ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացման կապակցութեամբ՝ ներառեալ ռազմական համագործակցութիւնը։ Ռաիսի եւ Հասանով կարծիքներ փոխանակեցին Թեհրան-Պաքու համատեղ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022