ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ՈՐՈՆՈՒՄ

Դէպի Ապու Տապի աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու առանցքը կազմեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրին, 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստանէ եւ տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ համապատասխան իրադարձութիւններուն։ Խօսելով պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն մասին՝ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ անազատութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը։ Այս հրատապ խնդրի լուծման ուղղութեամբ Երեւան կ՚ակնկալէ նաեւ միջազգային գործընկերներու գործնական աջակցութիւնը։

Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ զրուցակիցները նշեցին, որ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը նպաստաւոր հիմքեր կը ստեղծէ փոխադարձ շահաւէտ տնտեսական ու ներդրումային համագործակցութեան տեսակէտէ։ Արմէն Սարգսեան Երեւան-Ապու Տապի յարաբերութիւնները կարեւորեց նաեւ Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամբողջին մէջ։ Իր կարգին, Էլ Նահիան դիտել տուաւ, որ ԱՄԷ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը ընդլայնելով։ Ան մասնաւորապէս կարեւորեց համագործակցութեան խորացումը ուժանիւթի, տեղեկատուական թեքնոլոժիներու, սնունդի անվտանգութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս։ Մատնանշուեցաւ, որ Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ հաստատուած է նոր օդային կամուրջ մը եւ սա հերթական յուսալի քայլն է՝ առեւտրատնտեսական ու գործարար կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ, վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ԱՄԷ-ի «Մաստար» ընկերութեան կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրին՝ կարեւորելով անոր ընդլայնումն ու յաւելեալ ներդրումները։ Զրուցակիցները շեշտեցին նաեւ երկկողմանի փոխադարձ այցելութիւններու կարեւորութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Էլ Նահիան պատրաստակամութիւն յայտնեց յառաջիկային Երեւան այցելելու։

Զրուցակիցները համամիտ գտնուեցան, թէ կողմերու յարաբերութիւնները, համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններն ու նախագիծերը միտուած են ապագային։ Անոնք նշեցին, որ համագործակցութիւնը ունի մեծ ներուժ, կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւններ եւ աւելին ընելու ցանկութիւն։ Ուստի, պէտք է համատեղ ջանքերով ընթանալ հետեւողականօրէն։

Բաց աստի, աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, Ապու Տապիի մէջ Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ «Մաստար» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մուհամմէտ Ճեմիլ էլ Ռամահիի հետ։

Նախագահ Սարգսեանի այցելութեան մթնոլորտին մէջ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ԱՄԷ-ի «Wizz Air Abu Dhabi» ընկերութիւնը պիտի սկսի թռիչքներ իրականացնել դէպի Երեւան։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022