ՀԱՍԱՆՈՎ ԹԵՀՐԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Աշտիանիի կողմէ։ Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ այս այցելութեան շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Իր խօսքով՝ այս այցելութիւնը լաւ սկիզբ մըն է 2022 թուականին համար։

Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ կը գտնուին։ Մօտաւոր անցեալին Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ լուրջ լարուածութիւն յառաջացած էր՝ երբ Ատրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական համագործակցութեան զանազան դրսեւորումներէն անհանգստանալով Իրան մեծ զօրավարժութիւններ իրականացուցած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանի մերձակայքին՝ մեծ քանակութեամբ զօրք կուտակելով։ Խնդիրը թէեւ հարթուած էր, սակայն, Ատրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական համագործակցութիւնը միշտ ալ խնդրայարոյց պարագայ մը կը համարուի Իրանի տեսակէտէ։

Մինչ այդ, երկու երկիրներն ալ վերջին շրջանին համագործակցութեան յաւելեալ ձեւաչափի մը ներգրաւուած են՝ «3+3» տարածաշրջանային հարթակով։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022