ԴԷՊԻ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՐԹՈՒԴԱՐՁԻ ՆՕԹԵՐ

ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ

Ուրախ ենք տեղեկացնել, որ 2021 թուականի այս վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուած է հերթական՝ վեցերորդ հատորով։ Համավարակի շրջանի դժուարութիւններուն եւ այլ պարագաներու հետեւանքով վերջին տարիներուն որոշ չափով կաղացած էր այս մատենաշարի ընթացքը եւ ուրախառիթ է, որ ներկայ տարեմուտին անոր շղթային վրայ նոր օղակ մը աւելցած է։ Այսպէս, «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրապարակուեցաւ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ը, որ կողքի մը տակ կը խմբէ 1945-ին թերթիս մէջ հրատարակուած համանուն յօդուածաշարքը։ Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100»  մատենաշարի գաղափարի յղացողը եղած էր թերթիս դարադարձի շրջանին։ Ցայսօր ան տուած է մատենաշարի ուղղութիւնը եւ իր վաստակով ու մտահորիզոնով կատարուած արտադրանքը արդէն կ՚արժեւորուի ժամանակի ընթացքին, կը բիւրեղանայ նշանակութիւնը։ Սեւան Տէյիրմենճեան այս վերջին հատորի սկիզբը գրի առած յառաջաբանով ընթերցողներուն կու տայ շրջանի պատմական նկարագիրը։

Հարկ է նշել, որ գիրքին մեկենասը եղած է Տէրողորմեաճեան ընտանիքը, որ գործը ձօնած է՝ հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի անթառամ յիշատակին։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ տարի մը առաջ բարեյիշատակ Ռուբէն Տէրողորմեաճեան հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։ Ան համայնքային շրջանակներու այնքան համակրելի դէմքերէն մին էր եւ իր մահուան տարելիցին ընդառաջ մեր հաւաքական կեանքէն ներս անունը կը վերյիշուի այս նախաձեռնութիւնով։ Հանգուցեալի այրին՝ Սիլվա Տէրողորմեաճեան, նաեւ դուստրերը՝ Հերմինէ Պոզաճեան եւ Գարին Տէրողորմեաճեան փափաքած են, որ լուսահոգի Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի յիշատակը այսպիսի մնայուն ձեռքբերումով մը արժեւորուի ժամանակներու ընթացքին։

Պոլսահայ անուանի բանասէր, բանաստեղծ ու հանրային գործիչ Թորոս Ազատեան (1898-1955), որ որպէս խմբագիր ու թղթակից իր աշխատակցութիւնը բերած է թերթիս, պատրիարքական տեղապահ հոգելոյս Տ. Գէորգ Արք. Արսլանեանին ընկերանալով, իբրեւ պատգամաւոր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թղթակից, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցած է 1945-ին կայացած կաթողիկոսական ընտրութեան, որու արդիւնքին հայրապետական գահ պիտի բարձրանար Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ Կաթողիկոսը։ Այդ օրերուն պոլսահայ օրաթերթ մը առաջին անգամ թղթակից մը կ՚առաքէր Սովետական Հայաստան։ Ազատեան Պոլիս վերադարձին քանի մը ամիս շարունակ յօդուածաշարքով մը պոլսահայ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Սովետական Հայաստանէ ու Մայր Աթոռէ քաղած տպաւորութիւնները, հոն ունեցած հանդիպումներուն մանրամասները, որոնք կ՚արժանանային մեծ հետաքրքրութեան. այնքան որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տպաքանակը բարձրացած էր 3500-ի։

Թորոս Ազատեանի ուղեգրութիւնը կը ներկայացնէ յետպատերազմեան Հայաստան կատարուած այցելութիւն մը եւ առաջինն է իր տեսակին մէջ։ Ընթերցողը կը կարդայ երկրի մը մասին, որ պետական նախաձեռնութեամբ արդիականացումի ամուր քայլեր կը նետէր՝ իր զարգացող մշակոյթով, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններով ու դպրոցներով, արդիւնաբերութեամբ ու գիւղատնտեսութեամբ։ Ազատեան կը պատմէ յատուկ ու հասարակ անձերու մասին, որոնք ներգաղթած են Սովետական Հայաստան, որ վերածուած էր պատերազմներու, քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած հայերու ապաստարանը։ Ազատեան կը պատմէ հայկական օփերայի, «Հայ ֆիլմ»ի, ազգային ռատիօկայանի, գիտութիւններու ակադեմիոյ, թանգարաններու, պետական համալսարանի մասին։

Ազատեանի գրուածքը պոլսեցի ընթերցողին կը յիշեցնէր դէմքեր, որոնք անցեալի արհաւիրքներէն փախուստ տալով լքած էին Թուրքիան, իրենց ծննդավայր քաղաքները եւ գաղթած՝ այլ երկիրներ եւ հիմա կաթողիկոսական ընտրութեան համազգային ժողովին մասնակցելու նպատակով եկած էին Հայաստան։ Ազատեան կը հանդիպի անոնց, կը խօսի իրենց հետ, տեղեկութիւններ կը քաղէ իրենց ներկայ կեանքին ու գործունէութեան մասին, անոնց բարեւը կը փոխանցէ Թուրքիա մնացած հարազատներուն։

