ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Գո­հու­թիւն» իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ մա­տու­ցուած շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ո­րե­ւէ բա­րի­քի մը կամ ըն­ծա­յի մը փո­խա­րէն։ Կեր­պով մը, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն է ան, եւ նաեւ գո­հու­թիւն մա­տու­ցա­նո­ղին այդ ըն­ծա­յէն օգ­տա­կա­րու­թիւն մը քա­ղած ըլ­լա­լը ցոյց կու տայ։

Ա­ւե­լի նեղ ի­մաս­տով, «գո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ Աս­տու­ծոյ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել իր շնորհ­նե­րուն հա­մար։

Եւ քա­նի որ գո­հու­թեան մէջ «օգ­տա­կա­րու­թիւն»ը, օգ­տուած ըլ­լա­լը էա­կան եզր մըն է, եւ քա­նի որ Աս­տուած միշտ բա­րի կը կա­մե­նայ, ա­պա ու­րեմն Ա­նոր ա­մէն շնոր­հը օգ­տա­կար է, կը հե­տե­ւի, թէ Աս­տու­ծոյ ա­մէն շնոր­հին հա­մար մարդ, բ­նա­կա­նա­բար գո­հու­թիւն պէ՛տք է յայտ­նէ։

Գո­հու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ հրէա­կան օրհ­նու­թիւ­նը՝ որ կը հռչա­կուի մա­նա­ւանդ ընթ­րի­քի պա­հուն՝ Աս­տու­ծոյ գոր­ծե­րուն նկատ­մամբ. ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը, փրկչա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ մար­դոց սրբա­ցու­մը։ Ուս­տի Սաղ­մո­սեր­գուն կը պա­տուի­րէ միշտ գո­հու­թիւն յայտ­նել։

«Բա­րի է գո­հա­նալ Տէ­րոջ­մէն ու սաղ­մոս ը­սել քու ա­նուանդ, ո՛վ Բար­ձեալ» (ՍԱՂՄ. ՂԲ 1)։ Եւ բա­րի ըլ­լա­լուն հա­մար պա­տուի­րած է. «Շնոր­հա­կա­լու­թեան զոհ մա­տու­ցա­նէ Աս­տու­ծոյ, ու քու ուխ­տերդ կա­տա­րէ Բար­ձեա­լին» (ՍԱՂՄ. Ծ 14)։­

Ար­դա­րեւ Քրիս­տոս ի՛նք տի­պա՛րն է գո­հու­թեան։

«Նոյն ժա­մա­նակ Յի­սուս ը­սաւ.- Շնոր­հա­կալ եմ քեզ­մէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկ­նի եւ երկ­րի, որ այս բա­նե­րը ծա­ծուկ պա­հե­ցիր ի­մաս­տուն­նե­րէն եւ գի­տուն­նե­րէն ու տղոց յայտ­նե­ցիր» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25)։ «Եւ գա­ւա­թը ա­ռաւ, գո­հա­ցաւ…» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 27)։ «…Յի­սուս իր աչ­քե­րը վեր վեր­ցուց ու ը­սաւ.- Հա՛յր, շնոր­հա­կալ եմ քեզ­մէ, որ ին­ծի լսե­ցիր» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 41)։

­Գո­հու­թիւն յայտ­նե­լու ա­րար­քը, յանձ­նա­ռու կը դարձ­նէ մարդս աղ­քատ­նե­րուն հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ, մար­դիկ ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ երբ գո­հու­թիւն կը յայտ­նեն ո­րե­ւէ շնոր­հի մը հա­մար, կ՚ա­ւելց­նեն ու կ՚ը­սեն. «Այս շնոր­հէն չօգ­տուող­ներ, ա­սի­կա չու­նե­ցող­ներ ալ կան, մէ­կուն ու­նե­ցա­ծը կրնայ ըլ­լալ որ ու­րիշ մէ­կը չու­նե­նայ»։ Ա­հա­ւա­սիկ, գո­հու­թիւն յայտ­նե­լով կ՚անդ­րա­դառ­նան ու­րիշ­նե­րու՝ ո­րոնք ի­րենց­մէ նուազ բախ­տա­ւո­րուած են աշ­խար­հի բա­րիք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Իսկ երբ այս անդ­րա­դար­ձու­մը, գո­նէ մա­սամբ ա­ռիթ ըն­ծա­յէ «չու­նե­ցող»ին օգ­նե­լու, ու­նե­ցող­նե­րուն ի­րենց ու­նե­ցա­ծը բաժ­նե­լու ա­նոնց հետ, ա­հա­ւա­սիկ գո­հու­թիւ­նը կա­տա­րած կ՚ըլ­լայ իր դրա­կան դե­րը ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով։ Ուս­տի ա­մէն գո­հու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ անդ­րա­դար­ձում մըն է ի­րե­րօգ­նու­թեան կո­չու­մին, թէ ու­նե­ցո­ղը պէտք է բաժ­նէ իր ու­նե­ցա­ծը չու­նե­ցող­նե­րուն հետ։ Գո­հու­թեան այս գոր­ծե­լա­կեր­պը կ՚են­թադ­րէ կո­չու­մի անդ­րա­դար­ձում։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով կա­րե­ւոր է, նոյ­նիսկ անհ­րա­ժե՛շտ գո­հու­թիւն յայտ­նել ա­մէն բա­րի­քի հա­մար, զոր մարդ կը վա­յե­լէ։

