ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ՝ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ
Հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահի կեանքին պատմութիւնը՝ «Ճօ Պայտըն. Կեանքը, գործը եւ ամենակարեւորը» խորագրով գիրքը, որուն հեղինակը ծանօթ լրագրող Էվըն Օզնոսն է:
Հետաքրքրական մանրամասնութիւններով լեցուն այս գիրքին մէջ ընթերցողը կը ծանօթանայ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ ամենատարեց նախագահին կեանքին, թէ ինչպէս յիսուն տարի շարունակ կերտած քաղաքական կայուն յառաջընթացէն ետք ան հասաւ Սպիտակ տուն։ Այսօր Սպիտակ տունէն ժպտացող նախագահը սակայն, ինչպէս կը յայտնաբերենք գիրքին մէջ, այդ աթոռին հասած է անձնական ծանր կորուստներով, հիասթափութիւններով եւ քալած՝ տառապալից ճանապարհէ մը:
Ընթերցողը այս գիրքին մէջ կը տեսնէ ուրիշ Պայտըն մը, որ թէ՛ թերութիւններ ունի եւ թէ՛ լի է վճռականութեամբ: Մանաւանդ վճռականութեամբ, որ ան գործի կը դնէ իր հայրենի երկրի շէնացման եւ ա՛լ աւելի ամրացման մէջ: Ի զուր չէ, որ զայն կ՚անուանեն պառակտուած Ամերիկան միաւորող առաջնորդ:
Ամերիկացի լրագրող եւ գիրքերու հեղինակ Էվըն Օզնոս իր այս գիրքը կազմած է «The New Yorker» ամսագրին մէջ 2011-2020 թուականներուն լոյս տեսած յօդուածներուն հիման վրայ։ Ինք գործի բերումով կարգ մը հարցազրոյցներ կատարած է Պայտընին հետ, երբ ան տակաւին նախագահ չէր: Իր հարցազրոյցներէն զատ Օզնոս օգտուած է բազմաթիւ հետազօտողներու եւ լրագրողներու աշխատանքներէն, որոնք վաւերագրած են նախագահին գործը, վերելքները այդ գործին մէջ եւ ի վերջոյ անձնական կեանքին մէջ ունեցած դժուարութիւնները, նոյնիսկ ողբերգութիւնները:
Օզնոս հարցազրոյցներ կատարած է նաեւ ԱՄՆ-ի պաշտօնաթող նախագահներու, ներկայ ու նախկին ծերակուտականներու հետ: Գիրքին մէջ ներգրաւած է կարծիքներ, վերլուծութիւններ, աղբիւրներ, որոնք մինչեւ գիրքին լոյս ընծայումը անյայտ էին: Հեղինակը սերտօրէն հաղորդակցած է Պայտընի ընտանիքի անդամներուն հետ։ Անոր զրուցակիցները եղած են նախագահ Պարաք Օպաման, Քորի Պուքերը, Էմի Քլոպուշարը, Փիթ Պութիկիեկը, բազում հասարակական գործիչներ, խորհրդականներ, ընդդիմադիրներ՝ աւելի քանի հարիւր մարդ։
200 էջնոց գիրքը ամփոփ, բայց նաեւ մանրամասն կենսագրական է՝ համեմուած գեղարուեստական նկարագրութիւններով եւ հիւմորով: Յատկանշական է, երբ Պայտըն շատ երիտասարդ էր, անոր ընկերուհիին, աւելի ուշ առաջին կնոջ՝ Նէյլիա Հանթերին մայրը հարցուցած է, թէ ի՞նչ մասնագիտական նպատակներ ունի, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ան պատասխանած է. «Նախագահ: Միացեալ Նահանգներու»։ Ատիկա եղած է անոր ամբողջ կեանքին նպատակը, եւ ան երբեք թաքցնելու մտադրութիւն ալ չէ ունեցած:
2020 թուականին, երբ մտած էր ընտրարշաւի մէջ, քաղաքական մարտերու յառաջամարտիկի համբաւ ունէր եւ այդ համբաւը այնքան ալ իր օգտին չէր: Երկար ժամանակ պայքարի մէջ ըլլալուն համար, զայն կը կոչէին «հաճելի ծերուկ», «սեփական անձի վրայ սեւեռուած բռնակալ»։ Սակայն ան ամբողջ կեանքին ընթացքին կարեւոր դաս մը սորված էր՝ արհամարհել մերկապարանոց յայտարարութիւնները, մանաւանդ՝ եթէ անոնք հակառակորդները կը կատարեն:
