ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՓՈՐՁ

Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ նոր սկիզբ մը՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերուն տեսակէտէ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան կ՚իրականացնեն իրենց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը։ Այս ժամադրութեան նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ Արցախի երկրորդ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակի համայնապատկերին վրայ։

Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան առաջին տեսակցութեան ընդառաջ թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն դրական ակնկալութիւններու վերաբերեալ պատգամներ կը տրուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, մինչ լրատուամիջոցներն ալ անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան իրադարձութիւններուն։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն Անգարայի մէջ, Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումէն վերջ Թուրքիա ձեռնարկած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ «Որպէսզի ձեռնարկուած քայլերը տան ակնկալուած արդիւնքը, Հայաստանի համար կարեւոր է ճիշդ գնահատել տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնը», ըսաւ ան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ, կառավարութեան ժողովին ժամանակ ըսաւ. «Մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը շարունակաբար պէտք է բարձրացնել։ Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր երկրին շուրջ ձեւաւորուի կայուն եւ անվտանգ միջավայր։ Սա մեր ամենակարեւոր ընելիքն է»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանն ալ երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու այս օրուայ առաջին հանդիպման ընդառաջ։ Բանբերի խօսքով՝ այս երկխօսութենէն Երեւանի ակնկալութիւնները, ըստ էութեան, 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր եղածներուն հետ նոյնն են։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ այս գործընթացի արդիւնքով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին եւ բացուի երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը, որ 1990-ականներու սկիզբին Թուրքիոյ կողմէ փակուած էր միակողմանիօրէն», ըսաւ ան։ Ըստ Յունանեանի, Հայաստան մշտապէս յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ «Մեր տպաւորութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը բաժնէ առանց նախապայմանի երկխօսութեան սկսելու մօտեցումը», նշեց ան։

Բաց աստի, բանբերը դիտել տուաւ, որ այս օրուայ առաջին հանդիպումը, ըստ էութեան, ճանաչողական բնոյթ պիտի կրէ։ Դժուար է ակնկալել, որ մէկ հանդիպումով հնարաւոր ըլլայ շօշափելի արդիւնքներ, սակայն, այսպէսով կը տրուի գործընթացի մեկնարկը։

Այս օրուայ առաջին հանդիպման հիւրընկալ երկրի՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց Քըլըչ-Ռուբինեան առաջին ժամադրութեան։ Նախարարութեան բանբերը՝ Մարիա Զախարովա նշեց, որ Մոսկուա կը հանդիսանայ այս հանդիպման միջնորդը։ «Երկխօսութիւնը, ինչպէս կը հասկնաք, երկու երկիրներու միջեւ է։ Մենք այդ ձեւաչափին մէջ չենք ընդգրկուած։ Մենք բազմիցս ներկայացուցած ենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումը, որով կ՚աջակցինք երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, երկխօսութեան կառուցման, շփումներու կարգաւորման եւ գործնականօրէն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք այդ բոլորին», ըսաւ Զախարովա։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ առաջնահերթօրէն կ՚անդրադառնան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման այս նոր փորձին։ Այսպէս, կը մատնանշուի, որ Քըլըչ-Ռուբինեան առաջին ժամադրութեան ընդառաջ Հայաստան դադրեցուցած է թրքական ապրանքներու ներածման դէմ հաստատած արգելքը, ինչ որ բարիկամեցողութեան դրսեւորում կը համարուի։ Թուրքիան ալ «FlyOne Armenia» հայկական օդային ընկերութեան թոյլտուութիւն տուած է, որպէսզի փետրուարի 2-էն սկսեալ թռիչքներ իրականացնէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղղութեան վրայ։ Ըստ մեկնաբանութիւններու, այս բոլորը ցոյց կու տան, որ բնականոնացման ժամանակ առաջնահերթութիւն պիտի ընծայուի տնտեսական յարաբերութիւններուն։ Կը նախատեսուի, որ յատուկ ներկայացուցիչները այսօր առաջին հերթին սեղանի վրայ դնեն իրենց երկիրներու դիրքորոշումը։ Դրական մթնոլորտի մը ձեւաւորման պարագային հաւանական կը համարուի Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկումն ու ցամաքային սահմանի բացումը, ինչ որ բանակցութիւններու ամենակարեւոր գլուխներու շարքին կը դասուի։ Ըստ տեղական մամուլին, մասնագէտներ հաղորդած են, որ դրական օրակարգը չխանգարելու համար հայկական կողմը օրակարգի վրայ պիտի չբերէ 1915-ի դէպքերը։ AFP ֆրանսական գործակալութիւնն ալ հաղորդած է, որ բանակցութիւններու ընդառաջ Հայաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է օրակարգէ դուրս թողուլ ցեղասպանութեան հարցը։

Նոյնպէս տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս բոլորէն վերջ յաջորդ փուլը ուղղուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նպատակով քննարկումներուն։ Բայց եւ այնպէս, այս կէտին վրայ Անգարա կարգ մը պահանջներ ունի Երեւանէն։ Այսպէս, Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան պաշտօնապէս հռչակէ, թէ տարածքային պահանջներ չունի իրմէ։ Բաց աստի, 1915-ի դէպքերը պէտք է քաղաքական օրակարգէ դուրս մնան ու պէտք է փոխանցուին երկու երկիրներու կողմէ ստեղծուելիք պատմաբաններու յանձնաժողովի քննարկման։

Թրքական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ մասնաւորապէս յիշեցուած են Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի վերջին շրջանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց այս նոր գործընթացը շարունակութիւնը չէ՝ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած, սակայն աւելի վերջ յետս կոչուած արձանագրութիւններուն։ Արդարեւ, յատուկ ներկայացուցիչներու այս օրուայ ժամադրութիւնը թրքական կողմին տեսակէտէ 13 տարի առաջուան բաղդատմամբ շատ աւելի յուսադրիչ միջավայրի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ։ Այդ ժամանակ Ատրպէյճանի տարածքները կը գտնուէին Հայաստանի բռնագրաւման տակ, ինչ որ այդ գործընթացի ձախողման հիմնական պատճառն էր։ Այժմ, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճան կը վերահսկէ իր տարածքները ու կարեւոր խոչընդոտ մը անհետացած է։

Պարզ է, որ վերջին շրջանին Թուրքիա քանիցս յայտարարած է, թէ գործընթացը կը համակարգէ Ատրպէյճանի հետ։ Յամենայնդէպս, յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին ժամադրութեան օրը լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ այս երեսակը առանձնապէս չէ շեշտադրուած։ Փոխարէնը՝ Մոսկուայի ժամադրութեան վերաբերեալ հաղորդումներուն ածանցուած են լուրեր՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն շուրջ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ ուշագրաւ է նաեւ, որ այս փուլի վերաբերեալ Թուրքիոյ նախապայմանները բացառապէս երկկողմանի օրակարգի խնդիրներուն կը վերաբերին՝ մանաւանդ, խօսք կամ ակնարկութիւն չկայ Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ, ինչ որ հայկական կողմի զգայնութիւնները կը բորբոքէր վերջին շրջաններուն։

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022