ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԽՕՍԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Հարկ է նշել, որ տարեմուտի դրութեամբ Լեհաստան դարձած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։ Այս առթիւ հայկական կողմը վստահեցուց, թէ հնարաւորինս կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ ջանքերուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Ռաու անդրադարձան նաեւ Ղազախիստանի իրադարձութիւններուն։ Ներկայիս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) խաղաղարար ուժեր ուղարկած է Ղազախիստան, իսկ Հայաստան կը հանդիսանայ այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրը։ Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Ղազախիստանի պաշտօնական դիմումի հիման վրայ՝ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ պայմանագրի տրամադրութիւններով, ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան, նաեւ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ գործունէութեան մասին համաձայնագրի հիմքով՝ կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը որոշած է սահմանափակ ժամկէտով խաղաղապահներ ուղարկել Ղազախիստան՝ ռազմավարական նշանակութիւնով կարեւոր կառոյցներու պաշտպանութեան համար։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ Միրզոյեան ընդգծեց Լեհաստանի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիր, աջակցութեան նշանակութիւնը համանախագահութեան ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման՝ յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ։

Զրուցակից նախարարները անդրադարձան նաեւ հրատապ մարդասիրական հարցերու լուծման հեռանկարներուն՝ մասնաւորապէս հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022