ԽԱՂԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրող ափրիկեցի հրապարակախօս եւ գրող Ուիլիըմ Պոլիթօ կը գրէ. «Խաղամոլ անձը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իր կեանքը անհիմն յոյսերու վրայ կառուցող մարդ մը»:
Մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Բաբգէն Թունեան ելոյթի ընթացքին յայտնեց, թէ 2021 թուականին Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս բախտախաղերու վրայ ծախսուած է աւելի քան 3.200.000.000.000 եռիլիոն դրամ (աւելի քան 665.316.480 ամերիկեան միլիոն տոլար), ինչ որ Հայաստանի նման տնտեսապէս աղքատ պետութեան մը համար մտահոգեցուցիչ ու սարսափազդու թիւ է:
Պատգամաւորը յայտնեց, թէ 2021 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եկամուտը եղած է 1.600.000.000 եռիլիոն դրամ, այսինքն խաղամոլութեան վրայ ծախսուած գումարին կէսէն ալ պակաս:
Աշխարհի պատմութեան համար խաղամոլութիւնն ու բախտախաղը նոր երեւոյթ մը չէ. ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, թէ բախտախաղը գոյութիւն ունեցած է Ն.Ք. 3000 տարիներ առաջ՝ զառախաղերով: Պօղոս առաքեալ իր Տիմոթէոսին գրած առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «շատեր դրամ դիզելու ձգտելով հաւատքէն շեղեցան եւ իրենք զիրենք տանջեցին բազմաթիւ ցաւերով» (Ա. Տմ 6.10): Շատեր կը հաւատան, թէ այդ միջոցները նոյնինքն բախտախաղն ու խաղամոլութիւնն է. դարեր ետք այսօր եւս շատեր կը շարունակեն իրենք զիրենք «տանջել այդ ցաւերով»:
Վերջին տասնամեակին սակայն, այդ մէկը դրամասիրութենէն ու շահամոլութենէն դուրս գալով ստացաւ հիւանդութեան տեսք ու որպէս կեանքի զեխութիւն դիտուելէ աւելի ախտի մը տեսք ստացաւ։ Հոգեբաններ սկսան այդ մէկը բացատրել որպէս կախուածութեան հիւանդութիւն, որու պատճառով չի կրնար իշխել իր խաղադրոյք կատարելու զգացումներուն վրայ:
Խաղամոլութիւնը պատճառ դարձաւ հազարաւոր ընտանիքներու քայքայման, բազմատասնեակ մարդոց ինքնասպանութեան ու սնանկացման, շատեր հասցնելով մինչեւ իսկ աղքատութեան աստիճան: Աւելին, պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ ստիպուին դիմել գողութեան՝ իրենց կորսնցուցած դրամը «ետ բերել»ու նպատակով, իսկ գողութիւնը իր կարգին մարդը կ՚առաջնորդէ ստախօսութեան, մինչեւ իսկ մարդասպանութեան ու զանազան ախտերու:
Առիթը ունեցած եմ խաղամոլներ ուսումնասիրելու եւ անոնց մէջ պարզած հետեւեալ պատկերը. համոզուած եմ, որ գոյութիւն ունին երկու տեսակ խաղամոլներ՝ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր: Առաջին խումբը ընդհանրապէս դրամ չունեցողներուն խումբն է, որոնք իրենց փոքր աշխատավարձն ու օրուան հացի դրամը կը դնեն խաղերու մէջ, կրկնապատկելու, քառապատկելու եւ կոկիկ գումար մը ձեռք բերելու միտումով: Երկրորդ դասակարգը հարուստներն են, որոնք իրականութեան մէջ խաղին բերած շահին կարիքը չունին, պարզապէս յաղթելու եւ խաղալու երեւոյթն է որ իրենց հաճոյք կը պատճառէ: Օրինակ՝ ամերիկացի Թերանս Ուաթանապի (Terrance Watanabe) կորսնցուցած է աւելի քան 210 միլիոն ամերիկեան տոլար. 2020 թուականի տուեալներով՝ անոր հարստութիւնը այսօր կը կազմէ 15 միլիոն ամերիկեան տոլար. այս մէկը ինքնին հիւանդութիւն մըն է, որովհետեւ տրամաբանութենէ դուրս է նման մեծահարուստի մը արարքը, երբ նոյն գումարով կրնայ կեանքի ամէն տեսակ «հանգստութիւն» ապահովել:
