ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱԶԻԱՆԶԱՑԻ -ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ- (329-389)
Այսօր, շաբաթ 29 յունուար 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն՝ Գրիգոր Նազիանզացիի (Աստուածաբանի) յիշատակը:
Ծնած է Կապադովկիոյ Նազիանզ գիւղաքաղաքին մօտակայքը գտնուող Արիանզա գիւղին մէջ: Իր ծնողները երկար ժամանակ զաւակ չեն ունեցած, եւ թանխանձագին աղօթքներով խնդրած են Աստուծմէ, որպէսզի իրենց զաւակ շնորհէ, եւ ի վերջոյ պատասխան ստացած են իրենց աղօթքներուն: Մանուկ Գրիգորը շատ ուսումնասէր եղած է: Ուսում ստացած է Կեսարիոյ, Պաղետինի, Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնքի մէջ: Աթէնքի մէջ յատկապէս հմտացած է Աստուածաշունչին մէջ, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութիւն եւ հռետորական արուեստ սորված է Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին հետ, որու հետ մտերիմ ընկեր ու գործակից եղած է:
Ուսում ստանալէն ետք վերադարձած է Նազիանզ եւ ուխտած է միայնակ ապրիլ ու նուիրուիլ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ առաքինի կեանք ապրելու: Ժամանակ մը ետք Պոնտոս անցած է եւ ճգնութեամբ ապրած, սակայն իմանալով իր հօր՝ Գրիգոր Եպիսկոպոսին ունեցած դժուարութիւններուն մասին արիոսականութեան դէմ պայքարին մէջ, վերադարձած է իր հօր մօտ օգնելու համար անոր, եւ յամառ պայքար մղած է անոնց դէմ:
361-ին իր հայրը զինք քահանայ ձեռնադրած է: 372-ին, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին զինք եպիսկոպոս օծած է եւ նշանակուած է Սասիմա քաղաքի մէջ ծառայութեան: 381-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովի առաջին նիստին ժամանակ, ան Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք ընտրուած է եւ տասներկու տարի վարած է այդ պաշտօնը:
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին իր կեանքի մայրամուտը անցուցած է իր ծննդավայրին՝ Նազիանզի մէջ, նուիրուելով ստեծագործական աշխատանքներու: Գրական հարուստ եւ արժէքաւոր ժառանգութիւն ձգած է: Բազմաթիւ ճառեր, նամակներ, ներբողականներ ու բանաստեղծութիւններ գրած է: Անոր բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են հայերէնի:
Վախճանած է 389-ին:
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացի եղած է խոնարհ, առաքինի եւ հանդարտաբարոյ անձնաւորութիւն մը: Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ձգտած է առաքինի կեանքով ապրելու եւ լաւ օրինակ ըլլալու իր հաւատացեալներուն: Ասոր կենդանի վկայութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ հաւատացեալներուն խոր տրտմութիւնն էր, երբ Նազիանզացին աւարտելով իր պատրիարքական ծառայութիւնը պիտի վերադառնար Նազիանզ:
Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին եւ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացիին հետ կազմած են «Կապադովկեան Երեք Մեծ Հայրերը» եռեակը:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Այժմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Սուրբ Աստուածաբան Հայրապետի գրական ժառանգութենէն հատուածներ:
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՕՐՀՆԵՐԳ
Մենք հիմա կ՚օրհնենք Քեզ,
Ո՜վ իմ Քրիստոս, Աստուծոյ Բան,
Անսկիզբ Լոյսէն Լոյս,
Բաշխողդ Հոգիին:
Կ՚օրհնենք Քեզ, եռեակ Լոյս,
Անբաժան փառքի:
Դուն խաւարին յաղթեցիր
Եւ լոյսը ստեղծեցիր,
Ամէն բան լոյսին մէջ ստեղծելու համար:
Դուն նիւթին թանձրութիւն հաղորդեցիր,
Անոր վրայ աշխարհին դէմքը կերպաւորելով
Եւ կերպարանքը անոր գեղեցկութեան:
Դուն մարդուն միտքը լուսաւորեցիր,
Անոր՝ բանականութիւն եւ իմաստութիւն տալով:
Ամէն տեղ տեսանելի է
Յաւիտենական լոյսին արտացոլանքը,
Որպէսզի, լոյսի մէջ,
Մարդը պայծառ փայլքը բացայայտէ
Եւ ինքն ալ ամբողջովին լոյս դառնայ:
Դուն երկինքը բազմագոյն
Լոյսերով լուսաւորեցիր:
Գիշեր եւ ցերեկ ժամանակներուն
Հրամայեցիր մէկը միւսին հերթափոխէ խաղաղութեամբ,
Անոնց որպէս կանոն տալով
Եղբայրական մտերմութիւն մը:
Գիշերը մեր մարմինի յոգնութիւններուն
Վերջ կը դնէ.
