ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷ ԱՌԱՋ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԳԻՐՔ
Անոնք որոնք գիր-գրականութեան մօտ չեն, կը կարծեն, թէ գրուած գիրքերը պարզապէս կատարուած դէպքի մը նկարագրութիւնն են: Իրականութեան մէջ անոնք տեղեկագրութենէն աւելի համոզում եւ ապրում է, որ կը փորձեն փոխանցել ընթերցողին, նոյնիսկ շատ անգամ պարտադրել եւ կամ համոզել փորձելով զիրենք:
Տարիներ առաջ կարդացի նման գիրք մը, որ կը փորձէր անձնասպաններու մասին մարդոց ունեցած կարծիքն ու մտածումները փոխել, այդ արարքը ներկայացնելով տրամաբանական ու ճիշդ, նկատելով քաջագործութիւն: Գիրքը Նար-Դոսի (բուն անունով՝ Միքայէլ Յովհաննիսեան) հեղինակութեամբ առաջին անգամ 1912 թուականին Թիֆլիզի մէջ տպագրուած «Մահը» աշխատութիւնն էր, ուր հեղինակը 27 ամեայ տղու մը բերնով անձնասպանութենէ առաջ հետեւեալ հետաքրքրական միտքերը կը փոխանցէ. «Գիտե՞ս որն է իսկական խելագարութիւնը.- ա՛յն, երբ կը զգաս, կը տեսնես, համոզուած ես որ կեանքը անիմաստ բան է, աւելի պարա՛պ քան տորիչելեան դատարկութիւնը, եւ այնուամենայնիւ կը շարունակես ոչ թէ միայն ապրիլ, այլեւ կաշիէդ դուրս կու գաս որ կրցածիդ չափ երկար ապրիս»:
Բոլորիս մօտ ալ նոյնը չէ՞ պարագան. բոլորս ալ կը բողոքենք աշխարհի անարդարութեան, չարութեան ու քաոսային իրավիճակին մասին, սակայն հակառակ այդ բոլորին կը շարունակենք կապուած մնալ կեանքին եւ ամէ՛ն բան կ՚ընենք, տարի մը, նոյնիսկ մի քանի ամիս կամ օր աւելի ապրելու համար: Այս բոլորին դիմաց Նար-Դոս կը յայտնէ, թէ «անձնասպանները ո՛չ թէ խելագար, այլ ամենէն իմաստուն մարդիկն են, որովհետեւ միայն անոնք գիտեն կեանքի իսկական արժէքը»:
Հեղինակը կ՚ուզէ մարդոց մօտ փոխել այն համոզումը, թէ անձնասպանները վախկոտ մարդիկ են. ան կը բացատրէ, թէ անոնք ամենէն զօրաւորներն են, որովհետեւ երբ ամբողջ աշխարհը մահէն կը սարսափի, անոնք իրենց կամքով կը մօտենան մահուան եւ կը նետուին անոր գիրկը. այս պարագային ո՞վ է անվախը:
Իրականութեան մէջ մեր հայ գրականութեան ամենէն հետաքրքրական գիրքերէն մէկն է «Մահը» աշխատութիւնը, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ, փիլիսոփայական ու հոգեբանական վերլուծումներով լեցուն. այդտեղ կարելի է գտնել մահուան գովքն ու ներբողը: Անձնասպանութիւն գործելէ առաջ երիտասարդը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ իր ապրումները. «Երբ մտածեմ, որ վաղը եւ յաւիտեան այլեւս պիտի չի մտածեմ, ինձ կը թուի թէ աշխարհի ամենէն երջանիկ մարդն եմ ես միւս բոլոր արարածներուն մէջ: Միակ վախս այն է, որ գուցէ այնպէս պատահի, որ մարդիկ ինձ դարձեալ ստիպեն ապրիլ»:
Աշխարհի առաջին փիլիսփաներէն Պղատոն ու Արիստոտէլ իրենք եւս ուսումնասիրած ու խօսած են անձնասպանութեան ինչութեան մասին. անոնցմէ վերջինը կը յայտնէ, թէ «աղքատութենէն, ցանկութենէն եւ կամ ցաւէն խուսափելու համար սեփական կեանքին վերջ տալը սխալ եւ կամ վախկոտութիւն չէ». անշուշտ բոլոր փիլիսոփաները չեն որ այսպէս մտածած են. օրինակ՝ Սոկրատ միշտ յայտնած է այն միտքը, որ «մարդ Աստուծոյ սեփականութիւնն է, հետեւաբար Աստուած ինք կրնայ միայն մարդու կեանքին վերջ տալ»: Անձնասպանութեան դէպք կը տեսնենք նոյնիսկ Աստուածաշունչի Դատաւորաց գիրքին մէջ, ուր Աբիմելիք հրաման կու տայ իր զինուորներէն մէկուն զինք սպաննելու: Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ անձնասպանութիւնը եւս հի՛ն է այնքան՝ ինչքան աշխարհն ու մարդկութիւնը եւ հաւանաբար այս է պատճառը մինչեւ օրս, թէ բազմաթիւ կողմերով կը շարունակուի ուսումնասիրութեան առարկայ ըլլալ անձնասպանութիւնը:
Վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, թէ աշխարհի երեսին ամէն տարի աւելի քան 3 միլիոն մարդ ինքնասպանութեան կը դիմէ եւ անոնցմէ միայն 800 հազարը կը յաջողի վերջ տալ իր կեանքին:
Բարեբախտաբար վերջերս շատ չեմ լսած, սակայն Հայաստանի մէջ եւս պակաս չէր անձնասպան եղողներուն թիւը. երկու տարի առաջ գրեթէ ամիսը մի քանի անգամ կը լսէինք, թէ անձեր նետուած են Յաղթանակի եւ կամ Քիեւեան կամուրջէն ու վերջ դրած իրենց կեանքին. անոնց մէջ կար նոյնիսկ 14-15 տարեկան պարմանուհի մը. ցաւ ի սիրտ Լիբանանի մէջ ալ անցնող մի քանի տարիներուն հայ երիտասարդներ զանազան պատճառներով վերջ դրին իրենց կեանքին. շատեր սիրահարութեան, շատեր նիւթական տագնապներու եւ շատեր հոգեկան տարբեր տարբեր խանգարումներու պատճառով:
Պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք ինքնասպան եղած յայտնի հայեր եւս. անոնցմէ մէկն է Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, որ երկու անգամ անյաջող ինքնասպանութեան փորձ կատարելէ ետք յաջողած է վերջ դնել իր կեանքին. երկրորդը մեր թուականէն 9 տարիներ առաջ էր՝ արձակագիր ու թատերագիր Վրէժ Իսրայէլեանի անձնասպանութիւնը. վերջինս անձնասպան ըլլալէ առաջ գրած էր նամակ «չեմ ուզեր ես ինձմէ զզուիլ ու նոր հեռանալ. մնա՛ք բարով» տողերով եւ նամակին քով դրած իր հրատարակած «Վաղ թէ ուշ» աշխատութիւնը:
Նար-Դոս Հայաստանի քայլերգէն վերցնելով «մարդ մի անգամ պիտի մեռնի» տողերը, ընթերցողներուն հետեւեալը կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոր, որ բացի մէկ անգամէն՝ շուտ կը մեռնի: Հազար երանի կու տայի, եթէ ես մեռնէի ա՛յն ժամանակ երբ տակաւին գիտակցութիւնս չէր արթնցած»:
Կեանքի ինչութիւնը անգամ մը եւս հարցականի տակ դնելու համար կ՚արժէ անգամ մը կարդալ «Մահը», որուն հլու հնազանդ գերիները պիտի դառնանք վա՛ղ թէ ուշ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄՀԵՐ ԱԲԵՂԵԱՆ
(1909-1994)
Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 26 յունուար 1909-ին, Վաղարշապատի մէջ ծնած է նկարիչ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդային նկարիչ Մհեր Աբեղեան:
Մհեր Աբեղեան զաւակն է հայագէտ, գրականագէտ, լեզուաբան, բառարանագիր եւ բանահաւաք Մանուկ Աբեղեանի: Իր կրթութիւնը ստացած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս եւ ապա ընդունուած՝ Մոսկուայի բարձրագոյն գեղարուեստական ուսումնարան, միաժամանակ ուսանելով կերպարուեստի ուսումնարանէն ներս:
Աբեղեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք 1937-1945 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է իր ուսանած Փանոս Թելեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս, իսկ 1954-1959 թուականներուն՝ Երեւանի Պետական գեղարուեստական եւ թատերական կաճառէն ներս: Աբեղեան երիտասարդ տարիքէն սկսած է նկարչական գործեր ստեղծագործել. երեսուն տարեկանին՝ 1939-1945 թուականներուն եղած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ. նոյն պաշտօնը վարած է նաեւ 1967-1968 թուականներուն: Իր աշխատութիւններով Աբեղեան ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Մոսկուայի, Էսթոնիոյ, Լաթւիոյ, Փեթերսպուրկի, Ուքրայնայի, Վրաստանի, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր:
Աբեղեանի յայտնի գործերէն են նկարազարդումները «Սասունցի Դաւիթ» հեքիաթին, Յովհաննէս Շիրազի «Օձն ու մեղուն» աշխատութեան. անոր յայտնի կտաւներէն են «Նորքի ճանապարհը», «Դեղձեր եւ խաղող», «Սեւանայ կղզում», «Խաղաղութիւն եւ պատերազմ» եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ Մհեր Աբեղեան արժանացած է «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ 1960 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչ կոչումին:
Մինչեւ օրս Էջմիածնի մէջ կը գործէ Մհեր Աբեղեանի թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին նկարիչին գործերէն:
Մհեր Աբեղեան մահացած է 20 նոյեմբեր, 1994 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024