Գո­հու­թեան մի­ջո­ցով մարդս կը ստա­նայ իր հան­դեր­ձեալ կեան­քին գրա­ւա­կա­նը։ Գո­հու­թիւն յայ­տե­լու զգա­ցու­մով եւ պա­հանջ­քով՝ մարդս կը լիա­նայ երկ­նա­յին օրհ­նու­թեամբ եւ շնորհ­քով, այլ նաեւ ան կան­խու­մը կը հան­դի­սա­նայ երկ­նա­յին փա՛ռ­քին։

Գո­հու­թիւն յայտ­նե­լով, մարդ յայտ­նած կ՚ըլ­լայ, որ թող գան աս­տուա­ծա­յին շնորհ­նե­րը ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի եւս եւ անցնի՛ն աշխարհը։ Գոհութիւն յայտնելով, մարդ կը ճանչնայ իր Ստեղ­ծի­չը եւ Նա­խախ­նա­մը՝ Հա՛յ­րը։

Ը­սինք, որ գո­հու­թիւն յայտ­նել՝ կան­խումն է երկ­նա­յին փառ­քին։ Աս­տուած յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նու­թիւն է, կեանք ան­մա­հա­կան եւ լո՛յս ան­շի­ջա­նե­լի։ Աս­տուած կ՚ու­զէ ա­զա­տա­կա­մօ­րէն հա­ղոր­դել իր ե­րա­նա­ւէտ կեան­քին փառ­քը։ Ա՛յս է հա­ճու­թեան ծրա­գի­րը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը. (Ե­ՓԵՍ. Ա 9)։ Այս «ծրա­գիր»ը շնորհք մըն է՝ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ռաջ տրուած (Բ. ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան կը ծա­ւա­լի ամ­բողջ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան տա­րած­քին եւ փրկու­թեան ամ­բողջ պատ­մու­թեան վրայ։ Աս­տուա­ծա­յին ամ­բողջ տնտե­սու­թեան վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նը՝ ա­րա­րած­նե­րուն մո՛ւտքն է Ե­րա­նա­ւէտ Եր­րոր­դու­թեան կա­տա­րեալ միու­թեան մէջ։ Ար­դա­րեւ, գո­հու­թիւ­նը պէ՛տք է միշտ «գո­վու­թեան» զգա­ցու­մին հետ ըլ­լայ. «Առ­տու­նե­րը՝ քու ո­ղոր­մու­թիւնդ ու գի­շեր­նե­րը քու հա­ւա­տար­մու­թիւնդ պատ­մել… վասն­զի Դուն, ո՛վ Տէր, քու գոր­ծովդ զիս ու­րա­խա­ցու­ցիր, քու ձեռ­քե­րուդ գոր­ծե­րո­վը պի­տի ցնծամ» (ՍԱՂՄ. ՂԲ 2 եւ 4)։

­Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քի ա­մէն մէկ շունչ, ա­մէն մէկ պահ ար­ժա­նի է գո­հու­թիւն յայտ­նե­լու, քա­նի որ մենք մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով ո՛­չինչ կրնանք կա­տա­րել՝ այն ի՛նչ որ հա­կա­ռակ է Աս­տու­ծոյ կամ­քին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին։ Այն որ Աս­տուծ­մէ է՝ բա­րի՛ է եւ այն ինչ որ բա­րի է՝ գո­հու­թեան ու գո­վու­թեան ար­ժա­նի է։

