ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԵՒ ԱՌԱՆՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊՐՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԻՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եսայի Մարգարէութեան 59-րդ գլուխին 1-8 համարներուն մէջ Մարգարէն դատապարտելով ժողովուրդին մեղքը, այսպէս կը գրէ.
«Միթէ Տիրոջ ձեռքը չի՞ կրնար փրկել, կամ Անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ: Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան: Ձեր մեղքերը Անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ: Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով ու ձեր մատները անօրէնութիւնով պղծուեցան: Ձեր շուրթերը սուտ խօսեցան եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին: Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին: Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն ու սարդի ոստայն կը հիւսեն: Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, եթէ կոտրեն՝ իժ կ՚ելլէ: Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել: Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ: Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան: Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ: Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ: Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին»:
Այս համարները կարդալէն ետք հիմա տեղափոխուինք մեր առօրեայ կեանք, տեղափոխուինք եւ փորձենք համեմատական մը անցընել մեր այսօրուան ապրած կեանքին հետ: Արդեօք ի՞նչ կը գտնենք.
ա. Միթէ Տիրոջ ձեռքը չի՞ կրնար փրկել, կամ Անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ: Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան: Ձեր մեղքերը Անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ. այսօր յաճախ կը լսենք եւ նոյնիսկ մենք եւս կը գանգատինք ըսելով, թէ Աստուած չի՛ լսեր մեզ կամ երես դարձուցած է մեզմէ: Եսայի Մարգարէին հարցադրումը սովորական հարցադրում մը ըլլալէ աւելի յանդիմանութիւն մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ այդ կերպով կը մտածենք, որովհետեւ Աստուծոյ ձեռքը միշտ ալ պատրաստ է մեզ փրկելու, մեզ ազատելու. Աստուծոյ ականջները բնա՛ւ չեն ծանրանար, ո՛չ ալ կը գոցուին մեր խնդրանքներուն դիմաց, ընդհակառակը Աստուած միշտ պատրաստ է լսելու մեզ եւ կատարել մեր խնդրանքները, անշուշտ եթէ մեր խնդրածները մեր ու մեր նմաններուն օգուտին եւ Աստուծոյ փառքին համար են: Հետեւաբար ի՞նչ բանը կը խանգարէ մեզ, որ չենք կրնար Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալ եւ Անոր պարգեւները վայելել: Մարգարէին հաստատումով գլխաւոր պատճառները մեր մեղքերն ու անօրէնութիւններն են: Կրնայ ըլլալ ոմանք առարկեն, ըսելով, թէ մենք Աստուածավախ կեանքով կ՚ապրինք, Եկեղեցւոյ օրէնքներուն ու կանոններուն կը հետեւինք ու կը գործադրենք, մեզի բաժին ինկած տասանորդն ալ կու տանք, մեղք կամ անօրէնութիւն չունինք, ինչպէս կ՚ըսէր փարիսեցին, երբ տաճար մտած էր ու Աստուծոյ հետ կը խօսէր (Ղկ 18.9-14): Բայց արդեօք այդպէ՞ս է. միայն հպարտ եւ մոլորութեան մէջ ինկած մարդն է, որ նման կերպով կրնայ արտայայտուիլ, մինչ խոնարհ ու Աստուածավախ մարդը ինչքան ալ առաքինի կեանքով ապրի, միշտ մաքսաւորին նման կը դիմէ Աստուծոյ՝ ըսելով. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը» (Ղկ 18.13):
Արդարեւ, եթէ մենք մեր այսօրուան կեանքը ուշադրութեամբ քննենք, պիտի նկատենք, որ մենք վերածուած ենք մէկական դերասաններու, որոնք ո՛չ թէ բեմերու վրայ կը խաղան, այլ կեանքի բեմին վրայ կը խաղան: Մեզմէ շատեր այնքան խորացած են, որ իրենց դերերը կատարելապէս կը խաղան, առանց թերութիւններու: Եւ ահա, այստեղ է, որ կու գայ կարեւորագոյն հարցադրումներէն մէկը.