Ցերեկը մեզ աշխատանքի, գործերու կ՚արթնցնէ,
Որոնք մեզ կը զբաղցնեն:
Բայց մենք խաւարէն կը փախչինք,
Կ՚աճապարենք անմայրամուտ օրուան հասնիլ,
Դէպի այն օրը, որ երբեք
Վերջալոյսին տխրութիւնը պիտի չճանչնայ:
Թեթեր քուն պարգեւէ իմ կոպերուս,
Որպէսզի ձայնս երկար ժամանակ համր չմնայ:
Արարչութիւնդ արթուն կը մնայ եւ կը հսկէ,
Հրեշտակներուն հետ սաղմոսելու համար:
Թող որ քունս միշտ՝
Քու ներկայութեամբ բնակեցուած ըլլայ:
[...]
Մարմինէն բաժնուած վիճակի մէջ ալ,
Հոգին կ՚երգէ Քեզի, ո՜վ Աստուած,
Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի,
Քեզի պատի՜ւ, փա՜ռք եւ զօրութի՜ւն,
Յաւիտեանս, յաւիտենից:
Ամէն:
- Երկու բնութիւններ, այսինքն՝ կատարեալ են, կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ։ Որովհետեւ մարդուն կատարելութիւնը հոգիին ու մարմնին մէջն է, որովհետեւ կ՚ըսէ արդէն, թէ՛ հոգի եւ թէ մարմին. որովհետեւ մարդ առանց հոգիի չի կրնար գոյանալ եւ Բանն Աստուածը մեր մէջ (երեւնալով) հոգին եւ մարմինը իրեն միացուց եւ ոչ թէ ըստ Ապողինարի չար մտածումները. բայց որդիները երկու չեն եւ ոչ ալ աստուածներ։ Արդ, Աստուած եւ մարդ ըսաւ, որպէսզի չմտածեն երկուքի բաժնել եւ միեւնոյն Քրիստոսը կը դնէ եւ ո՛չ թէ երկու որդիներ եւ ոչ ալ երկու աստուածներ, որովհետեւ մարդն ալ երկու չէ, թէպէտեւ Պօղոս ներքին եւ արտաքին (Հմմտ Բ. Կր 4.16) կ՚ըսէ։
Կը տեսնե՞ս. թէպէտ մարդը երկուք է ըստ առաքեալի խօսքին, (այսինքն) հոգի եւ մարմին, բայց վարդապետները կ՚ըսեն, որ երկու բնութիւն չըսուի, այլ՝ մէկ մարդ եւ մէկ բնութիւն, դուրսիններէն եւ եկեղեցւոյ վարդապետներէն վկայուած նոյնպէս ցոյց տուին եւ ըսին մեզի Աստուծոյ Բանը մէկ, երկու (իրարմէ) օտար բնութիւններու անշփոթ կերպով մէկ եղած, մէկը ուրիշ, միւսը ուրիշ, ինչպէս Փրկիչը։ Եւ արդ՝ արդեօք նոյնը չէ՞, այսինքն՝ մէկ երեւելին եւ՝ աներեւոյթը, անժամանակը՝ եւ ժամանակաւորը, ոչ այլ մէկը եւ այլ (միւսը), այս՝ չ՚ըլլա՛ր, երկուքը մէկ (են)։
