ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

Մինչեւ այս գրուածի ընթերցողի սեղանին հասնիլը չի բացառուիր, որ շաբաթ մը առաջ (նոր տարուան առաջին օրերուն) Ղազախիստանի իրադարձութիւնները պարզեն բաւական տրամաթիք պատկեր մը։ Ճիշդ է, որ երկրի իշխանութիւնները՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի, որ կը համարուի երկար տարիներ երկիրը ղեկավարած Նուրսուլթան Նազարպայեւի «հնազանդ» փոխարինողը, ամէն կերպով կը փորձեն իր սաղմին մէջ «խեղդել» «զարթօնք» ապրող բողոքի ալիքը։ Միւս կողմէ, սակայն, չի բացառուիր, որ բռնաճնշումներուն դէմ բողոքի ալիքը աւելիով սաստկանայ եւ բողոքարարները, որոնցմէ աւելի քան 3 հազարը ցարդ ձերբակալուած է, ամէն բան աչք առնելով՝ երկիրը նետեն քաղաքացիական պատերազմի մեծ վիհին մէջ։

Վերջին տասն տարիներուն զանազան երկիրներու (յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով) մէջ մեծ զարգացումներու պատճառ դարձած բողոքի ալիքները ունին երեւելի եւ «աներեւոյթ» պատճառներ։ Ու հեռու մնալով դաւադրական տեսութիւններու մէջ «ընկղմելու» վտանգներէն՝ հարկ է բացայայտօրէն նկատել, որ յենլով «երեւելի» եւ փաստացի տուեալներու վրայ՝ կարելի է ըսել, որ փողոցները լեցնող եւ երկիրը քաոսի սեմին հասցնող բողոքի գործողութիւններուն հիմքը կեանքի սղաճն է։

Նոյնը կը կատարուի այսօր Ղազախիստանի մէջ, որ Միջին Ասիոյ նաւթի եւ կազի մեծ պաշարներով երկիր մըն է, որուն պետական պիւտճէի 55 տոկոսը կը գոյանայ նաւթի եկամուտներէն։ Հետեւաբար, Ալմա-Աթայի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած եւ մասնաւորապէս՝ վառելանիւթի սակագիներու յաւելումները պատճառ դարձան, որ սկիզբին տասնեակ ու յետոյ հարիւրաւոր ղազախիստանցիներ փողոց իջնեն եւ յաճախ բռնի ուժի դիմելով՝ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կառավարական շէնքեր (որոնց կարգին վարչական կեդրոններ, կամ մամլոյ կառոյցներ) իրենց տիրապետութեան տակ առնեն։

Երկրի նախագահը, որ մեծ հաշուով անակնկալի եկած էր դէպքերու մագլցումով, փողոցը հանդարտեցնելու նպատակով կը յայտարարէր կառավարութեան հրաժարումը։ Ան կը նշէր, որ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ երկիրը խաղաղ ափ հասցնելու, նաեւ սահմանադրութիւնը գործադրելու համար։ Սակայն, Թոքայեւի յայտարարութիւնը ոչինչ կը փոխէր «ամբոխի տրամաբանութենէն»։ Դարձեալ հազարաւոր բողոքարարներ կը լեցնէին Ալմա-Աթայի հրապարակները եւ մասնաւորապէս՝ Հանրապետութեան հրապարակը։ Բողոքի հաւաքները կը վերածուէին մեծ բախումներու ու խռոված ցուցարաները կը սպաննէին իրաւապահ տասնեակ ոստիկաններ։ Կը գրաւուէին մայրաքաղաքի լրատուական կարգ մը կէտերը, իսկ Ղազախիստանէն հասնող լրատուութիւնը կը դառնար շատ աղօտ եւ սակաւ։ Այս բոլորէն ետք նախագահ Թոքայեւ կոչ մը կը հրապարակէր՝ պահանջելով ՀԱՊԿ-ի երկիրներու շօշափելի նեցուկը։

Այդ կոչէն ընդամէնը երկու ժամ անց, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս շրջանին կը վարէ ՀԱՊԿ-ի երկիրներու խորհուրդի նախագահութիւնը, կը յայտարարէր, որ «թէժ գիծ»ով խորհրդակցութիւններ կը կատարուին անդամ միւս երկիրներուն հետ։ Աւելի վերջ ալ կը նշէր, որ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժեր պիտի ուղարկուին Ղազախիստան՝ պահպանելու համար երկրի կառավարական կառոյցները։

Դէպքերու ընդհանուր շարադրութիւնը այս է։ Այս նիւթը գրելու պահուն արդէն իսկ յստակ սկսած է դառնալ, որ Ալմա-Աթա հասած է առաջին խումբը խաղաղապահներու, որոնց շարքին է Հայաստանի Հանրապետութենէն հարիւր խաղաղարար։

