ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ ԿԱՄ՝ ՁՄԵՌ ՊԱՊԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերու արձակուրդէն վերջ այսօր կը վերաբացուին մեր վարժարանները։ Այս փուլին կը հրատարակենք սփիւռքահայ վաստակեալ կրթական մշակ Զարմինէ Պօղոսեանի գրութիւնը, որու մէջ միահիւսուած են թէ՛ տօնական խորհուրդը եւ թէ հայ դպրոցի առաքելութեան նշանակութիւնը։

*

Հեռատեսիլի հայերէն հաղորդումներու կարօտ շատ յաճախ կը փորձենք հոսկէ հոնկէ յայտագիրներ գտնել, որպէսզի քիչ մը մեզ լիցքաւորէ, մեր առօրեայի տաղտուկներէն, չեմ ըսեր մոռցնել տալու համար, այլ՝ քիչ թէ շատ շեղելու մեզ՝ մանաւանդ այս անվերջ համավարակի լուրերէն։ Այնպէս որ օրուայ մէջ քիչ մը «Եութուպ», քիչ մը երաժշտական հոլովակներ՝ այս կամ այն երգիչէն ունկնդրելով, համավարակին պարտադրած մեր առանձնացած առօրեայէն խուսափելով՝ մեր օրը երանգաւորել կը փորձենք։

Սովորական հեռատեսիլի անհաշիւ մեր կայաններէն հայերէն լեզուով միայն

«Հ-1»ը ունինք։ Ի մէջ այլոց՝ իմ սիրած հաղորդումներէս մին է «1000 ու մէկ հարց» հաղորդաշարը՝ որ մեծ հաճոյքով կը դիտեմ եւ չեմ սիրեր խանգարուիլ այդ պահուն։

Օրուան հիւրերը ընդհանրապէս զանազան մարզի արուեստագէտներ են, իսկ հարցում տեղացնողները՝ երկսեռ պատանիներ։ Իւրաքանչիւր հաղորդումին մէկ հիւր նստած կ՚ըլլայ կեդրոնը եւ շուրջ բոլորը նստարաններու վրայ բոլորաձեւ կը շարուին պատանի դպրոցականները։ Կը հիանամ մեր հայրենի դպրոցականներուն պատրաստած հարցումներուն՝ մանաւանդ համարձակութեան հետ իրենք-զիրենք ներկայացուցած ձեւին։

Դեկտեմբեր 2021-ի վերջին օրերուն էր, նոր տարիէն մի քանի օր առաջ թերեւս, այդ օրուայ հիւրը Ձմեռ պապիկն էր։ Շատ ճոխ ու գեղեցիկ սովորական կարմիր տարազով եւ դէմքը ծածկող փառահեղ սպիտակ-ճեփճերմակ մօրուքով, ակնոցին ետին պլպլացող գուրգուրոտ նայուածքով Ձմեռ պապիկ մըն էր։

Շատ ճանչցած արդէն ներկաներէն շատերը գուշակեր էին այդ օրուայ հաղորդումին հիւրը, Հայրենի տաղանդաւոր դերասան՝ Լեւոն Յարութիւնեանն էր, Կաղանդ պապա-Ձմեռ Պապիկի դերով։

Շատ խելացի հարցումներ կային ուղղուած։ Շատեր դերասանին ձայնէն եւ աչքերէն հետեւցուցած էին արդէն, թէ ո՛վ էր իսկապէս օրուան հիւրը կաղանդ պապուկի տարազին մէջ։ Յամենայնդէպս, հարցումներու տեղատարափը երկար էր, շատ անգամ անձնական կամ ընդհանուր։ Օրինակ՝ հարցերէն մին էր, թէ Ձմեռ պապին սահնակ վարելու վկայական պէ՞տք է ունենայ կամ ունի՞. եւ իր չուշացող պատասխանը կար անշուշտ, թէ ինք սահնակը վարելու պէտք չունի, ատիկա եղնիկներուն պարտականութիւնն է․․․

Ինծի համար ամենէն հետաքրքրական հարցը ներկայ պատանիներէն մէկուն հարցումն էր.

