ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մէկտեղուեցաւ մեր ազգայիններէն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ անոնք զիրար ողջունեցին՝ մասնակցելով կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։

Հայր սուրբի հանդիսապետութեամբ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Ծննդեան ջրօրհնէքին ժամանակ՝ խորհրդանշական կնքահօր խաչը պահած էր Մկրտիչ Սերթշիմշէք։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022