Պայքարը զինք ծաղրողներուն դէմ պզտիկ տարիքէն սկսած էր. սկիզբը զինք ծաղրած են կակազելու պատճառով: Ինչպէս ամէն պզտիկ, բարդոյթ ապրած է, բայց որոշած է պայքարիլ: Այդ մասին գիրքին մէջ կայ Պայտընի հետեւեալ խօսքը. «Ես կը խօսէի Մորսի այբուբենին պէս՝ կէտ-կէտ-կէտ-կէտ-գիծ-գիծ-գիծ-գիծ։ Ատիկա նման էր անկիւնի մը վրայ յիմարաբար կենալուն՝ բոլորէն առանձին։ Միւս երեխաները ինծի այնպէս կը նայէին, կարծես ապուշ եմ։ Կը խնդային: Նոյնիսկ այսօր լաւ կը յիշեմ այն օրերուն վախը, ամօթն ու խոր ցասումը։ Լատիներէն կարդալը իսկական դժոխք էր։ Ընդամէնը երեք շաբաթ լատիներէն սորվելէ ետք զիս սկսան կոչել «Կակազող Ճօ»։ Չէի կրնար խօսիլ»։
Որպէսզի չկակազէ, ան ինքն իրեն առանձին պարապմունքներ սկսած է ընել. շրջապատող աշխարհին մէջ ամէն իրի եւ երեւոյթի համար ջանացած է գտնել կարճ բառեր, դիւրին արտաբերուող բառակապակցութիւններ: Այսօր յստակ խօսք ունեցող նախագահին այդ խօսքը ոչ թէ ի ծնէ տրուած տաղանդի արդիւնք է, այլ՝ տանջալից աշխատանքի:
Գիրքին մէջ նկարագրութիւն կայ, թէ ինչպէս Նիւ Եորքէն ընտրուած ծերակուտական Սթիւ Սոլարց գիշեր մը գացած է Քոնկրէս, ուր յայտնաբերած է դատարակ դահլիճի մը ամպիոնին մօտ ելոյթ ունեցող մարդ մը: Այդ մարդը Ճօ Պայտընն էր, որ առանձնութեան մէջ կը յղկէր իր բանաւոր խօսքը, այնպէս ինչպէս արհեստավարժ թենիս խաղացող մը գործիքին վրայ ժամեր շարունակ գնդիկ կը նետէ:
Պայտըն Տելըվըր նահանգին մէջ գտնուող Արչմերի ցերեկային աւագ դպրոցին մէջ միջակ, բայց աչքի զարնող ուսանող էր: Կրթավճարը տալու համար ան դպրոցին մէջ գործաւորութիւն կ՚ընէր: Նոյնքան դժուար էին իր ծերակուտական եղած տարիները. Պայտըն կ՚ապրէր պետական աշխատավարձով, ԱՄՆ-ի ամենաաղքատ ծերակուտականներէն մին էր։ Փոխ-նախագահի պաշտօնը ձգելէն ետք, երկու տարուան ընթացքին, Ճօ Պայտըն վաստակած է աւելի քան 15 միլիոն տոլար՝ վարձատրուելով ելոյթներու, դասախօսութիւններու եւ գիրք գրելու գործարքներուն համար։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
Գիրքին մէջ կարմիր թելի պէս կ՚երեւի Ճօ Պայտընի կեանքին ամենամեծ ողբերգութիւնը: 18 դեկտեմբեր 1972 թուականին Պայտընին կինը՝ Նէյլիան եւ անոնց մէկ տարեկան դուստրը՝ Էմին, մահացած են ինքնաշարժի արկածէն: Պայտընի տղաքը՝ Փոն եւ Հանթըրը ստացած են ոտքի եւ գանկի կոտրուածք։ Անոնք գացած էին Սուրբ Ծննդեան տօնածառ գնելու: Պայտըն այդ ժամանակ նոյնիսկ մտածած է հրաժեշտ տալ քաղաքականութեան ու զբաղիլ որդիներուն խնամքով, սակայն գտած է դժուարութիւնները յաղթահարելու ձեւը: Սակայն առաջին կնոջ եւ դստեր ողբերգական մահով չէ վերջացած Պայտըններու ընտանիքի դժբախտութիւնները: 2015 թուականին անոր աւագ որդին՝ Փոն, մահացաւ ուղեղի քաղցկեղի հազուագիւտ տեսակէ: Ան 46 տարեկան էր եւ Տելըվըր քաղաքի գլխաւոր դատախազը:
Առաջին կնոջ մահէն հինգ տարի անց՝ 1977 թուականին, Պայտըն երկրորդ անգամ կ՚ամուսնանայ ուսուցիչ Ճիլիի հետ, որ շատ կը նմանցնէ իր առաջին կնոջ: Այս ամուսնության ընթացքին անոնք մէկ դուստր կ՚ունենան:
Ան դժուարութիւնները յաղթահարելու սեփական ռազմավարութիւնը ունէր: Իր անկողինին քով միշտ գրիչ եւ թուղթ կը պահէր եւ անցած ամէն օրը կը գնահատէր 1-10 սանդղակով՝ հետեւելով իր յառաջընթացին։ Իր հօրմէն սորված բանաձեւ մը ունէր՝ ճակատագիրը, որ ի վերջոյ, ամէն անձի կամ ընտանիքի կը բաշխէ հաւասարակշռուած երջանկութիւն։ Ան կը սիրէր ըսել. «Որքան բարձր են լեռները, այնքան խոր են ձորերը»։
ԲԱԽՏԱՒՈՐՆ ՈՒ ԴԺԲԱԽՏԸ
Իր ողջ գործունէութեան ընթացքին Ճօ Պայտընը մէյ մը կոչած են բախտաւոր, մէյ մը՝ դժբախտ:
Հեղինակը գիրքին մէկ գլուխը կոչած է այդպէս՝ «Բախտաւորն ու դժբախտը»: Կը ներկայացնենք հատուած մը այս գլուխէն.