Վիճակագրական տեղեկութիւններ կը յայտնեն, թէ Ամերիկայի մէջ աւելի քան 25 միլիոն մարդ խաղամոլութեան պատճառով յառաջացած դրամական պարտքերով կը տառապին։ Հայաստանի վիճակագրութիւնը պարզուած չէ, սակայն հայրենիքի մէջ եւս անոնց թիւը քիչ չէ. երբ Հայաստան նոր հաստատուեցայ, գրեթէ ամէն քայլափոխի նմանատիպ յայտարարութիւններ կային. «Շտապ գումարի տրամադրում». իմ բնակած շրջանիս մէջ հաւանաբար 24 ժամ աշխատող դեղատուն չգտնենք, սակայն կան 24 ժամ աշխատող վարկային կազմակերպութիւններ, որոնք ոսկիի կամ տունի գրաւի դիմաց գումար կը տրամադրեն մարդոց:
Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունի հիմնական չորս մեծ բախտախաղերու կազմակերպութիւն, որոնք կ՚ապահովեն հեռուստացոյցի, ձայնասփիւռի եւ ճամբաները տեղադրուած յայտարարութիւններու պակասը. այսօր Հայաստանի ամբողջ տարածքը ողողուած է անոնց յայտարարութիւններով:
Հակառակ այս բոլորին, տեղ մը իրենց գոյութիւնը նաեւ շահ է, այն պատճառով որ բազմաթիւ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կ՚աշխատին այդ կազմակերպութիւններէն ներս, շուկայական գործերէն շատ աւելի աշխատավարձ ստանալով. վերջերս անոնցմէ մին յայտարարեց, թէ ունի աւելի քան 5 հազար պաշտօնեայ-աշխատող: Հազարաւորներու տունը անոնց պատճառով կը քանդուի, սակայն հազարաւորներ իրենց տունը կ՚ապրեցնեն անոնց շնորհիւ:
Եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու մէջ այսօր գոյութիւն ունին խաղամոլութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններ, որոնք հոգեբաններու եւ հոգեբոյժներու շնորհիւ կը փորձեն մարդոց մէջէն վերացնել այդ ախտն ու հիւանդութիւնը։ Նման արշաւ ու աշխատանք Հայաստանի մէջ եւս պէտք է սկիզբ առնէ, ի հարկին նոյնինքն կառավարութեան կողմէ. պետութիւններ շատ անգամ գոհ կը մնան այս վիճակէն, որովհետեւ ամենամեծ հարկերն ու վճարումները, հաւանաբար կաշառքները կը ստանան նման կազմակերպութիւններու կողքին:
Ապրի՛ այն մարդը, որ իր կիրքերուն վրայ գիտէ իշխել ու հաւասարակշռել:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԶԱՔԻԵՒ
(1874-1945)
Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ՝ 25 յունուար 1945-ին, Երեւանի մէջ մահացած է ճարտարապետ եւ Հայաստանի Ճարտարապետութեան միութեան անդամ Յարութիւն Զաքիեւ (բուն անունով Յարութիւն Զաքեան):
Զաքիեւ ծնած է 24 մարտ 1874-ին, Նոր Նախիջեւանի մէջ: Իր ճարտարապետական ուսումը ստացած է Ռիկայի բազմարուեստեան դպորցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1908 թուականին: Նոյն տարին՝ 1908-ին Ռիկայի մէջ նախագծած եւ կառուցած է Պլիւմի անուան դպրոցն ու «Եղբայրական օգնութիւն» ընկերութեան տունը:
Զաքիեւ 1928-ին վերադարձած է հայրենիք եւ 1928-1930 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, վարելով համալսարանի շինարարական կաճառի վարիչի պաշտօնը. 1930 թուականին եղած է «Երքաղշինհսկողութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, իսկ 1930-1932 թուականներուն եղած է Ալեքսանդր Թամանեանի օգնականը եւ մասնակցած՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի շինութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ շէնքերու շինութեան:
Զաքիեւի ճարտարապետութեամբ Նոր Նախիջեւանի եւ Տոնի Ռոստով շրջաններուն մէջ կառուցած է Առեւտուրի աշխատողներու ակումբը (1912-1915 - այժմ Սպայի տուն), «Աշխատասիրութիւն» ընկերութեան շէնքը, «Փալաս Հոթել»ն ու «Ինթերնասիոնալ»ը, Սարգիս Կիստովի եկամտաբեր տունը (այժմ համալսարան) եւ բազմաթիւ այլ շինութիւններ: Զաքիեւի ճարտարապետութեամբ կառուցուած է նաեւ Երեւանի թիւ 3 հիւանդանոցն ու Ռուսաստանի մէջ Շիրիմեանի եկամտաբեր տունը:
Զաքիեւ 1935 թուականին դարձած է Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան անդամ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