ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ
Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման, գէթ իր գտնուած պատմական վայրը յիշողութեան վայրի մը վերածելու ուղղութեամբ Սասուն-Պիթլիս-Մուշի եւ այլ վայրերու հայ փոքրամասնութեանց միութեան կողմէ նախաձեռնուած ջանքերը հետզհետէ կը սկսին տալ իրենց արդիւնքը։ Միութեան վարչութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը յայտնեց, թէ իրենց կատարած դիմումին դրական պատասխան մը հասած է Ազգային մեծ ժողովէն, որ նշած է, թէ վանքի տարածքը ըստ պատշաճի չօգտագործողները պէտք է ենթարկուին պատասխանատուութեան եւ անմիջապէս հարկ եղածը պէտք է կատարուի՝ մաքրելու համար տեղը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ազիզ Տաղճըի գլխաւորած միութիւնը դիմումներ ներկայացուցած էր զանազան պատկան մարմիններուն՝ նշելով, թէ վանքին գտնուած վայրին վրայ այժմ կը գտնուին 48 տուն եւ 6 յարդանոց, ինչ որ խոտոր կը համեմատի հայ համայնքի կրօնական զգացումներուն հետ եւ անարգանք մըն է պաշտամունքի վայրին։ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ տրուած դրական այս առաջին պատասխանէն ետք միութիւնը հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ իրաւական գետնի վրայ գործել՝ գլուխ հանելու համար վանքի գոնէ բարոյական ներկայութեան նկատմամբ յարգանքը։
Թրքահայ կեանք
- 09/01/2025
- 09/01/2025
- 09/01/2025