ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Ե­րես­փո­խա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը թրքա­հա­յու­թեան հա­մար ե­ղան ի­րա­պէս պատ­մա­կան, քա­նի որ եր­կար ժա­մա­նակ ետք խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծե­ցին ե­րեք հայ պատ­գա­մա­ւոր­ներ։ Հա­յաս­տա­նի ու­շադ­րու­թիւ­նը եւս սե­ւե­ռած է այս ի­րո­ղու­թեան վրայ. «Էր­մէ­նի հա­պէր» կայ­քէ­ջը հար­ցազրոյց­ներ կա­տա­րած է նո­րըն­տիր ե­րես­փո­խան­ներ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի եւ Կա­րօ Փայ­լա­նի հետ։

Այս առ­թիւ Սե­լի­նա Տո­ղան յայ­տա­րա­րած է, որ ՃՀՓ Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան նման կը գտնուի վե­րա­փոխ­ման գոր­ծըն­թա­ցի մը մէջ։ Ներ­կա­յիս իր մար­դու­ժը թար­մաց­նե­լով, տար­բեր հա­տուած­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու կի­ներ ա­ռա­ջադ­րե­լով կը ջա­նայ ստա­նալ նոր տեսք մը։ «Ես ալ այդ վե­րա­փոխ­ման մէկ մասն եմ եւ սա տրա­մա­բա­նա­կան կը հա­մա­րեմ։ Ոչ ոք կաս­կա­ծի տակ դնէ իմ հայ ըլ­լալս։ Զիս կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­ներն ալ կ՚ըն­դու­նին դրա­կա­նօ­րէն։ Սկզբնա­կան շրջա­նին փոք­րիկ ըմ­բոս­տու­թիւն մը ե­ղաւ, բայց հի­մա ա­մէն ինչ կար­գին է», նշած է ան։

Այն հար­ցու­մին, թէ որ­պէս ՃՀՓ­-ի ան­դամ մը որ­քա՞ն ինք ա­զատ է յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու մէջ, Տո­ղան պա­տաս­խա­նած է ըստ հե­տե­ւեա­լի. «Խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս ա­մե­նա­շատ կա­րե­ւո­րուող հար­ցե­րէն մէկն է։ Կու­սակ­ցու­թեան մէջ կայ քա­ղա­քա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան սկզբունք եւ յար­գանք խօս­քի ա­զա­տու­թեան նկատ­մամբ, ուս­տի կրնամ ա­զա­տօ­րէն ը­սել այն, ինչ որ ճիշդ կը հա­մա­րեմ եւ մին­չեւ վերջ պըն-դել ը­սա­ծին վրայ»։

­Նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւո­րը ար­դեօք հայ­կա­կան խնդիր­ներ պի­տի բարձ­րաց­նէ՞ խորհր­դա­րա­նէն ներս։ «Ես որ­պէս հայ պատ­գա­մա­ւոր բնա­կա­նա­բար հա­յե­րուն վե­րա­բե­րող խնդիր­նե­րը խորհր­դա­րա­նի մէջ օ­րա­կար­գի պի­տի բե­րեմ։ Ի տար­բե­րու­թիւն միւս պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն՝ ես ա­ւե­լի քա­ջա­տե­ղեակ եմ հայ հա­մայն­քը յու­զող հար­ցե­րուն, վերջ ի վեր­ջոյ մեծ­ցած եմ հա­մայն­քին մէջ»։

­Հար­ցում մըն ալ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ՃՀՓ­-ի դիր­քո­րոշ­ման մա­սին։ «ՃՀՓ հա­կուած է բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման։ Այդ հա­րե­ւան­նե­րէն մէկն ալ Հա­յաս­տանն է։ Ին­չո՞ւ փակ ըլ­լան սահ­ման­նե­րը։ Ին­չո՞ւ մար­դիկ չկա­րե­նան ա­ռեւ­տուր ը­նել ի­րա­րու հետ։ Հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը մեր­ձեց­նե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կան կամ­քի պա­կաս կը նկա­տուի, հայ­կա­կան սփիւռ­քի նկատ­մամբ բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մունք կայ։ Հար­կա­ւոր է վե­րաց­նել այդ մէ­կը։ Այդ ուղ­ղու­թեամբ ՃՀՓ ան­շուշտ դրա­կա­նին մի­տուող քայ­լեր պի­տի ը­նէ։ Բնա­կա­նա­բար այ­սօր կամ վա­ղը լու­ծ-ւելիք հարց մը չէ. այս ա­ռու­մով օ­րի­նակ իմ թեկ­նա­ծու­թեան ա­ռա­ջադ­րումս ալ ար­դէն իսկ որ­պէս դրա­կան քայլ կ՚ըն­կա­լեմ», պա­տաս­խա­նեց Տողան։