Ի դէպ, ՀԱՊԿ-ին դիմելու զուգահեռ, նախագահ Թոքայեւ կը յայտարարէր. «Մենք ստիպուած էինք դիմել ՀԱՊԿ-ին, որովհետեւ այն մարդիկ, որոնք փողոց իջած են, կ՚ուզեն ամէն գնով աւերածութիւններ կատարել եւ նոյնիսկ քանդել մեր երկիրը»։ Ան աւելի վաղ յայտարարած էր արտակարգ դրութեան հաստատման մասին ու պահ մը անց ալ ուժայինններուն ուղղելով իր խօսքը՝ դիտել կու տար, որ զսպելու համար առկայ վիճակը անոնք լիազօրուած են առանց թոյլտուութեան կրակ բանալ բոլոր անոնց վրայ, որոնք խառնակչութիւն կը կատարեն երկրին մէջ։ Ինչ կը վերաբերի գետնի վրայ տիրող առկայ վիճակին, ապա պարզ կը դառնայ, որ ստեղծուած դրութիւնը տակաւին պիտի շարունակուի ու բոլոր այն վարկածները, ըստ որոնց, այս դէպքերը որոշ «նախապատրաստութեան» մը հետեւանք են, անզէն աչքերով պիտի սկսին երեւելի դառնալ։

ՄԵԾ ՀԱՐՈՒԱԾ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻՆ

Յեղափոխութիւնները, ինչ տեսակի ալ ըլլան, մերժելի են Քրեմլինի ղեկավարութեան եւ յատկապէս՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար։ Փութին, որ այդ մասին խօսած է քանիցս, ունի խորքային մտավախութիւններ, թէ Ռուսաստանը շրջապատող երկիրներուն մէջ ընթացք առած որեւէ շարժում կրնայ ունենալ վարակիչ բնոյթ ու հասնիլ մինչեւ Մոսկուա։ Նոյն մտախոհութեամբ էր, որ Ռուսաստան հետեւացաւ 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք աւելի վերջ ալ յայտնի դարձան այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուանումով։

Իրաւացի՞ է Փութինի մտավախութիւնը, այո՛, իրաւացի է ո՛չ միայն արեւմտեան հունտերով դէպքերուն պատճառով, այլեւ այն հիմունքով, որ Հայաստանէն սկսեալ, մինչեւ Խրղըզիստան, Տաճիկիստան եւ այսօր յատկապէս՝ Ղազախիստան (նաեւ այլ երկիրներ), մաս կը կազմեն Փութինի արտաքին քաղաքականութեան «ողնուծուծ»ը համարուող Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան՝ ԵԱՏՄ-ին։ Տնտեսական դրոյթներով ի մի բերուած եւ բացառապէս Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան դրօշակիրը համարուող այդ մարմինը ներկայիս ծանր օրեր կ՚ապրի։

Անանտեսելի է, որ այս դէպքերը տեղի կ՚ունենան, երբ Մոսկուա մեծ ճիգեր կը գործադրէ կերպով մը իրմէ հեռու պահելու համար Արեւմուտքի կողմէ՝ յատկապէս Ուքրայնայի պատուհանէն Ռուսաստանը «պաշարման» ենթարկելու փորձերը։ Եւ այստեղ ո՛չ միայն Մոսկուայի, այլեւ Արեւմուտքի մօտեցումներուն հանդէպ մեծ կասկածներ ունեցող եւ «չէզոք» կարգավիճակով ներկայացող տէրութիւնները շատ լաւ կը գիտակցին, թէ Ուքրայնան Ռուսաստանի դէմ ամէն գնով լարելու, նաեւ տարակարծութիւնները աւելիով խորացնելու միտումները ունին մէկ նպատակ. «պաշարել» Ռուսաստանը եւ այդ պաշարումով ալ անկէ պահանջել մեծ զիջումներ մասնաւորապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներուն վերաբերեալ։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն Ուքրայնայի նիւթով վերջին շաբաթներուն բաւականին մեծ լարումներ եղան եւ ամբողջ աշխարհը ակնբախ հետեւացաւ այդ իրադարձութիւններուն՝ ունենալով մեծ մտավախութիւններ ռազմական ծանրակշիռ զարգացումներու կամ նոյնիսկ համընդհանուր պատերազմի մը համար։ Եթէ հաշուի առնենք վերոյիշեալ փաստերը, ապա պարզ կը դառնայ, որ Ղազախիստանի դէպքերը կը համարուին «միջնորդաւորուած» պատերազմ մը՝ մէկ կողմէ Ռուսաստանի, իսկ միւս կողմէ արեւմտեան պլոքի ու մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ։

Հիմա շատեր հարց կրնան տալ. ԱՄՆ ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ Ղազախիստանի մէջ խառնակչութենէ, թէժ զարգացումներէ կամ նոյնիսկ ներքին երկարատեւ արիւնահոսութենէ։ Պատասխանը շատ պարզ է ու մէկին. այդ ձեւով Արեւմուտքը կերպով մը վերջ կու տայ ԵԱՏՄ-ին՝ որպէս մէկ եւ կուռ մարմին, որ ունէր քաղաքական ենթախորք, այդպէսով ալ Ռուսաստանը մատնելով աւելի մեծ կղզիացման, ու այդ բոլորին փոխարէն պահանջել մեծ զիջումներ՝ Ուքրայնայի, Կովկասի, Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Լիպիոյ պարագային։