*
«Երբ Պայտընը վճռեց 2008-ի ընտրութեան մասնակցիլ որպէս փոխ-նախագահի թեկնածու, Օպամային ըսաւ. «Ես 65 տարեկան եմ: Չմտահոգուիս, եթէ զիս նախագահի պէս դրսեւորեմ»: Պայտըն պիտի դառնար պատմութեան մէջ ամենատարեց նոր նախագահը, եթէ Օպամային երկրորդ ժամկէտէն ետք փոխարինէր զայն: Սակայն 2011 թուականին ան վերատեսութեան ենթարկեց այդ գաղափարը, իր ընտանիքին ու քաղաքական աջակիցներուն՝ Թէտ Քաուֆմանին, Ռոն Քլէյնին եւ միւսներուն հետ ռազմավարական քննարկումներ տեղի ունեցան Ռազմածովային աստղադիտարանին մէջ, որ կը նկատուի փոխ-նախագահին պաշտօնական նստավայրը:
Երբ առաջին անգամ 2014 թուականին այդ մասին հարցուցին անոր, սովորութեան համաձայն հերքեց. «Իմ գործս նախագահի մասին է: Գիտեմ, որ անհեթեթ կը հնչէ, բայց ես իսկապէս այդպէս կ՚ընդունիմ: Ես ունիմ մէկ գործ: Մէկ գործ՝ օգնել այս մարդուն, որ զիս շատ կը հիացնէ: Օգնել, որ աւարտէ իր ժամկէտը՝ առաւելագոյն կերպով կեանքի կոչելով այն օրակարգը, որուն ես համաձայն եմ եւ որուն կը հաւատամ»: Երբ ես ճնշեցի հարցումներով՝ ըսաւ. «Քոնկրէսի ընտրութիւններէն ետք, 6-8 ամսուան ընթացքին, օր մը, այսինքն՝ 2014-ի աշնան, պարզ կը դառնայ՝ ես կա՞մ այդ գործին մէջ, թէ՞ ոչ»:
Իրականութիւնը այն էր, որ Պայտընը արդէն բախած էր անախորժութեան, որ գրեթէ բացառիկ էր ամերիկեան ժամանակակից քաղաքականութեան մէջ: Անցած կէս դարու իւրաքանչիւր գործող փոխ-նախագահ, որ կը փափաքէր դառնալ նախագահ, կը շահէր իր կուսակցութենէն առաջադրուելու իրաւունքը: Սակայն նոյնիսկ առաջադրուելու մասին, Հիլըրի Քլինթընի պաշտօնական յայտարարութենէն մէկ տարի առաջ, Պայտըն (հարցումներով) անկէ ետ կը մնար 50 եւ աւելի տոկոսային կէտով: Եթէ Հիլըրի Քլինթըն չառաջադրուէր կամ սայթաքէր, Պայտըն կրնար յառաջ անցնիլ: Այդ պահուն սակայն, ան անորոշութեան մէջ էր եւ կը փորձէր դաշտին մէջ մնալու ուղիներ գտնել, օգնել իր նախագահին եւ փայլք հաղորդել իր քաղաքական ժառանգութեան:
Երբ ես անոր հարցուցի թոշակի անցնելու կամ կրկին առաջադրուելու որոշման մասին՝ յիշեց իր հայրը. «Ես սխալած էի, երբ խրախուսած էի անոր թոշակի անցնիլը: Պարզապէս կը կարծեմ, որ պէտք է աշխատիս այնքան, որքան դուն կ՚ուզես, քանի դեռ ի զօրու ես եւ ֆիզիքապէս առողջ»: Յետոյ փոխեց նիւթը. «Իրականութեան մէջ, ես Պարաքին հետ քննարկած եւ ըսած եմ. «Տե՛ս, ես հոն չեմ յայտնուիր Ալին (Ալպէր Կորի) պէս Այովայի մէջ այցելելով բոլորին ծննդեան օրերուն: Ես ատիկա պիտի չընեմ, բայց գիտե՞ս, չառաջադրուելու որոշում չեմ կայացուցած»:
