ԱՇՈՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին բանտէն ազատ արձակել «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը։ Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանը երէկ Գորիսի մէջ հրապարակեց դատավճիռ, որու հիման վրայ Աշոտ Մինասեանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ։ Կալանաւորման փոխարէն իր պարագային որոշուեցաւ կիրառել չհեռանալու մասին ստորագրութիւն եւ գրաւ։ Գրաւաչափ սահմանուեցաւ 2 միլիոն դրամ։

Աշոտ Մինասեանի բանտարկութիւնը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծած էր՝ հաշուի առնելով, որ ան տեղական ինքնակառավարման մարմնի մը ընտրեալ ղեկավարն է, նաեւ առողջական խնդիրներէ կը տառապի։ Իր ազատ արձակման համար գործի լծուած էր նաեւ պաշտպանութեան խորհուրդ մը, որու անդամները նախընթաց օր այցելած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022