Տե՛ս, Ապողինարը ամչցուց, որ կ՚ըսէր, թէ միայն մարմնի հետ միացաւ Աստուծոյ Բանը եւ երկու բնութիւններ ըսաւ, այսինքն՝ Աստուած կատարեալ (որ) միացաւ կատարեալ մարդու բնութեան՝ հոգիին, մտքին ու մարմնին։ Ահա երկու բնութիւններն ալ անթերի են՝ Աստուծոյ եւ մարդուն, նախապէս իրարու համար օտար, իսկ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ բնութիւնը անշփոթ կերպով մէկ եղաւ, ըստ որուն Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ երկուքն ալ մէկ են՝ Աստուծոյ միացումով եւ մարդանալով եւ մարդուն՝ աստուածանալովը։ Արդ՝ վերցո՛ւց երկուութեան կարծիքը, որ ըսուեցաւ Ապողինարին դէմ, որու կարծիքով խառնուած եւ մէկ կ՚ըսուէր։ Արդ, այս խօսքին քեզի ուրիշ վկայ մը բերեմ, որպէսզի հաւատաս խօսքիս։ Բարսեղ եւ Գրիգոր Աստուածաբանները, երբեմն, բնութիւններու խնդրին համար, եղած է կ՚ըսեն. մէկ չենք ըսեր բնութիւնը, միւսը չկորսնցնելու համար, եւ ոչ ալ բաժ-նըւածները երկու կ՚ըսենք, այլ երկու բնութիւններով մէկ եղած (է) կ՚ըսենք Քրիստոսը, անբաժանելի (կերպով), մէկ անձ, մէկ պատկեր, մէկ բնութիւն, սքանչելի միաւորութեամբ, որ մարդոց մտքէն աւելի վեր է։
- Հրեշտակապետին ողջոյնը Կոյսին՝ Բանն Աստուած Ի՛նքն է. ողջոյնը մտնելով Կոյսին ականջներէն, իսկոյն արգանդին մէջ լուծուեցաւ ապականութիւնը, որ առաջացեր էր անէծքէն, շուտով փոխարկուեցաւ անապականութեան. որովհետեւ հոն ուր Աստուած է, ինչո՞ւ տակաւին ապականութիւն յիշուի, քանի որ ապականութիւնը մեղքէն է, եւ (Ան) որ մեղք չգործեց, ինչպէ՞ս Անոր մօտենար ապականութիւնը։
- Եպիսկոպոսը իր եկեղեցւոյ (վիճակին) համար, Տիրոջ ծնունդն ու յայտնութիւնը Յունուար վեցին թող սահմանէ, որովհետեւ աստուածային եւ տէրունական է եւ որ օրուան ալ հանդիպի՝ կը տօնուի։ Տէրը փետրուար տասնչորսին տաճար եկաւ։
- Աստուած խաչուեցաւ, արեգակը խաւարեցաւ եւ դարձեալ փայլեցաւ, որովհետեւ պէտք էր Արարիչին հետ (Իր արարածն) ալ, չարչարակից ըլլար։
- Խմորը, ջրախառն գինին՝ հինէն ի վեր արգիլուած են։
- Որովհետեւ մարդոց համար ոչինչ այնքան հաճելի է, ինչքան ուրիշներու գործերուն մասին խօսիլը, յատկապէս սիրոյ կամ ատելութեան ազդեցութեան տակ, ինչ բանը յաճախ գրեթէ ամբողջութեամբ կը կուրացնէ մեզ ճշմարտութեան հանդէպ։
- Բան մը նուիրէ անպայման կարիքաւորի մը, ինչքան ալ փոքր ըլլայ ան։ Որովհետեւ ատիկա փոքր չէ անոր համար, որ ոչինչ ունի: Աստուծոյ համար ալ փոքր չէ, եթէ մենք տուած ենք այն՝ ինչ կարողացած ենք։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 յունուար 2022, Վաղարշապատ