ԱՌԵՐԵՍՈՒԻԼ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ կառավարութեան անդամներուն հետ Եռաբլուր տուած այցելութեան ժամանակ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Այն արհաւիրքը, որ եղած է, մեր ինքնախաբէութեան հետեւանքն է», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան՝ Բանակի օրուան առթիւ զինուորական պանթէոն այցելութեան ատեն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։

«Մենք պարտաւոր ենք դասեր քաղել, մենք պարտաւոր ենք զբաղիլ մեր պաշտպանական հզօրութիւններու աւելացմամբ, բանակի առողջացմամբ, վերակենդանացմամբ», յայտնեց նախարարը։

Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ որդեգրուած քաղաքականութիւններուն շուրջ կատարուած քննադատութիւններուն՝ նախարարը ըսաւ. «Ես չեմ ուզեր մեկնաբանել ընդդիմութեան տեսակէտները։ Բայց հետաքրքրուա՞ծ էք՝ ինչպէս եղած է, որ 90-ականներու վերջաւորութենէն ի վեր գրեթէ չէ եղած որեւէ տարի, երբ հայ-թրքական երկխօսութեան ուղղութեամբ որեւէ բանակցութիւն, քննարկում, նամակագրութիւն, շփում եղած չըլլայ»։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հեքիաթները մէկ կողմ թողուին։ «Բաւական է ապրիլ խաբկանքի մէջ։ Այն արհաւիրքը, որ եղած է, մեծ ինքնախաբէութեան հետեւանքն է։ Պէտք է ուղիղ առերեսուիլ իրականութեան հետ, ուղիղ խօսիլ ու ոչինչ թաքցնել։ Պէտք չէ երթալ բանակցիլ բան մը, յետոյ ալ յայտարարել ուրիշ բան», շարունակեց նախարարը, որու խօսքով ինք իր բանակցածի մասին կ՚ըսէ խորհրդարանի հարցում-պատասխանին ժամանակ։

Արարատ Միրզոյեանի համոզմամբ, կան բազմաթիւ հարցեր, որոնց պատասխանները պէտք է քննարկուին։ Կան համազգային կարմիր գիծեր, որոնք որեւէ ձեւով պէտք չէ խախտուին։ «Միւս կողմէ, առաջին ու վերջին պետութիւնը չենք, որ հարեւան երկրի հետ ունեցած ենք երկար հակամարտութիւն։ Մենք տրամադրուած ենք տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ կայուն խաղաղութիւն կառուցելու», եզրակացուց նախարարը։

Ի լրումն այս բոլորին, նախարար Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման առկայ խնդիրներուն։ Պաշտօնական աղբիւրները վերջերս տեղեկացուցած են, որ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ այս հարցին շուրջ Հայաստան վերջերս շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանին։ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց, որ Պաքու չէ յստակեցուցած, թէ Երեւանի առաջարկներու ո՛ր մասը անընդունելի կը համարէ։ «Մենք տակաւին յստակեցումները չունինք, անոնք ճշգրտման փուլի մէջ են։ Քննարկում անընդհատ կայ, քննարկումը կը շարունակուի եւ մենք կը փորձենք պարզաբանումներ ստանալ, թէ յատկապէս ո՞ր մասն է անընդունելի, ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ըստ այդմ՝ ի՞նչ նոր լուծումներ կրնան ըլլալ», աւելցուց Արարատ Միրզոյեան՝ յիշեցնելով, որ հայկական կողմի առաջարկներու նպատակն էր սահմանագօտիէն ներս իրավիճակի լիցքաթափումը, լարուածութեան նուազիլը, անվտանգութեան ու կայունութեան մակարդակի բարձրացումը։

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022