Լրագ­րող Աստ­ղիկ Ի­գի­դեան նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւո­րին յի­շե­ցու­ցած է, թէ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յայտ­նի է իր հա­կա­հայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, յատ­կա­պէս 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով եւ ին­քը ար­դեօք ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րի այդ բո­լո­րին։ «Միա­ժա­մա­նակ պէտք է նշել, որ կուսա­կ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու 1915-ի դէպ­քե­րը ա­նուա­նած է մեծ ող­բեր­գու­թիւն՝ նշե­լով, թէ չեն վախ­նար ա­ռե­րե­սուե­լէ։ Այ­սինքն, 1915-ի դէպ­քե­րը կո­չե­ցէք ինչ­պէս որ կ՚ու­զէք։ Այս մէ­կը ա­ռան­ձին նիւթ մըն է։ Ար­դիւն­քին այդ մար­դիկ այ­սօր չկան։ Այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ ըն­դա­մէ­նը 50-60 հա­զար հայ կը բնա­կի, մինչ­դեռ ժա­մա­նա­կին մի­լիո­նա­ւոր ե­ղած է այդ մէ­կը։ Կան հար­ցեր, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր բաց են եւ լուծ­ման կա­րիք ու­նին։ Ան­կախ այդ բա­նէն, թէ ինչ­պէս կը բնո­րո­շէք, խնդի­րը առ­կայ է, այս­տեղ կա­րե­ւոր է, թէ այ­սօր ինչ­պէս կը վե­րա­բե­րիք այդ մար­դոց։ Այ­սինքն մին­չեւ օրս այդ մար­դի­կը իբ­րեւ թշնա­մի՞ կ՚ըն­կա­լէք, կ՚օ­տա­րաց­նէ՞ք, թէ կը վե­րա­բե­րիք ի­րենց որ­պէս հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­ներ, ա­ռանց ո­րե­ւէ այ­լա­տեա­ցու­թեան։ Մենք պի­տի պայ­քա­րինք այդ այ­լա­տեա­ցու­թեան վե­րաց­ման հա­մար», յայ­տա­րա­րած է Տո­ղան։

Ան ընդգ­ծած է, որ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը ճիշդ չի հա­մա­րեր կա­պել ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի հետ։ Ըստ ի­րեն, ա­ւե­լի պէտք է ու­ժե­ղաց­նել հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը։ «Կան շարք մը նա­խագ­ծեր եւ պէտք է զա­նոնք խրա­խու­սել, որ­պէս­զի եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը զի­րար ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նան, իսկ սահ­ման­ներն ալ բա­ց-ւին», նշեց պատ­գա­մա­ւո­րը։

Հուսկ ան ար­տա­յայ­տուած է նաեւ կա­նանց դե­րի բարձ­րաց­ման մա­սին։

Աստ­ղիկ Ի­գի­դեան հար­ցա-զը­րոյց մը կա­տա­րած է նաեւ ՀՏՓ­-ի ե­րես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լա­նի հետ։ Ըստ կարգ մը հար­ցա­խոյզ­նե­րու, ՀՏՓ ս­տա­ցած է թրքա­հա­յու­թեան ձայ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը՝ գրե­թէ 80 տո­կո­սը։

Այն հար­ցու­մին, թէ ինք ան­ցեա­լին ա­ւե­լի զբա­ղած էր կրթա­կան հար­ցե­րով, իսկ ա­ւե­լի մի­տուած է քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, Փայ­լան պա­տաս­խա­նած է ըստ հե­տե­ւեա­լին. «Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Թուր­քիոյ մէջ «հայ եմ» ը­սե­լը ար­դէն իսկ քա­ղա­քա­կան բան մըն է։ Ե­թէ հե­տաքրք­րուած ես հա­յե­րով, սե­փա­կան ինք­նու­թեամբ, կը նշա­նա­կէ, որ հե­տաքրք­րուած ես նաեւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­նե­րէ սկսեալ աշ­խա­տած եմ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րէ ներս, ե­ղած եմ հայ վար­ժա­րա­նի մը հիմ­նա­դի­րը։ Բո­լոր աշ­խա­տանքս ե­ղած է հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէ ներս։ Բա­ցի այդ, Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը մեզ շատ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուց։ Մինչ այդ ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, ես դպրո­ցի հիմ­նա­դիր էի եւ միա­ժա­մա­նակ գոր­ծա­րար։ Սա­կայն Տին­քի սպա­նու­թեան օ­րը ին­ծի հա­մար դար­ձաւ բե­կում­նա­յին պահ մը, երբ հասկ­ցայ, որ այս երկ­րի մէջ կա­րե­ւո­րը դրամ շա­հիլս չէ։ Հասկ­ցայ, որ բան մը պէտք է փո­խել եւ նուի­ր-ւե­ցայ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան մե­ղա­ւոր­նե­րու գտնե­լու պայ­քա­րին եւ միա­ժա­մա­նակ հայ ա­շա­կերտ­նե­րու խնդիր­նե­րու բարձ­րաց­ման։ Այ­նու­հե­տեւ 2011-ին քա­ղա­քա­ցիա­կան գոր­ծիչ­նե­րու խում­բե­րու հետ հիմ­նե­ցինք Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դե­մոկ­րա­տա­կան քոն­կրէ­սը, իսկ 2013-ին ալ՝ մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը»։

