ԱՌՑԱՆՑ ՊՍԱԿ
Այսօր ծանօթ մը ամուսնութիւն պիտի կնքէ օրիորդի մը հետ, որուն հետ ծանօթացած ու սիրահարած է համացանցի ճամբով։ Երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնը պատճառ եղած է, որպէսզի իրար ճանչնան միայն հեռախօսազանքերով ու նամակագրութեամբ: Առանց իրար տեսած ըլլալու որոշած են պսակադրութեան թուական եւ այսօր, իրար տեսնելէ երկու օր ետք կը պսակուին:
Վստահաբար բոլորս ալ ունեցած ենք նման ծանօթներ կամ հարազատներ, որոնք իրենց կեանքի կէսը գտած են համացանցի ճամբով՝ նոյնիսկ ովկիանոսէն անդին:
Այս կապակցութեամբ բարեկամ մը կարծիքս հարցուց. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ առանց երբեք իրար տեսնելու, նամակագրութեամբ մարդ սիրահարի ու պսակուի: Առո՞ղջ բան է:
Կարծիքս ուզեցի գրի առնել:
Համացանցը սուտի ծով մըն է, ուր մարդիկ կ՚ուզեն միայն իրենց լաւ ու բարի կողմերը ցոյց տալ. զարմանալի չէ, եթէ ոճրագործի մը էջին մէջ մարդասիրութեան, պոռնիկի մը էջին մէջ բարոյականութեան ու գողի մը էջին մէջ ողորմութեան մասին տեղադրուած խօսքերու եւ միտքերու հանդիպիք, որովհետեւ համացանցի մէջ մարդ այն չէ՝ ինչ որ է, այլ ա՛յն է՝ ինչ որ կ՚ուզէ ուրիշը զինք այդպէս ճանչնայ:
Համացանցի ճամբով երբ կը հաղորդակցիս անձի մը հետ, անոր բնաւորութիւնն ու նկարագիրը ամբողջութեամբ չես կրնար ճանչնալ. կը ճանչնաս միայն այն մասը որ ինք կ՚ուզէ քեզ ցոյց տալ, որ կրնայ ճշմարտութեան չհամապատասխանել: Այս բոլորը փաստելու համար համաշխարհային մամուլէն մէջբերեմ հետեւեալները. մեր թուականէն երկու տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ 29-ամեայ աղջիկ մը համացանցի նամակագրութեան ճամբով կը ծանօթանայ տղու մը, որ իր բնակութեան վայրէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ կը բնակի: Մի քանի օրեր նամակագրութեամբ հաղորդակցելէ ետք կ՚որոշեն հանդիպում ունենալ... եւ այդ հանդիպումէն ետք աղջիկը կ՚անյայտանայ: Որոշ ժամանակ ետք ի յայտ կու գայ սպանութիւնը եւ կը բացայայտուի, թէ ոճրագործին օգտագործած նկարն ու անուն-մականունը կեղծ է: Հարց. աղջիկը նամակագրութեան ճամբով կրնա՞ր հասկնալ դիմացի անձին ոճրագործ ըլլալը. կը կարծեմ դժուար:
Այսօր մարդիկ իրենց նկարագիրի կողքին կրնան կեղծել իրենց նկարները, իրենց անունները, իրենց ապրելակերպն ու հետաքրքրութիւնները՝ պարզապէս դիմացինին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար:
Այնպէս ինչպէս ծանուցումի ժամանակ ապրանքանիշի մը միայն լաւ յատկութիւնները ցոյց կը տրուին ու կը շեշտադրուին, նոյնն է նաեւ մարդուն պարագան. այսօր համացանցը իւրաքանչիւրին համար ինքզինք ներկայացնելու ծանուցման հարթակ է եւ վստահաբար ոչ ոք իր յոռի ու վատթար կողմը ցոյց պիտի ուզէ տալ:
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր երիտասարդութեան 31 առ հարիւր տոկոսը իր կեանքի «կէս»ը կը գտնէ համացանցի միջոցաւ եւ հետեւաբար զարմանալի չէ ամուսնալուծութեան պարզած 41 առ հարիւր տոկոսի վիճակագրութիւնը:
