«ՏՐՏՈՒՆՋՔ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ նոր գործով մը։ Մօտաւոր անցեալին իր թողարկած ալպոմէն վերջ, այս անգամ Մարալ Այվազ «սինկըլ»ով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։ Ալպոմին յաջորդած այս առաջին երգը կը կոչուի «Տրտունջք»։ Ներշնչանքի աղբիւրն է մեծանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի համանուն ստեղծագործութիւնը։ Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակի յոբելեանին առիթով յօրինուած երգ մըն է այս մէկը, որուն համար պատրաստուած է նաեւ տեսահոլովակ մը, որ հասանելի է ընկերային ցանցերու վրայ։

Մարալ Այվազ այս երգը որակած է երաժշտական հպում մը՝ Սկիւտարի սոխակ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» բանաստեղծութեան։

Այս նոր գործը երաժշտասէրներու դատին յանձնելու զուգահեռ՝ Մարալ Այվազ շնորհակալութիւն յայտնած է շարք մը կառոյցներու եւ անհատներու, որոնք նպաստած են իր աշխատանքին։ Այս ծիրին մէջ են Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Պաղլարպաշըի Ս. Խաչ թաղամասի գերեզմանատան տնօրէնութիւնը, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Եղիա Աքկիւն, Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Գէորգ Չաղլըչուպուքճու, ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեան եւ այլք։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022