Լրագ­րո­ղը հե­տաքրք­րուած է, թէ ար­դեօք ինք պի­տի ըն­դու­նէ՞ր ե­րես­փո­խան դառ­նա­լու ա­ռա­ջարկ մը, ե­թէ գար այլ կու­սակ­ցու­թե­նէ մը։ «Ոչ չէի ըն­դու­նիր։ Ին­ծի հա­մար կա­րե­ւոր է կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը։ Իսկ միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու մէջ «բայց»եր ու­նին։ Ա­նոնք չեն հա­ւա­տար հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ գե­րիշ­խո­ղը մէկ ինք­նու­թիւն մըն է միայն», նշած է պատ­գա­մա­ւո­րը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով միւս հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ Կա­րօ Փայ­լան յայտ­նած է, թէ Սե­լի­նա Էօ­զու­զուն Տո­ղան իր մօտ բա­րե­կամն է, իսկ Մար­գար Է­սաեա­նի հետ ժա­մա­նա­կին ե­ղած են գա­ղա­փա­րա­կից­ներ, նոյ­նիսկ հռչա­կագ­րեր հե­ղի­նա­կած Էր­տո­ղա­նի դէմ։ «Սա­կայն Մար­գա­րի վեր­ջին ե­րեք տա­րուան գոր­ծու­նէու­թեան ե­թէ նա­յինք, կը խօ­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գո­վա­բա­նող լե­զուով մը։ Իսկ ես եր­բեք չեմ կրնար մաս­նակ­ցիլ նման ե­րե­ւոյ­թի մը։ Ե­թէ ան կա­րե­նայ ձեր­բա­զա­տիլ այդ գոր­ծու­նէու­թե­նէն՝ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցինք, այ­լա­պէս Մար­գա­րին հայ ըլ­լա­լը ոչ մէկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի», յայտ­նեց ան։

«Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ հայ պատ­գա­մա­ւոր ըլ­լա­լը ի՞նչ կը նշա­նա­կէ քե­զի հա­մար։ Հայ­կա­կան խնդիր­նե­րով զբա­ղե­լու պա­տաս­խա­նա­տը-ւու­թիւն կը զգա՞ս», հար­ցու­մին Փայ­լա­նին պա­տաս­խա­նը ե­ղած է հե­տե­ւեա­լը. «Ան­կաս­կած կը զգամ։ Շարք մը խնդիր­ներ ու­նինք։ Ան­ցեա­լի հետ ա­ռե­րե­սուե­լու, Հրան­դի, Սե­ւա­կի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդիր­ներ ու­նինք։ Ու­նինք մշա­կու­թա­յին մեծ կո­րուստ, ինչ որ ցարդ փոխ­հա­տու­ցուած չէ։ Սա­կայն կը մտա­ծեմ, որ ե­թէ այս բո­լո­րի հա­մար մենք՝ հա­յերս միայ­նակ պայ­քա­րինք՝ յա­ջո­ղու­թեան չենք հաս­նիր։ Մեր կու­սակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րէն է, որ այս խնդիր­նե­րու հա­մար պայ­քա­րինք այլ ազ­գե­րուն հետ միաս­նա­բար։ Բայց բնա­կա­նա­բար ես անձ­նա­պէս իմ պայ­քարս պի­տի տա­նիմ։ Ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րող­նե­րէն մէ­կը պի­տի ըլ­լամ, մեր հա­մայն­քին վե­րա­բե­րող խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար պի­տի պայ­քա­րիմ, ան­կախ այն բա­նէն, թէ ա­նոնք կը վե­րա­բե­րին Պատ­րիար­քա­րա­նին, դպրոց­նե­րուն, թէ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն»։

Այն հարց­ման, թէ ար­դեօք Փայ­լան քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կէ՞ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար՝ ան պա­տաս­խա­նած է. «Ի հար­կէ, բայց այս ուղ­ղու­թեամբ ին­ծի հա­մար կայ կա­րե­ւոր բան մը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը այս­տեղ ե­ղած է, բայց յա­ճախ կը դի­տուի Հա­յաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծէն ներս։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հոս ե­ղած է եւ ա­ռե­րե­սումն ալ այս­տեղ պէտք է ըլ­լայ։ Հա­յաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը կազ­մեն այս հար­ցին ըն­դա­մէ­նը մէկ մա­սը, բայց ոչ հիմ­քը։ Կը կար­ծեմ, որ քա­նի դեռ հան­րու­թեան մէջ ա­ռե­րե­սու­մը հա­սուն­ցած չէ՝ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը չեն կրնար ի­մաստ մը ու­նե­նալ»։ Փայ­լան յայտ­նած է նաեւ, թէ Թուր­քիոյ մէջ պէտք է վե­րա­նայ Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ թշնա­ման­քը։ Ան կոչ ուղ­ղած է բո­լո­րին, որ­պէս­զի այդ ուղ­ղու­թեամբ պայ­քա­րը մղուի այս­տեղ։ «Թուր­քիա ե­կած ա­մէն մէկ հայ կ՚ու­նե­նայ իր ներ­գոր­ծու­թիւ­նը», ը­սած է ան։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015