ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րընչ ե­րէկ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան։ Ան այս առ­թիւ ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ուր նշեց, թէ ժա­մա­նա­կը չէ որ դժբախտ դէպ­քե­րը օ­րա­կար­գի բե­րուին եւ յան­ցա­գործ­ներ փնտռուին։ «Պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ու­սում­նա­սի­րեն պատ­մա­բան­նե­րը, ա­նոնք պէտք է խօ­սին, թե­րեւս ար­խիւ­ներ մուտք գոր­ծե­լով լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ ալ կա­տա­րեն, սա­կայն կը մտա­ծեմ, որ սխալ է այս ամ­բող­ջը գոր­ծա­ծել որ­պէս քա­ղա­քա­կան քարտ եւ յան­ցա­ւոր հռչա­կել այս գե­ղե­ցիկ եր­կի­րը», ը­սաւ ան։ Ա­րընչ յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիա ու­նի ե­րի­տա­սարդ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն մը, ինչ որ մեծ հարս­տու­թիւն ու նե­րուժ մըն է։ «Ե­թէ ո­րա­կեալ կրթու­թեամբ մը կա­րե­նանք դաս­տիա­րա­կել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ի­րենց­մէ կրնանք օգ­տուիլ այ­սօր ալ, ա­պա­գա­յին ալ», նշեց ան։

Ա­պա Ա­րընչ ը­սաւ, թէ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն փոր­ձած է հաս­տա­տել լաւ ու մտեր­միկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ «Հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը այս երկ­րին մէկ մա­սը  կը կազ­մեն։ Ե­թէ դուք չըլ­լաք, մենք կը պակ­սինք։ Այս երկ­րին ար­ժէք­նե­րը կը պատ­կա­նին բո­լո­րիս։ Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է յար­գել զա­նոնք։ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ոչ թէ ի­րենց ազ­գա­յին  պատ­կա­նե­լիու­թեան կամ տար­բեր հա­ւատք­նե­րու տէր ըլ­լա­լու  պատ­ճա­ռով, այլ կը յատ­կան­շուին այս երկ­րին ա­ռա­ջին կար­գի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ըլ­լա­լով։ Խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ մէ­կու մը տի­րա­պե­տու­թիւ­նը միւ­սին վրայ», ը­սաւ ան։

Ա­պա ան խօ­սե­ցաւ Հրանդ Տին­քի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան շուրջ՝ յի­շեց­նե­լով, որ այդ շրջա­նին կը վա­րէր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հու­թեան պաշ­տօ­նը։ Ան ը­սաւ, որ ցա­ւա­լի այդ դէպ­քը խո­րա­պէս տխրե­ցու­ցած է զինք եւ ան կը շա­րու­նա­կէ հե­տե­ւիլ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Ա­պա Ա­րընչ պատ­մեց Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ գտնուող ա­նոր բնա­կա­րա­նը կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ այ­րիին՝ Ռա­քել Տին­քի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը։ «Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ Ռա­քել Տին­քի պա­տու­հա­նէն ար­տա­սա­նած ճա­ռը ա­ռաս­պե­լա­կան ե­լոյթ մըն էր», ը­սաւ ան։

Ա­րընչ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ 1915-ին՝ նշե­լով, թէ պէտք չէ ամ­բաս­տա­նեն Թուր­քիան։ «Շատ ցա­ւա­լի եւ ող­բեր­գա­կան դէպ­քեր ապրուե­ցան, ե­ղան մա­հա­ցող­ներ եւ սպան­նող­ներ։ Բո­լորս ալ վնա­սուե­ցանք։ Ո­րոշ ազ­գի մը հան­դէպ կա­տա­րուած չէր այդ դէպ­քը։ 1915-ի օ­րե­րուն կրնամ ը­սել, թէ կա­տա­րուած են ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Սա­կայն ա­մէն օր այս մա­սին խօ­սե­լու, պատ­մու­թեան այս ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը յի­շե­լով յան­ցա­գործ­ներ փնտռե­լու ժա­մա­նա­կը չէ», ը­սաւ ան։

Պիւ­լենտ Ա­րընչ ա­պա ը­սաւ, որ որ­պէս կա­ռա­վա­րու­թիւն քայ­լեր կա­տա­րած են փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու գրա­ւեալ կա­լուած­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու, ի­րենց ու­նե­ցած ի­րա­ւունք­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Փոխ-վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, որ կա­տա­րուած­նե­րը շնորհ մը չէին։

Ա­րընչ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ու նշեց, թէ կ՚ու­զեն հաս­տա­տել բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Ան պատ­մեց դրուագ մը Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեա­նի հետ ու­նե­ցած իր հան­դի­պու­մէն, նշե­լով, թէ շատ ջերմ ու մտեր­միկ զրոյց մը ու­նե­ցած էին եւ թէ կրցած էին լուծ­ման ու­ղի­ներ ո­րո­նել, սա­կայն հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը ա­ռանց ար­դիւն­քի ձգած էին այդ բո­լո­րը։

Պիւ­լենտ Ա­րընչ յայտ­նեց, թէ միշտ ալ փա­փա­քած էր այ­ցե­լել Ս. Խաչ դպրե­վանք, սա­կայն միայն այ­սօր է, որ կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր ըն­դա­ռա­ջե­լու խնա­մա­կա­լու­թեան հրա­ւէ­րին։ Ան մաղ­թեց, որ ե­րա­նի օր մը Հա­յաս­տա­նէն ալ վար­չա­պետ մը ներ­կայ գտնուի եւ վկա­յա­կան յանձ­նէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։

Ե­րէ­կի պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ եւ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը՝ ող­ջու­նե­լով հիւ­րը եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով վար­ժա­րա­նի պատ­մա­կա­նին մա­սին։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան։

Շրջա­նա­ւար­տից բա­ցա­ռիկ այս հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ, Սկիւ­տա­րի քա­ղա­քա­պետ Հիլ­մի Թիւրք­մէն, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վա­րու­ժան Պուլ­կան, տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ եւ հիւ­րեր։

Այս առ­թիւ Թո­րոս Ալ­ճան եւ Վա­րու­ժան Պուլ­կան յու­շապ­նակ մը յանձ­նե­ցին Պիւ­լենտ Ա­րըն­չին։ Վեր­ջինս ին­նե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցած ա­շա­կերտ Սե­ւակ Փի­լիպ­պոս Հէր­կէ­լին յանձ­նեց իր գնա­հա­տա­գիրն ու յու­շա­նուէր­նե­րը։ Միւս հիւ­րե­րը եւս յանձ­նե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն նուէր­նե­րը։

Պիւ­լենտ Ա­րընչ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցաւ ջերմ հիւ­րա­սի­րու­թեան։ Ան ա­ռիթն ու­նե­ցաւ նաեւ շրջե­լու վար­ժա­րա­նը, մօ­տի­կէն հե­տաքրք­րուե­ցաւ նաեւ Ս. Խաչ վար­ժա­րա­նի պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեամբ։ Ան ստո­րագ­րեց նաեւ պա­տուոյ տո­մա­րը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015