Այովայի՝ 2016-ի ներկուսակցական ընտրութիւններէն աւելի քան մէկ տարի առաջ Պայտընի հեռանկարը լաւ չէր: Թէեւ ան յաճախ կ՚այցելէր Հարաւային Քարոլայնա (ներկուսակցական երրորդ ընտրութեան վայրը), 2012-ի հարցումները ցոյց տուած էին, որ հարզախոյզի մասնակիցներուն գրեթէ մէկ երրորդը նոյնիսկ չէր կրցած ըսել գործող փոխ-նախագահին անունը: Բայց որպէս կարճաժամկէտ ռազմավարութիւն, Պայտընի նախագահութեան վերաբերեալ ներիշխանական շշուկները անոր օգնութեան հասած էին: Փոխ-նախագահ մը, որ նախագահ դառնալու անյագուրդ ձգտում ունի. զուարճալի կը հնչէ: Սակայն Պայտըն «կաղ բադի» կարգավիճակը կը յաղթահարէր Քլինթընի թեկնածութիւնը բարդացնելու վերաբերեալ իր ցանկութեան մասին շահադիտական խօսակցութիւններով: Նոյնիսկ, եթէ Պայտըն չկարենար գտնել առաջադրուելու կենսունակ ուղի մը, այդ հեռանկարին գոյութիւնը արդէն բաւարար էր, որ ան խաղին մէջ մնար:
Պայտընին համախոհը ինծի ըսած էր, որ Պայտըն ինքզինք կը տեսնէր «որպէս շանաձուկ», որ ողջ մնալու համար պէտք է շարունակէր լողալ: Աւելի դաժան ձեւակերպում մը տուած էր Տենիս Թոները, որ Պայտընի աշխատակազմին մէջ աշխատած էր աւելի քան երեսուն տարի. «Ձեր ամբողջ կեանքը ճիշդ այդ մասին է: Այդ պարագային, ինչպէ՞ս այդպիսի պահու կը ձգէք եւ կը հեռանաք»:
Որքան երկար ժամանակ կ՚անցընէի Պայտընին հետ, այդքան աւելի շատ կը նկատէի, թէ որքան յաճախ կը խօսի յարգանքի մասին՝ իր մանկութեան, հօր տանջանքներուն, յառաջանալու ճամբուն իր տեսած արհամարհանքին ու հաշուենկատ ըլլալու համաթեքստին մէջ:
Յարգանքը մշտական երեւոյթ է քաղաքական փիլիսոփայութեան մէջ: Սակայն Պայտընի վաղեմի ընկալումները սրբացուցած էին իրեն հանդէպ յարգանքի պահանջքը: Ես եզրակացուցի, որ Պայտընին համար նախագահ առաջադրուիլը այնքան կարեւոր չէր, որքան հաստատելը, որ մարդիկ լուրջ կ՚ընդունին զինք եւ յարգալից են իրեն հանդէպ:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Ամերիկացի լրագրող Էվըն Օզնոս ծնած է 1976 թուականին: 2008 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի «The New Yorker» ամսագրին մէջ, առաւելապէս ծանօթ է ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մասին յօդուածներով։
2014 թուականին անոր հեղինակած «Յաւակնութեան դարը. յաջողութեան որս, ճշմարտութիւն եւ բախտ նոր Չինաստանի մէջ» գիրքը արժանացած է ԱՄՆ-ի Գիրքի ազգային մրցանակին։ 2020 թուականի հոկտեմբերին լոյս ընծայած է Ճօ Պայտընի կենսագրականը, որ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին «պեսթ սելըր» դարձած է: Գիրքը հայերէնի թարգմանած է «Նիւ մէք» հրատարակչութիւնը, թարգմանիչն է Դաւիթ Սարգսեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