-Կաղանդ պապա եթէ մէկը քեզի նամակ գրած է եւ շատ տառասխալներ ունի,  բառարան կը նուիրե՞ս իրեն…

Կաղանդ Պապուկին պատասխանը բառացիօրէն դժուար թէ կարենամ կրկնել հոս, սակայն շատ տպաւորուած էի իր անմիջական պատասխանէն. «Միայն բառարանով մարդ լեզու դժուար թէ կարենայ սորվիլ, հետը աշխատող ուսուցչուհի-դպրոց է պէտք…»։

Իսկ ես պիտի աւելցնէի՝ գիտակից հետապնդող ծնողք է պէտք․․․

Բառարան բառը, կամ ամէն անգամ որ բառարան մը ձեռքս առնեմ բառ մը ստուգելու, զիս միշտ հեռու մի քանի տասնամեակ ետ կը տանի։

Հաւանաբար իմ նիւթէն շեղիլս եւ միւս հարցումներուն այնքան ալ ուշադրութիւն չդարձնելս անոր համար էր դարձեալ։ Անմիջապէս մտքով ետ գացեր էի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) դպրոցական առօրեային։

Նիւ Եորքի միակ ամէնօրեան ՍՆԱՎ-ը պետականօրէն արձանագրուած է Նիւ Եորք նահանգի Կրթական նախարարութեան մօտ՝ որպէս «ոչ կրօնական, ոչ կուսակցական» վարժարան։ Այնպէս որ պարտաւոր էինք ընդունելու ամէն տեսակ կրօնական թէ ցեղային պատկանելիութեան հաւատարիմ ընտանիքներու զաւակներն ալ, եթէ դիմէին մեզի։ 

Մեր միակ կարելի լուսաբանութիւնը, որ կրնայինք տալ ծնողներուն որպէս անկախ վարժարան, հետեւեալն էր. «Հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը պարտադիր է եւ մաս կը կազմէ ՍՆԱՎ-ի ուսումնական ծրագրին, ինչպէս նաեւ տարին գոնէ երկու անգամ Հայց․ եկեղեցի յաճախել՝ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու»։

Այս վերջինը պարտադիր չէր, կրնային չմասնակցիլ եւ հիւրաբար եկեղեցւոյ մէջ նստիլ ու հետեւիլ արարողութեան իրենց դասընկերներուն հետ, եթէ ծնողքը արտօնութիւն տար։ Տարիներու ընթացքին եկան ու գացին զանազան ազգերու պատկանելիութիւն ունեցող ընտանիքներ, մեծ մասամբ արձանագրուելով առաջին երկու փոքր դասարաններուն Հայ պարտէզ (3-4 տարեկաններու համար) եւ Մանկապարտէզ (5 տարեկաններու համար)։

1990-ականներուն էր, երբ ընտանիք մը եկաւ Պրիթիշ Կայանայի եւ քոլոպիացիի խառնուրդ, իրենց զաւկին արձանագրութեան։ Նախորդներուն նման կը խորհէինք, որ երկու տարիէն պիտի ձգէին եւ ուրիշ տեղական վարժարան պիտի տանէին իրենց դուստրը, որովհետեւ գիտէինք, թէ իրենց միւս զաւակը ուրիշ տեղական կաթողիկէ վարժարան կը յաճախէր։

Ի զարմանք բոլորիս, այս աղջնակը յամառօրէն տարուէ տարի կրցաւ համոզել իր ընտանիքը, որ դպրոց փոխել չէր ուզեր եւ ՍՆԱՎ-ի վեցերորդէն պիտի վկայւէր։

