ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստանի Ազգային ժողովի այս առաւօտեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին բանակցութիւններէն վերջ այս նիւթը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչի հանգամանքով բանակցութիւններու մասնակցած է Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ, որոշ պարզաբանումներ ներկայացուց Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպման շուրջ։ «Եթէ կը յիշէք, տակաւին նախորդ տարի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի բանբերը յայտարարեց, որ կայ գործընթաց եւ հայկական կողմը ռուսական կողմին հետ խօսած է Թուրքիոյ հետ հաւանական գործընթացի մը սկսելու վերաբերեալ։ Սա աւելի վերջ հաստատուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, յետոյ ալ Թուրքիա յայտարարեց յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու մասին, ինչ որ ողջունեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ նոյնպէս յատուկ ներկայացուցիչ մը կը նշանակէ։ Այսպէս ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւնները։ Բուն վայրի վերաբերեալ համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են ռուսական կողմի օգնութեամբ։ Հարցուցիք, թէ ի՛նչ նկատի ունիք շինիչ մթնոլորտ ըսելով։ Նկատի ունինք շինիչ մթնոլորտ։ Հանդիպման արդիւնքով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակած են մամլոյ հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ ներկայացուած է, թէ ի՛նչ քննարկած են յատուկ ներկայացուցիչները։ Հաղորդագրութիւնով հանդէս եկած է նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը», նշեց Ռուբինեան։

Միւս կողմէ, նոյն նիւթին անդրադարձաւ նաեւ խորհրդարանի միւս փոխ-նախագահը՝ Յակոբ Արշակեան։ «Մենք կողմնակից ենք, որ առանց նախապայմանի Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուին եւ յարաբերութիւնները օր առաջ կարգաւորուին։ Սա կը բխի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերէն», ըսաւ Յակոբ Արշակեան։ Այս կապակցութեամբ ան յիշեցուց, որ անկախութեան հաստատումէն ի վեր եւ Թուրքիոյ կողմէ սահմաններու փակուած պահէն սկսեալ Հայաստան ունեցած է միշտ նոյն դիրքորոշումը՝ կողմնակից ըլլալով առանց նախապայմանի յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման։ Ընդդիմադիր երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով Յակոբ Արշակեան ըսաւ, որ Երեւան ներկայիս ալ կը հետեւի այդ դիրքորոշման։

Իր կարգին, ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանն ալ անդրադարձաւ նոյն հարցին։ Իր խօսքով՝ իրենց քաղաքական ուժն ալ կը ձգտի խաղաղութեան։ «Ոչ ոք կ՚ըսէ, որ օր մը մեր հարեւաններու հետ սահմանները պէտք չէ ճշդենք, սակայն, այս ուղղութեամբ համապատասխան պայմաններ դեռ չենք տեսներ», ըսաւ ան։

Հայկական հանրային կարծիքը շաբաթավերջին խոշորացոյցի տակ առած էր յատուկ ներկայացուցիչներու Մոսկուայի առաջին հանդիպումը՝ բոլոր երեսակներով։ Քննադատութեան պատճառ դարձաւ այն երեւոյթը, թէ հանդիպման վայր ժամանելու ատեն Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչի ինքնաշարժին վրայ կար դրօշակ, իսկ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչի ինքնաշարժին վրայ չկար։ Բաց աստի, հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէին կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւնը, ուր յարաբերութիւններու բնականոնացման այժմու որոնումներուն մէջ մատնանշուած էին չորս նախապայմաններ, որպէսզի Հայաստանի առջեւ դրուին։ Այդ չորս կէտերն էին՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան անմիջապէս կեանքի կոչուիլը, Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան յարգուիլն ու այդ բանին յայտարարուիլը, Հայաստանի հրաժարումը ցեղասպանութեան պահանջներէն ու Թուրքիոյ դէմ թշնամանքի վերջ դրուիլը եւ Շիրակի մարզէն ներս տեղակայուած Սողոմոն Թէհլէրեանի արձանին վերցուիլը, քանի այդ մէկը կը նուաստացնէ թուրք ազգը։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն պատմաբան, արաւելագէտ ու թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան այս բոլորի լոյսին տակ մեկնաբանեց յատուկ ներկայացուցիչներու Մոսկուայի առաջին հանդիպումը։ Ան համոզուած է, թէ «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէի յայտարարութեան մէջ արտայայտուած են Թուրքիոյ նկրտումներն ու Հայաստանին ներկայացուած պայմանները, որոնք կը դրուին բանակցային սեղանի վրայ։ Անդրադառնալով ինքնաշարժներու դրօշներու երեւոյթին, Սաֆրաստեան նշեց, որ Ռուբէն Ռուբինեանի ինքնաշարժի վրայէն դրօշի բացակայութեան կապակցութեամբ հիմքեր կամ նախադրեալներ չկան՝ կարծելու համար, թէ սա միտումնաւոր եղած է։ Ան անփութութեան հետեւանք որակած է պատահածը։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022