«Ես քե­զի գո­հու­թիւն ու փառք կը մա­տու­ցա­նեմ, ո՛վ իմ հայ­րե­րու Աս­տուա­ծը՝ որ ին­ծի ի­մաս­տու­թի՛ւն ու զօ­րու­թիւն տուիր ու հի­մա ին­ծի գիտ­ցու­ցիր ի՛նչ որ քեզ­մէ խնդրե­ցինք, քան­զի թա­գա­ւո­րին բա­նը մե­զի գիտ­ցու­ցիր», կ՚ը­սէ Դա­նիէլ Մար­գա­րէ. (ԴԱ­ՆԻԷԼ Բ 23)։­

Ու­րեմն ի­մաս­տու­թիւն, զօ­րու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն Աս­տուծ­մէ կու գայ։ Պահ մը խոր­հե­ցէ՛ք, իմ շատ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ո՛ր­քան ի­մաս­տուն, ո՛ր­քան զօ­րա­ւոր, ո՛ր­քան կա­րող ու կա­տա­րեալ զգանք մենք զմեզ, միշտ տկա­րու­թիւն մը, միշտ թե­րու­թիւն մը, միշտ ան­կա­տա­րու­թիւն մը, միշտ ան­կա­րո­ղու­թիւն մը չե՞նք ու­նե­նար. ո՞վ կրնայ տի­րա­նալ իր ա­մէն ու­զա­ծին եւ ո՞վ կրնայ կա­տա­րել այն ա­մէն բա­նը՝ զոր կա­տա­րել կը փա­փա­քի։ Ժո­ղովր­դա­կան խօս­քը կ՚ը­սէ. «Մար­դիկ կը ծրագ­րեն եւ Աս­տո­ւած կը ծի­ծա­ղի», ինչ­պէս նաեւ յայտ­նի խօսք է. «Խոր­հուրդ՝ մարդ­կան, կամք՝ Աս­տու­ծոյ»։ Ու­րեմն պատ­շաճ չէ՞, որ մարդ գո­հու­թիւն յայտ­նէ այն ա­մէն բա­նի հա­մար, զոր խոր­հած էր եւ ի­րա­կա­նա­ցած է Աս­տու­ծոյ կամ­քով։

Ով որ ինք­զինք կա­տա­րեալ եւ ինք­նա­բաւ կը կար­ծէ՝ կը սխա­լի, քա­նի որ մար­դուն միշտ կը պակ­սի բան մը, ո­րուն կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թիւ­նը կը պար­տի Աս­տու­ծոյ մի­ջամտու­թեան։ Ո՜վ կա­տա­րեալ է, ո՜վ ա­մե­նա­գէտ, ո՜վ ան­թե­րի։ Ո՛չ մէկս, քա­նի որ մարդ ինք եւ ա­մէն մէկս ու­նինք մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր թե­րու­թիւն­նե­րէ, տկա­րու­թիւն­նե­րէ, ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէ բա­ժին մը՝ քիչ կամ շատ, եւ ու­րեմն երբ այդ տկա­րու­թիւն­նե­րը զօ­րու­թեան կը փո­խուին, թեր­ու­թիւն­նե­րը կ՚ամ­բող­ջա­նան, ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուին, եւ այդ բո­լո­րը կ՚ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեամբ, Աս­տու­ծոյ մի­ջամ­տու­թեամբ, ա­պա ու­րեմն բնա­կան չէ՞ գո­հու­թիւն յայտ­նել ա­սոր հա­մար Աս­տու­ծոյ։ Ինք­նա­բաւ զգա­լու յա­ւակ­նու­թիւ­նը, կա­տա­րեալ եւ ան­թե­րի ըլ­լա­լու մե­ծամ­տու­թիւ­նը եւ ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր ե­րե­ւե­լու ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող­ներ ի վեր­ջոյ կը դի­մա­ւո­րուին ի­րա­կա­նու­թեան եւ կը հասկ­նան, թէ ո՜ր­քան սխա­լած են։

Մինչ­դեռ ա­մե­նա­մեծ ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է ինք­նա­ճա­նա­չու­մը մար­դուն։ Եւ ե­թէ ու­նի այդ յատ­կու­թիւ­նը, մարդ բնա­կան կը հա­մա­րէ գո­հու­թիւն յայտ­նել, եւ գո­հու­թիւն յայտ­նե­լով մարդ կ՚ա­ճեց­նէ իր կեան­քը, ա­ւե­լի եւս զօ­րա­ւոր, ա­ւե­լի եւս ան­թե­րի եւ այս­պէս հետզ­հե­տէ կը մօ­տե­նայ կա­տա­րե­լու­թեան՝ ո­րուն կո­չուած է իր ա­րար­չու­թեան օ­րէն իսկ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 1, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015