«Ո՜վ գիտէ, թերեւս օր մը Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Հայաստանի դեսպան կրնամ ըլլալ եւ սորված հայերէնս շատ պէտք կ՚ըլլայ ինծի»․․․ ըսած էր ծնողքին ալ, ինծի ալ․․․ ապագայի վառ երազներ ունեցող այս աղջնակը։

Մինչեւ երրորդ դասարան բաւական լաւ ընտելացաւ եւ հետեւեցաւ հայերէն դասընթացքներուն։ Ըստ մօր խոստովանութեան՝ նոյնիսկ ամէն ընթրիքէն առաջ կ՚արտասանէր հայերէն «Ճաշակեսցուք»ը, որմէ բառ մը իսկ չէին հասկնար ընտանիքին մնացեալ անդամները։ Եւ իսկապէս մինչեւ վեցերորդ դասարան շարունակեց մնալ, աւարտական հանդէսին ալ հայերէն լեզուով իր բաժինը արտասանեց՝ իր դասընկերներուն հետ ալ «Մեր Հայրենիք» երգելով։

Հայրը բժշկական ուսանող էր առանց եկամուտի, իսկ մայրը շատ լաւ ամսականով հեռատեսիլի կայանի մը գրասենեակէն ներս լաւ պաշտօն ունէր, կը հասնէր ընտանիքին բոլոր ծախսերուն։

Տարի մը նիւթական նեղ կացութեան մատնուած ըլլալուն, մայրը խորհրդապահաբար տեղեկացուցած էր ինծի, որ օրը օրին պիտի չկարենայ վճարել կրթաթոշակի ամսականները, բայց անպայման միչեւ տարեվերջ պիտի կարենար փակել իր հաշիւը։

Այս խօսակցութենէն հազիւ շաբաթ մը վերջ էր, երբ ներկայացաւ դպրոց, օրուայ բարի լոյսէն վերջ ինծի երկարեց ստորագրուած փողգիր մը։ Հարցական կեցուածքիս անմիջապէս պատասխանեց․

-Գիտեմ․․․ մի՛ զարմանաք․․․ ասիկա կրթաթոշակի հաշւոյն չէ․․․ խնդրեմ ինծի հայերէն-անգլերէն բառարան մը գտէք, որպէսզի աղջկանս հայերէն դասերուն կարենամ օգնել․․․ կարդացածը հասկնամ․․․ չեմ գիտեր ո՞ւր կը ծախուի եւ քանի կ՚արժէ, կը խնդրեմ, դուք գնեցէք եւ լեցուցէք պէտք եղած գումարը․․․

Ահաւասիկ պարտաճանաչ ու հոգատար մայր մը։ Հայու արեան կաթիլ մը իսկ իր երակներուն մէջ չունեցող այս մայրը իր զաւկին հայերէն դասերուն հետեւելու համար հայերէն-անգլերէն բառարան կ՚ուզէր ունենալ իր տան մէջ…

Կաղանդ պապան այս օրերուն որքա՜ն գործ ունի կատարելիք․․․ այդ բառարանը քանի՜ հասցէներու հասցնէ, որպէսզի տառասխալներով վխտացող մեր գրութիւններուն աւելիով կարենանք ուշադիր դառնալ։

Իսկ Ձմեռ պապիկ-Կաղանդ պապա Լեւոն Յարութիւնեանին խորհուրդը որքան տեղին է․․․ թէ միայն բառարանով կարելի՞ է լեզու սորվիլ ու ճիշդ գրել․․․

Դպրոցներ, պատրաստուած ուսուցիչներ եւ հետապնդող ծնողներ են պէտք հայօրէ՛ն զարգացած սերունդներ դաստիարակելու, ոչ միայն տառասխալներ սրբագրելու այլ՝ մեր ոսկեղնիկ լեզուն ճիշդ, մաքուր ու զուլալ խօսելու, գրելու եւ պահպանելու համար։

Յուսատու եւ լուսառատ 2022-ի մաղթանքով՝

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ֆիլատելֆիա, 7 յունուար 2022

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022