ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՐԹԱԿԻ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը ծրագրէ հանդիպում մը կազմակերպել՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի շրջանակին մէջ։
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան բացի Անգարա-Թեհրան յարաբերութիւններու ընթացքէն, շօշափուեցան տարածաշրջանային բնոյթով հարցեր։ Ներկայիս աշխատանք կը տարուի Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովի նախապատրաստութեան ուղղութեամբ։ Այս ծիրէն ներս հաւանական է նաեւ կողմերու միջեւ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրուիլը։ Էրտողան-Ռաիսի հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համապատասխան մանրամասնութիւններ։
Հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին Էրտողան մասնաւորապէս կանգ առաւ Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն շուրջ։ Նոյն ամբողջին մէջ ան յիշեցուց, որ ինք եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յղացած են «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման առաջարկը։
Անցեալ ամսուայ սկիզբին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած՝ փոխ-նախարարներու մակարդակով առաջին ժողովէն վերջ, ներկայիս Անգարա կը նախատեսէ հիւրընկալել յաջորդ հանդիպումը։
Հարկ է յիշեցնել, որ Վրաստան որոշած է դուրս մնալ այս հարթակէն։
Վրաստան շատ սերտ համագործակցութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ եւ այդ մէկը իրեն տեսակէտէ ռազմավարական նշանակութիւն ունի՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի հետ առկայ տարակարծութիւններուն եւ դիմադրութեան տեսակէտէ։ Սա է բուն պատճառը, որ Թիֆլիզ զերծ կը մնայ ներգրաւուելէ սոյն հարթակին, որու առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Թուրքիա ցայսօր կը բարձրաձայնեն իրենց սպասումը՝ Վրաստանի մասնակցութեան ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմը ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղեկացուցած է, որ նոյնիսկ իր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը վրացական կողմին տեսակէտէ արգելք մը չի համարուիր՝ այս ձեւաչափին ներգրաւուելու։
Հակառակ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան, Հայաստան ներգրաւուած է «3+3» ձեւաչափին, ինչ որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման այժմու գործընթացին տեսակէտէ նպաստաւոր կը համարուի։ Եթէ «3+3»ի երկրորդ ժողովը տեղի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, ապա Հայաստանէն այցելութեան մը համար կրնայ առիթ հանդիսանալ։ Այս հաւանականութիւնը Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կ՚ենթադրէ երթեւեկ մը։ Արդարեւ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ։ Անոնց յառաջիկայ տեսակցութիւնները Անգարայի եւ Երեւանի մէջ կը նախատեսուին։ Եթէ Թուրքիա հիւրընկալէ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը, դարձեալ Հայաստանէն մասնակցութիւն մը կ՚ակնկալուի։ Մօտաւոր անցեալին հաղորդուած էր, որ Թուրքիա յառաջիկայ մարտին կայանալիք Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին հրաւիրած է նաեւ Հայաստանը։ Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգած էր՝ տեղեկացնելով, որ կ՚արժեւորուի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հաւանական մասնակցութեան նպատակայարմարութեան պարագան։ Ի լրումն այս բոլորին, յարաբերաբար քիչ մը աւելի հեռահար, ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ յունիսին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունենայ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին ձօնուած յոբելենական գագաթաժողովը։ Այս կազմակերպութեան կ՚անդամակցին թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան։ Ուստի, այս պարագան եւս նոր այցելութեան մը հաւանականութիւնը կը ծնի։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման այժմու ջանքերուն մէջ այս բոլոր հաւանականութիւնները կողմերու միջեւ նոր շփումներու կամ այցելութիւններու փոխանակման հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծել։
Վերադառնալով «3+3» հարթակին՝ օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ այլ հարցում մը։ Թիֆլիզ պիտի չմասնակցի՞ նաեւ Անգարայի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք հանդիպման՝ այն պարագային, երբ Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմը տարածաշրջանէն ներս իր հիմնական յենարանն է Ռուսաստանի դէմ։
Հուսկ, հարկ է յիշեցնել, որ Էրտողան-Ռաիսի շաբաթավերջի հեռախօսազրոյցը յաջորդած է Իրանի նախագահին օրերս Մոսկուա տուած այցելութեան, որու ընթացքին Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալուած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։