ԴԱՌՆԱԼ ՓԱՓՈՒԿ ՈՒԺ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԱՊՀ-ական երկիրներու շահերէն կը բխի՝ նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմած բոլոր նորանկախ պետութիւններու քաղաքացիներու մնալը իրենց ծնած ու ապրած երկրին մէջ։

Սերկէյ Լաւրով ռուսական չորս ռատիօկայաններու համատեղ եթերին ժամանակ հարցազրոյց մը տալով անդրադարձաւ միջազգային օրակարգի եւ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան այժմէական հարցերուն։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ հարեւաններու, ՀԱՊԿ-ի գծով դաշնակիցներու, ԱՊՀ-ի գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ խնդիր կայ եւ ոչ ոք կրնայ թաքցնել։ «Մեծաւ մասամբ այդ խնդիրները կապուած են այն հանգամանքին հետ, որ նախկին Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս եկած նորանկախ պետութիւնները պատմական երկար ժամանակահատուածի ընթացքին առաջին անգամ հնարաւորութիւն ստացած են ստեղծելու սեփական պետութիւն՝ ազգային պետութիւն, ինչ որ կ՚ընդգծուի։ Եւ այստեղ սեփական ազգային ինքնութիւնը հնարաւորինս արագ հաստատելու ձգտման երբեմն կ՚ուղեկցին աւելորդութիւններ։ Սա դժուար թէ հերքէ ոեւէ մէկը եւ միշտ այսպէս կ՚ըլլայ, երբ քանդուին մեծ կայսրութիւնները», ըսաւ Լաւրով։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս նախարարը աւելցուց, որ թէեւ այդ աւելորդութիւնները անխուսափելի են, սակայն, Մոսկուա կը փափաքի ամէն ինչ ընել՝ զանոնք կանխելու համար։ Այս ամբողջին մէջ ան կարեւորեց փափուկ ուժի կիրառում եւ աւելցուց, որ Ռուսաստան այս ուղղութեամբ շատ աւելի միջոցներ պէտք է տրամադրէ՝ ներկայի բաղդատմամբ։ Ըստ իրեն, թէեւ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն, փափուկ ուժի կիրառման հարցին մէջ Ռուսաստան տակաւին կը զիջէ յառաջատար արեւմտեան երկիրներուն։ Այնուհետեւ, հարցազրոյցի ժամանակ Լաւրով նշեց, որ հակասութիւն չի տեսներ հարեւան երկիրներու վերնախաւերուն հետ բարեկամական, դաշնակցային ու սերտ անձնական յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ։

«Մենք պէտք է ԱՊՀ-ի շրջանակէն ներս աւելի աշխոյժ եւ աւելի բաց քննարկենք մարդու իրաւանց հարցերը՝ ներառեալ մարդու իրաւունքները էթնիք տեսակէտէ. օրինակ՝ ռուսերը Ղազախիստանի մէջ, ղազախները Ռուսաստանի մէջ, ատրպէյճանցիները Հայաստանի մէջ եւ հակառակը։ Թէեւ այնտեղ այնպիսիները շատ քիչ մնացած են», դիտել տուաւ ռուս նախարարը։

Միւս կողմէ, անդրադառնալով Ուքրայնայի տագնապի հետեւանքով յառաջացած հրատապ խնդիրներուն՝ Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ պատերազմ չի ծագիր՝ եթէ այդ բանը կախում ունենայ Ռուսաստանէն։

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022