Թորոս Ազատեանի այս յօդուածաշարքը, ինչպէս նաեւ Սովետական Հայաստանէ վերադարձին հանդիպած Պուլկարիոյ եւ տեղւոյն հայութեան վերաբերող «Ուղեւորական տպաւորութիւններ Երեւանէն Սոֆիա» խորագրեալ յաւելուած բաժինը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ սկսած է հրատարակուիլ 21 յուլիս 1945-ին եւ որոշ ընդհատումներով տեւած է մինչեւ 28 նոյեմբեր 1945 թուականը։ Հատորին մէջ յօդուածաշարքին կցուած է Թորոս Ազատեանի՝ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետ Սովետական Հայաստանի արդի բանաստեղծութեան շուրջ կատարած զրոյցը, որ հրատարակուած է «Նոր օր»ի երկրորդ թիւին մէջ, 28 յուլիս 1945-ին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւին կողմէ տրամադրուած են 1945-ին գումարուած Ազգային եկեղեցական ժողովին եւ կաթողիկոսական ընտրութեան վերաբերեալ պատմական լուսանկարները։

Ո՞Վ Է ԱԶԱՏԵԱՆ

Ծնած է Ակնի Ապուչեխ գիւղը, 1898-ին։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն Նարեկեան, Վարագի եւ Չմշկածագի Միացեալ ընկերութեան վարժարաններուն մէջ։ 1910-ին անցած է Պոլիս, ուր 1920-ին նախ կոչուած է Համազգային դիւանի օգնական քարտուղարի պաշտօնին, յետոյ երկար ժամանակ Ազգային պատրիարքարանի զանազան ժողովներու եւ յանձնաժողովներու քարտուղարը եղած է։ Ուսուցչական պաշտօն վարած է Պէզազեան վարժարանի մէջ։

Թորոս Ազատեան գրական ասպարէզ մտած է 1920-ականներու սկիզբը, տպագրելով բանաստեղծութիւններ եւ պատմաբանասիրական յօդուածներ։ Չափածոյ երկերը ամփոփուած են «Աղբիւր անմահութեան» ժողովածոյի երեք հատորիկներուն մէջ, իսկ արձակ գործերն ալ՝ «Քառասնակ» վերնագրին տակ։

Թորոս Ազատեան աւելի յայտնի է իր բանասիրական հրատարակութիւններով։ Այսպէս, առանձին հատորներով հրատարակուած են Միսաք Մեծարենցի, Կոմիտաս Վարդապետի, Հրանդ ու Զապէլ Ասատուրի նուիրուած մենագրութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ակն եւ ակնցիք» ուսումնասիրութիւնը եւ այլն։ Ունի բազմաթիւ պատմական յիշատակարաններ, նուիրուած Պոլսոյ վարժարաններուն եւ համայնքային զանազան հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հարիւրամեակի, Էսաեան վարժարանի յիսնակամեակի, Ուսուցչաց օժանդակութեան սնտուկի երեսնամեակի, Պէյօղլուի Աղքատախնամի յիսնամեակի, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի քառասնեամեակի յուշամատեանները։

1925-ին ստանձնած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի «Ընդարձակ տարեցոյց»ի խըմ-բագրութեան պաշտօնը, զոր վարած է վեց տարի շարունակ։ Խմբագրած է նաեւ «Արեւելք» եւ «Զարթօնք» գրական շաբաթաթերթերը։ 1936-ին հիմնած է «Մշակոյթ» հրատարակչութիւնը։ 1944-1947  թուականներու միջեւ հրատարակած է «Աստղաբերդ» հայագիտական-ազգագրական ամսաթերթը՝ լոյս աշխարհ բերելով պատմական արժէք ներկայացնող ծանօթ դէմքերու անտիպները։ Հիմնադիրն եւ ատենապետը եղած է Մշակութային հետազօտիչ միութեան, որու որոշմամբ ձեռնարկած էր կազմելու թրքական մշակոյթին ծառայող հայերու կենսագրութիւնը։

Թորոս Ազատեան մահացած է 15 նոյեմբեր 1955-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը։

Երկար տարիներու ընթացքին Թորոս Ազատեան ստեղծած է հնատիպ գիրքերու, պատմական վաւերագրերու հարուստ եւ արժէքաւոր հաւաքածոյ մը, որ իր իսկ ցանկութեամբ եւ կնոջ՝ Շուշանիկ Ազատեանի նախաձեռնութեամբ յետ մահու փոխադրուած է Սովետական Հայաստան եւ այժմ կը պահուի բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի անունը կրող Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։

(ԺԱՄԱՆԱԿ, 30 դեկտեմբեր 2021)

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022