ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՆՑ ԱՄՐԱՆ - 1 -
Ռոպերթ Պ. Թոմաս 1792 թուականէն ի վեր մասնաւորապէս հողագործներու համար կը պատրաստէր եւ կը հրատարակէր «Old Farmer's Almanac» անունով օրացոյց մը, որ կը պարունակէր ցանք-բերքահաւաքի ժամանակը, բաղադրատոմսեր, ասացուածքներ եւ այլն։ Օրացոյցը ունէր նաեւ գուշակութիւններու բաժին մը, որով կ՚առանձնանար իր մրցակիցներէն։
Թոմաս, որ տարիներ շարունակ ուսումնասիրած էր Արեգակնային դրութիւնը, աստղագիտութիւնը եւ եղանակային փոփոխութիւնները՝ ըստ տարիներու, 80 տոկոս ճշգրտութեամբ եղանակային գուշակումներ կատարած էր եւ զանոնք ներառած՝ օրացոյցին մէջ։ Շնորհիւ «Old Farmer's Almanac»ի, որ մեծ համբաւ ձեռք բերած էր, մարդիկ գիտէին անձրեւոտ կամ արեւոտ եղանակի մասին եւ համապատասխանաբար կը ձեւաւորէին բերքահաւաքի ժամանակը։ Նոյնիսկ ձկնորսները կ՚ապաւինէին օրացոյցին՝ ճշդելու համար իրենց ձկնորսութեան ժամանակը։
Թովմաս 1815 թուականին պատրաստած էր 1816 թուականի օրացոյցը, նաեւ տպած եւ տարածած։ Մինչ այժմ ամէն ինչ բնական կը թուի, սակայն, անոնք, որոնք ստացած են օրացոյցը, տեսած են տարօրինակութիւն մը։ Օրացոյցը ստացող հարիւր հազարաւոր մարդիկ տեսած են, որ 1816 թուականի յունիսին եւ յուլիսին պիտի ձիւնէ։ Շուրջ 20 տարիէ ի վեր ամենավստահելի օրացոյցը յանկարծ ծաղրի առարկայ կը դառնայ մրցակից ընկերութիւններու կողմէ, երբ յունուար-փետրուար եւ յունիս-յուլիս ամիսներու կանխատեսումները շփոթուած են։
Թէեւ Ռոպերթ Պ. Թոմաս այրեց իր մօտ պահեստի մնացած բոլոր օրացոյցները եւ չվաճառուածները ետ քաշեց, սակայն հարիւր հազարաւոր մարդիկ արդէն գնած էին զանոնք: Ստիպուած ըլլալով դիմանալ մարդոց հեգնանքներուն, թէ ամբողջ տարուայ ընթացքին պիտի ձիւնէ, Թոմաս արթնցած է 1816 թուականի յունիսի 7-ին՝ բոլորովին այլ օրուան մը։ Տուեալներու համաձայն, թէեւ կը սպասուէր ամառնային շոգ օրուան մը, սակայն սկսաւ ձիւնել ամբողջ Ամերիկայի հիւսիս-արեւելքի եւ Գանատայի հարաւային հատուածին։
Մարդոց մեծամասնութիւնը ոչ միայն Ամերիկայի, այլեւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած այս անսովոր ցուրտն ու ձիւնը կը վերագրէր վհուկներու ու աշխարհի վերջին, մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին այլ էր։ Իրական պատճառը կապուած էր շատ աւելի գիտական պատճառներու. պատճառ, որ հազարաւոր մեթր բարձրութիւն ունի:
Հազարաւոր մեթր երկարութեամբ Թամպորա հրաբուխը կը գտնուի Ինտոնեզիայի սահմաններէն ներս։ Այս հրաբուխը, որ ժայթքած է 1815 թուականի ապրիլի 10-ին, կը նկարագրուի որպէս վերջին 200 տարուայ ամենամեծ հրաբխային աղէտը։
Պայթիւնը այնքան ուժգին եղած է, որ յառաջացած ձայնը լսուած է 1600 քիլօմեթր հեռաւորութենէն։ Ուստի, գիտնականները զայն կ՚անուանեն պատմութեան մէջ ամենաուժեղ ձայնը: Լերան բարձրութիւնը, որ կը կազմէր 3900 մեթր, ժայթքումէն յետոյ իջած է մինչեւ 2700 մեթրի։ Այս ժայթքումի ժամանակ մեծ քանակութեամբ թունաւոր կազ եւ հալած նիւթ բարձրացած է մինչեւ 5-10 քիլօմեթր դէպի երկինք եւ ժամանակի ընթացքին ծածկած՝ գրեթէ ամբողջ աշխարհը։ Այս թունաւոր ծուխի ամպը ծածկած է այնպիսի մեծ տարածք մը, որ Արեւի ճառագայթները չեն կարողացած հասնիլ Երկիր եւ յառաջացուցած է կլիմայի փոքր ծաւալով փոփոխութիւն։ Հրաբուխի ժայթքման արդիւնքին յառաջացած թունաւոր ծուխի ամպի հետեւաքով արեւի ճառագայթները աւելի նուազ հասան Երկիր եւ այսպէսով ջերմաստիճանի անկում արձանագրուեցաւ ճիշդ այն թուականներուն, որոնք նշուած էին վերոյիշեալ օրացոյցին մէջ։ Այդ իսկ պատճառով, 1816 թուականը, այլ խօսքով, սկսաւ կոչուիլ՝ «տարի մը առանց ամրան»։
Ռոպերթ Պ. Թոմաս դրական արձագանգ ունեցաւ՝ «ճիշդ» կանխատեսելով եղանակային փոփոխութիւնը, սակայն առանց ամարան տարին աննախադէպ ազդեցութիւններ ունեցաւ ամբողջ մարդկութեան վրայ: Ձիւնատեղումներու եւ սառոյցի հետեւանքով հողագործները զրկուեցան բերքէն, երկաթուղին չաշխատեցաւ, սովի զոհ գացին բազմաթիւ կենդանիներ, իսկ մարդիկ սկսան գաղթել՝ լքելով իրենց տուները։ Բացի այդ, պայթիւնի հետեւանքով յառաջացած թունաւոր ամպի պատճառով տեղի ունեցած է քոլերայի համաճարակ։ Պայթիւնի հետեւանքով անմիջականօրէն տուժած մարդոց թիւը կը կազմէր մօտաւորապէս 200 հազար հոգի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