Ես կողմ եմ, որ զոյգեր նախքան ամուսնութիւն որոշ ժամանակ՝ առանց հեռաւորութեան ապրելու ճանչնան իրար, որովհետեւ համացանցի ճամբով չենք կրնար դիմացի անձին նկարագրի ամբողջական գիծերը ճանչնալ. չենք կրնար գիտնալ, թէ այդ անհատը ինչպէս կը ջղայնանայ, ինչպէս կ՚ուրախանայ. ինչ բանը զինք կը նեղացնէ եւ ինչ բանը ոչ. կրնայ պատահիլ որ ջղայնութեան պահուն դիմացինը հարուածող ու ծեծող անձ մը ըլլայ... եւ դուն անտեղեակ ըլլաս բնաւորութեան այդ գիծէն: Կարծիքովս՝ առանց լաւապէս ճանչնալու պսակուիլը անձը պսակէն ետք նոր ճանչնալ է: Նոյնիսկ համացանցով երկար տարիներու խօսակցութիւնը բաւարար չէ անձը լաւապէս ճանչնալու։ Լիբանանցի ծանօթներէս մին Ամերիկա ապրող տղու մը հետ պսակուեցաւ. աւելի քան 4 տարի համացանցով գիտէին իրար եւ մինչեւ իսկ տղան մի քանի առիթներով այցելած էր Լիբանան. անցեալները, պսակուելէ ետք կը խօսէր տղուն բնաւորութեան կարգ մը գիծերուն մասին, որոնք իրեն համար անտանելի էին. այլ հայաստանցի ծանօթ մը կը գրէր. «սենց չէի պատկերացնում»:
Պատահած է որ համացանցի ճամբով ծանօթացած եմ մարդոց եւ յետոյ հանդիպում ունեցած. շատ անգամ անոնց մէջ նկատած եմ երկու տարբեր անձեր՝ համացանցինը եւ իրականութիւնը. ինքզինք քաղաքակիրթ ներկայացնողը եղած է անկիրթ, գրականասէր ներկայացնողը՝ անգրագէտ:
Վստահաբար բացառութիւններ միշտ ալ գոյութիւն ունին, սակայն մեծամասնութեան մօտ պատկերը նոյնն է: Ճիշդ է, որ համացանցը իր դրական կողերը ունեցաւ մարդկութեան կեանքին մէջ, սակայն անոր ժխտական կողմերը պակաս չեն դրական կողմերէն:
Մեր նախնիները կ՚ըսեն, մինչեւ տունի անդամ չի դառնաս, չես կրնար գիտնալ, թէ ինչ կայ այդ տունին մէջ. համացանցը այդ ճշմարտութիւնները լաւապէս պահելու շնորհքը ունի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆ
(1905-1977)
Մեր թուականէն 45 տարիներ առաջ՝ 24 յունուար 1977-ին Երեւանի մէջ մահացած է յայտնի թատերական գործիչ, բեմադրիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ Վարդան Աճէմեան:
Եղած է դերասանուհի Արուս Ասրեանի ամուսինը. ծնած է 15 յուլիս 1905 թուականին, Վանի մէջ. 1924 թուականին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանը եւ ընդունուած՝ Մոսկուայի թատերական ուսումնարան, աշակերտելով ժամանակի յայտնի դերասաններու:
Ուսումը աւարտելէ ետք Աճէմեան հաստատուած է Թիֆլիզ, ուր ղեկավարած է տեղի հայկական թատերական խումբը, առաջին անգամ ներկայացնելով Դերենիկ Դեմիրճեանի «Յաղթական սիրոյ երգ» թատրերգութիւնը. 1928 թուականին մեկնած է հայրենիք եւ Լենինականի մէջ հիմնած է Կիւմրիի պետական թատրոնը, ուր առաջին անգամ ներկայացուած են իր հեղինակած թատրերգութիւնները (այդ թատրոնը այսօր կը կրէ Վարդան Աճէմեանի անունը):
Դերասանութեան ու թատրերգրութեան կողքին Աճէմեան զբաղած է նաեւ բեմադրութեամբ եւ բեմական ձեւաւորումներով. 1970 թուականին «Անուշ» օփերայի բեմադրութեան համար արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակին: Աճէմեանի բեմադրութիւններէն յայտնի են Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Էլի մէկ զոհ»ը, Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է»ն, Շիրվանզատէի «Նամուս»ը, «Քաոս»ն ու «Պատուի համար»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ, երկար տարիներ դասաւանդելով Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառէն ներս:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ Աճէմեան արժանացած է «Սոցիալական աշխատանքի հերոս» եւ Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ կոչումներուն, միաժամանակ դառնալով Ստալինեան Գ. կարգի մրցանակի դափնեկիր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