Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ արդէն աստիճանաբար տեղ կը զբաղեցնէ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը։ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ նոր նախագահը ընտրելու համար պիտի գործադրուի Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։ Մինչեւ շաբաթավերջ սպասողական վիճակ պիտի ըլլայ, որովհետեւ մէկ շաբթուայ ժամկէտ մը գոյութիւն ունի, որպէսզի հրաժարականը դառնայ վերջնական եւ խորհրդարանին կողմէ կատարուի համապատասխան պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Մինչ այդ, նոյնպէս Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները։

Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ ստեղծուած է հետաքրքրական իրավիճակ մը։ Արդարեւ, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ իշխանութիւնը հաւասարապէս կը թիրախաւորեն Արմէն Սարգսեանը՝ հակառակ, որ երկար ժամանակէ ի վեր անհաշտ պայքարի մէջ կը գտնուին։ Որոշ լրատուամիջոցներ ալ օրակարգի վրայ կը բերեն Արմէն Սարգսեանի քաղաքացիութեան վերաբերեալ պնդումներ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այդ պնդումները ուղարկուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ անհրաժեշտ քննարկման ու պարզաբանումներու համար։ Խօսքը կը վերաբերի քաղաքացիութեան հանգամանքներու բերումով Սահմանադրութեամբ նախատեսուած պայմաններու տեսակէտէ Արմէն Սարգսեանի անյարմարութեան, ինչ որ իր պաշտօնավարութեան տարիներու ամբողջ պետական գործառոյթներու իրաւական հիմքը հարցականի տակ կրնայ թողուլ։ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմն ալ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին յաջորդած հազիւ քանի մը օրերուն իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւնով հանդէս եկած է՝ հերքելով պնդումները եւ հակազդելով անոնց դէմ։

Մինչ այդ, զանազան լրատուամիջոցներու մօտ նոր նախագահի հաւանական թեկնածուներու շուրջ լսումներ ալ կը հրապարակուին։ Նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին կողմէ պիտի ընտրուի նոր նախագահը՝ իշխանական ճամբարէն գործիչ մը հարցումի մը պատասխանելով յայտնած է, թէ նախագահի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ այն անձը, որ պիտի ընտրուի «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին կողմէ։ Որոշ աղբիւրներ այս առումով ամենահաւանական թեկնածուն կը համարեն վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, որ մօտաւոր անցեալին նաեւ կրթութեան նախարարի պաշտօն զբաղեցուցած էր։ 2018-ի իշխանափոխութեան ժամանակներէն սկսեալ ան եղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական լծակիցներէն մին։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, եթէ այս վարկածը իրականութիւն դառնայ եւ Արայիկ Յարութիւնեանը ընտրուի Հանրապետութեան նախագահ, ապա վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնն ալ պիտի վստահուի Նաիրի Սարգսեանին, որ արդէն ազատուած է վարչապետի օգնականի պաշտօնէն։ Յամենայնդէպս, յիշեալ երկու անուններն ալ այս փուլին զերծ կը մնան որեւէ ձեւով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետ շփուելէ։

Որոշ ժամանակ առաջ մամուլի մէջ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներու շարքին թուարկուած էր նաեւ անունը Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Ստեփան Տեմիրճեանի, որ նահատակեալ վարչապետ Կարէն Տեմիրճեանի որդին է։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022