Ի վերջոյ, հասկնալի է արդէն, որ Ռուսաստան ամէն գնով պիտի «պատերազմի»՝ Ղազախիստանի մէջ պահպանելու համար իր ներկայութիւնը, որ մինչեւ այս դէպքերուն սկիզբը սոսկ քաղաքական ենթաթեքստ ունէր, իսկ այսօր արդէն ունի ռազմական-զինուորական մեծ նշականութիւն, որուն գլխաւոր ձեռքերը դարձեալ Ռուսաստանէն են, իսկ գործիքակազմը՝ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր մարմինն է, որուն մէջ ալ կայ մեր փոքրիկ Հայաստանը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստան անմասն պիտի չմնար Ղազախիստանի դէպքերէն։ Անոր հետ ունի որոշ «գործընկերութիւն» մը՝ կապուած ԵԱՏՄ-ին, կամ երկու երկիրները ունին «Խորհրդային եղբայրութեան» մը անցեալը։ Անմասն պիտի չմնար, որովհետեւ այսօրուան կտրուածքով Ռուսաստան կարիքն ունի Հայաստանին՝ որպէս «բանբեր» եւ «գաղափարական համախոհ»։ Այդ «սրտացաւութիւն»ը, որուն համար մեծ քննադատութիւններու թիրախ կը դառնար Նիկոլ Փաշինեան, ակներեւ էր Ալմա-Աթայի մէջ ծագած դէպքերէն անմիջապէս ետք։ Նախ յայտարարութեան ձեւաչափով զօրակցութիւն նախագահ Թոքայեւի իշխանութիւններուն, ապա ՀԱՊԿ-ի շրջանակով դէպի Ղազախիստան հայ խաղաղապահներ ուղարկելու քայլ։ Այս բոլորը, անշուշտ, «հալած իւղ»ի պէս պիտի չընդունուէին Հայաստանի լայն հասարակութեան կողմէ, սակայն, ինչպէս բոլոր օրակարգերու պարագային, այս զարգացումներուն առընթեր ալ Փաշինեան կը գործէ եւ կը շարժի բացառապէս մէկ նպատակով՝ «ամուր պահել» իր իշխանական աթոռը։ Սակայն, միով բանիւ երեւելի կը դառնայ, որ մօտիկ անցեալին (ընդամէնը՝ 4 տարի առաջ) ԵԱՏՄ-ն ծաղրի ենթարկած, ՀԱՊԿ-ի գոյութիւնը ծանր կասկածներու «մատնած» Փաշինեան՝ այսօր կը գործէ «պապէն աւելի պապական» ըլլալու տրամաբանութեամբ։ Ան նոյնիսկ կ՚անտեսէ այն յոյժ կարեւոր փաստը, որ կապուած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմին, կամ նոյնիսկ՝ անցեալ տարուան հոկտեմբերի իրադարձութիւններուն հետ, երբ նոյն «խաղաղապահ» ՀԱՊԿ-ը ոչ մէկ ծպտուն հանեց եւ ընդամէնը (ինչպէս միշտ) գոհացաւ դատապարտական յայտարարութիւններով։ Վիճակը այնքան եպերելի էր, որ Հայաստանի առաջին կարգի պաշտօնեաներ «խաղ»ը շրջելու իրենց փորձերուն մէջ յստակօրէն չըսին, թէ իրենք պաշտօնապէս դիմած են ՀԱՊԿ-ի օգնութեան՝ այդպիսով Ռուսաստանն ու անոր արբանեակները «փրկելով» ամէն տեսակի նեղ կացութենէ։

Այսօր, ուրեմն, դրութիւնը բոլորովին այլ է ու արար-աշխարհի աչքերուն առջեւ Հայաստան հանդէս կու գայ ոչ միայն որպէս Ռուսաստանի շահերը պահպանող կողմ, այլ աւելին՝ կը փութայ օգնութեան երկրի մը, որուն ժողովուրդին այսպէս կոչուած «հայր»ը՝ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ոչ հեռու անցեալին եւ քանիցս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ ունեցած էր ոչ-հայանպաստ (սա մեղմ ըսած) կեցուածքներ ու տեսակէտներ։

Թէ ի՞նչ պիտի ստանայ Հայաստան այս բոլորին դիմաց, տակաւին այդքան պարզ չէ։ Միայն թէ աւելի քան յստակ է, որ Փաշինեան այս քայլերով աւելիով կը զօրացնէ իր դիրքերը եւ կ՚ամրապնդէ երկար ժամանակէ ի վեր իմաստազրկուած եւ անոպայ աթոռը։

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022