացքը եւ վերանորոգ հասունութեամբ ներթափանցելու անոր խորհուրդին, իմաստին։ Կեանքի ձգողականութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ՞ եռանդին հետ, որ ծնունդ կ՚առնէ անոր կախարդանքին ատեն-ատեն տարուելէ։ Տօները այդ պահերէն չե՞ն։ Սա գլուխը աւազին մէջ թաղե՞լ է, թէ ոչ միասին ըլլալու, բաժնելու գերագոյն հաճոյքէն օգտուելու եզակի հնարաւորութիւն։ Հաշուեկշիռը կը մնայ իւրաքանչիւրին։

Կեանքի մէջ բոլորին վերապահուած է կրել սեփական խաչը։ Որքա՛ն պատուով, որքա՛ն հպարտ ու որքա՛ն բաց ճակատով կը կրես խաչդ... Սա է բուն հարցը... Թէ ինչպէ՞ս կը տանիս խաչդ... Եթէ կարողանաս էութեանդ մէջ ճի՛շդ ու մանաւանդ՝ ազնիւ պատասխանել այս հարցումին, ապա կրկնութիւններէ եւ միապաղաղութիւններէ գանգատելով՝ սահմանափակ ժամանակդ դժոխքի վերածելէ կրնաս փրկուիլ։ Քրիստոնեաներն ալ միշտ հետամուտ չե՞ն փրկութեան խորհուրդին, որ եկեղեցւոյ վարդապետութեան առանցքներէն է։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022