ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԵՒ ՃԷՅՔ ՍԱԼԸՎԸՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ
Այս շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը։ 14 յունուարին ծրագրուած առաջին ժամադրութեան ընդառաջ, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ միջազգային դերակատարներու ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի մօտալուտ բանակցութիւններուն վրայ։ Զուգահեռաբար դիւանագիտական երթեւեկն ալ աշխուժացած է։ Այս համատեսքին մէջ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվըն։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները եւ այլ զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին պաշտպանական ոլորտէ ներս համագործակցութեան զարգացման։
Իպրահիմ Քալըն եւ Ճէյք Սալըվըն կարծիքներ փոխանակեցին համաշխարհային ու տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք առանձնապէս շօշափեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Ընդհանուր արժեւորման զուգահեռ անոնք գնահատեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մշտական խաղաղութեան հաստատման ապահովելիք ներդրումը տարածաշրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման ի նպաստ։
Բաց աստի, Քալըն եւ Սալըվըն կանգ առին Ուքրայնայի տագնապին, Ղազախիստանի կացութեան, Աֆղանիստանի, Եթովպիոյ եւ Պոսնա Հերսեքի իրադրութիւններուն վրայ։
Քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնեցուած համատեղ ռազմավարական դրութեան մանրամասնութիւններն ու պատկան նիւթերը։