-Ո՜վ մարդ, շրջապատդ կրցար խաբել, դուն քեզ խաբեցիր ու կը շարունակես խաբել ամէն օր, հապա զԱստուած ինչպէ՞ս պիտի խաբես, որ քու ամէն ինչդ գիտէ, որովհետեւ՝ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան որեւէ երկսայրի սուր, եւ կը թափանցէ մարդուս շունչին ու հոգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները: Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի: Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ: Եւ Անոր է, որ հաշիւ պիտի տանք» (Եբր 4.12-13): Այս հարցումն է, որ դժբախտաբար սկսած ենք անտեսել եւ անտեսելուն հետեւանքով մեր դերասանական «տաղանդ»ները գործի դրած աւերներ կը գործենք մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին:
Հետեւաբար, պարզ ու յստակ է, որ մեր մեղքերը, անօրէնութիւնները, կամաւոր կուրութիւնն ու եսասիրութիւնն են պատճառը, Աստուծոյ մեզմէ երես դարձնելու: Բայց չի՛ մոռնանք, որ նոյնիսկ այս պարագային Աստուած «Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45):
բ. Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով ու ձեր մատները անօրէնութիւնով պղծուեցան: Ձեր շուրթերը սուտ խօսեցան եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին: Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին: Քննենք մենք մեզ եւ մեր ապրած ընկերութիւնը: Ի՜նչքան շատցած են արիւնով ու անօրէնութեամբ պղծուած ձեռքերն ու մատները. ի՜նչքան բազմացած են ստութիւն եւ անիրաւութիւն արտաբերող լեզուներն ու բերանները: Մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին կը խաբենք, մեր իւրաքանչիւր արարքին կը ստենք, մեզմէ կարծիք հարցուած ատեն անիրաւութեամբ կ՚արտայայտուինք անմեղ մարդոց հասցէին, ինչո՞ւ, նախանձի ու չարակամութեան պատճառով, քանի որ չենք ուզեր որ ուրիշներ մեզմէ աւելի լաւ ըլլան, չենք ուզեր որպէսզի ուրիշներ բարձրունքներու եւ յաջողութիւններու հասնին, յատկութիւն մը, որ շա՜տ խոտոր է հաւատացեալ մարդու կեանքէն: Բայց, ամէն պարագայի, մենք «հաւատացեալ ու Աստուածավախ» ենք, բայց ինչո՞վ այդպիսին ենք, յաճախ մենք ալ չենք գիտեր…
Այսօր յաճախ կը լսենք «արդարութիւն չկայ» արտայայտութիւնը: Այո՛, Աստուծմէ հեռու եւ առանց Աստուծոյ ներկայութեան ապրուած կեանքին մէջ չի՛ կրնար արդարութիւն գոյութիւն ունենալ, որովհետեւ Ճշմարիտ Արդարութիւնը Աստուած Ի՛նք է եւ առանց այդ Արդարութեան ապարդիւն է ուրիշ տեսակի արդարութիւն փնտռել: Ճշմարիտ Արդարութեան բացակայութեան պատճառով է նաեւ, որ այսօր աշխարհի երեսին ամէնօրեայ դրութեամբ անմեղ մարդիկ կը դատապարտուին, որովհետեւ «չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ»:
Տակաւին, մեր կեանքը այնքան սնոտիութեամբ ու ունայնութեամբ լեցուցած ենք, որ Ճշմարիտ Աստուածը ձգած ու մեր երեւակայութեան թափ տուած մենք մեզ մոլորութեան մէջ նետած ենք եւ ցաւալին այն է, որ գոհ ենք մեր այդ մոլորուածութեամբ, քանի որ մեր կեանքը «հանգիստ» կ՚ընթանայ: Բայց մի՞թէ այդպէս է. չարաչար կը սխալինք եթէ այդպէս կը մտածենք, որովհետեւ նման վարքագիծով մենք մեզ դէպի տարտարոս կ՚առաջնորդենք ու մեր Աստուածաշնորհ միտքերը թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին: Քարբի հաւկիթներ կը թխսենք ու սարդի ոստայն կը հիւսենք: Մեր հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, եթէ կոտրեն՝ իժ կ՚ելլէ: Մեր ոստայններէն հանդերձ չըլլար եւ մեր գործերովը չենք կրնար զիրենք ծածկել:
գ. Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ: Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան: Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ: Աստուծմէ հեռու ապրուած կեանք մը ինքնաբերաբար սատանային ու անոր արբանեակներուն խաղահրապարակի ու չարութեան որջի կը վերածուի, ուր կարելի է գտնել ամէն տեսակի անօրէնութեան ու բռնութեան գործեր: Առանց Աստուծոյ իր կեանքը ապրող մարդուն որտքերը զինք ինքնաբերաբար դէպի չարութիւն եւ որճրագործութեան կը տանին: Տակաւին, այդպիսիներուն խորհուրդները՝ անօրէնութեան խորհուրդներ կ՚ըլլան, այսինքն՝ փոխանակ իրենց մէջ եղող աստուածային պատկերին յատուկ գործեր կատարեն, հակառակը, միայն չարութեան եւ անօրէնութեան մասին կը մտածեն գիշեր ու ցերեկ, առանց ամչնալու եւ մանաւանդ՝ առանց վախնալու. ինչո՞ւ, որովհետեւ այնքան չարացած են, այնքան հեռացած են Աստուծմէ, որ իրենց մէջ եղող խիղճը ճարպերու մէջ թաղուած է եւ չի՛ կրնար ազդարարութեան նշաններ արձակել, որով շարունակելով իրենց բռնած ընթացքը դէպի կործանում ու կոտորած կ՚երթան. ո՛չ միայն իրենք այդ ճամբով կ՚երթան, այլ՝ իրենց հետ կը տանին բոլոր անոնք, որոնք իրենց հետ կը համագործակցին կամ համախորհուրդ կը դառնան՝ տկար անհատականութիւն ունենալնուն կամ սխալ ուղղութիւն ստացած ըլլալնուն պատճառով:
դ. Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ: Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին: Աստուծմէ մերկացած մարդուն կեանքը բնա՛ւ խաղաղութիւն չի կրնար ունենալ, ինչքան ալ «հանգիստ», «յաջող» եւ երեւութապէս «երջանիկ» ըլլայ ան, որովհետեւ առանց Աստուծոյ ապրող մարդուն կեանքը խաղաղութեան ճամբան չի՛ ճանչնար ու անոր ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ, քանի որ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար իրենց ճամբաները խոտորցուցին, եւ բոլոր անոնք որոնք անոնց ճամբաներով կը քայլեն՝ խաղաղութիւն չեն կրնար ունենալ: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղութիւն ունենալ առանց Աստուծոյ, երբ Ի՛նք իսկ կը քաջալերէ մեզ, ըսելով. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27). տարբեր է անով, որ մինչ այս աշխարհին տուած խաղաղութիւնը կեղծ ու պատիր է, սակայն Աստուծոյ տուած խաղաղութիւնը ճշմարիտ է ու կենդանարար: Մարդուն հնարաւորութիւն տրուած է ընտրութիւն կատարելու կեղծ ու պատիր եւ կամ ճշմարիտ ու կենդանարար խաղաղութեան միջեւ:
Կրնայ ըլլալ որ ոմանք հակառակին ըսելով, թէ Եսայի Մարգարէին խօսքերը Հին Ուխտին կը վերաբերին, մինչ մենք Նոր Ուխտի՝ Քրիստոսի Սուրբ Արեամբ գնուած Ուխտի ժամանակաշրջանին մէջ կ՚ապրինք: Ճիշդ մատնանշում, սակայն թերի ընկալումով, քանի որ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար:
-Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (Յհ 3.16-21):
Արդարեւ, մենք մեզի այս երկու հարցումները տանք եւ փորձենք պատասխանը գտնել մեր ապրած կեանքին մէջ.
- մենք լո՞յսը աւելի կը սիրենք, թէ՞ խաւարը:
- մեր գործերը Աստուծոյ կամքի՞ն համաձայն կը գործենք, թէ ոչ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
16 յունուար 2022, Վաղարշապատ