ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Հակառակ, որ ջախջախուած ենք, քափիթիւլասիոնի ենթարկուած՝ բանակցային գործընթացը վերականգնելու հնարաւորութիւն ունինք», յայտարարեց Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որու վերջին օրերուն տուած հարցազրոյցը ստեղծած է լայն արձագանգ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն առցանց պատասխանած էր՝ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։ Փաշինեան այդ յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ այդ կապակցութեամբ հերթական անգամ խօսած՝ իր ստանձնած ժառանգութեան առընչութեամբ, բնականաբար, Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներու աւարտի դրութեամբ։ Այդ բոլորը մէկ կողմէ հասարակական քննարկումներու դուռ բացած են, ընդդիմութեան բուռն արձագանգին պատճառ դարձած են, իսկ միւս կողմէ պատասխանի իրաւունք ծնած են՝ մանաւանդ Սերժ Սարգսեանի տեսակէտէ։ Այդ բոլորէն վերջ հաղորդուած էր, որ երկրի նախկին ղեկավարը ծաւալուն հարցազրոյցով մը անդրադառնալ որոշած է վարչապետի պնդումներուն։ Ուստի, Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց մը տուած է հեռուստամեկնաբան Դաւիթ Սարգսեանի եւ իր յայտարարութիւնները հրապարակուած են առցանց։ Ընկերային ցանցերու վրայ ուշադրութիւն գրաւած է այն մօտեցումը, թէ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը անքակտելի է։ «Գիտէք, տեւական ժամանակ, 2018 թուականէն յետոյ, յատկապէս կործանարար պատերազմէն յետոյ, կը փորձէին մեզ մեղադրել ռազմատենչութեան մէջ։ Ո՛չ, մենք երբեք ռազմատենչ չենք եղած», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան, որու խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չէ հանգուցալուծուած եւ այս բանը միայն իր համոզումը չէ, այլեւ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն մէջ կը նշուի։

Խօսելով իր իշխանութեան ժամկէտի վերջացած պահու դրութեամբ եղած իրավիճակին շուրջ՝ Սերժ Սարգսեան ըսած է հետեւեալը. «Համանախագահներու վերջին առաջարկները մեր երազածը չէին, բայց Լեռնային Ղարաբաղին պիտի բերէին անվտանգութիւն եւ բարեկեցութիւն»։

Յստակ պատասխանելով վարչապետ Փաշինեանի շարք մը պնդումներուն՝ Հայաստանի երրորդ նախագահը հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Որեւէ փաստաթուղթի մէջ նոյնիսկ ակնարկ մը չէք տեսներ, թէ մինչեւ խնդրի վերջնական կարգաւորումը ատրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի բուն տարածքը»։

«Կրնա՞մ արդեօք եզրակացնել, թէ միայն նախկինները կամ նախկին բանակցային գործընթացը վարկաբեկելու համար գացած են արկածախնդրութեան», հարց տուած է Սերժ Սարգսեան՝ կրկնելով իր քննադատութիւնները, ըստ որոնց Փաշինեան բանակցային գործընթացը լաւ գլուխ չի հաներ ու չի տիրապետեր անոր էութեան։ Վարչապետի վերջին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ իր տպաւորութիւնն ալ բաւական խիստ էր. «Ինձ պահ մը թուեցաւ, թէ խօսողը ոչ թէ Հայաստանի կառավարիչն է, այլ Ատրպէյճանի նախագահը»։

Հարցումներու պատասխանելով Սերժ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ 2016 թուականի ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն յետոյ համանախագահներու առաջարկները որեւէ ձեւով չէին խախտած այն կարմիր գիծերը, որոնց հայկական կողմը մշտապէս հետամուտ եղած էր։ Փաշինեանի վերջին պնդումներու լոյսին տակ Հայաստանի երրորդ նախագահը աւելցուցած է նաեւ հետեւեալը. «Իմ ձեռքի տակ ունիմ բոլոր փաստաթուղթերը։ Ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային կը հրապարակեմ»։

Այժմու յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ստեղծուած անորոշ վիճակն ալ սուր քննադատութեան ենթարկուած է Սերժ Սարգսեանի կողմէ. «Դուք լսա՞ծ էք Հայաստանի պաշտօնատար անձերէն շատ յստակ պատասխան, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, վերջապէս, Ղարաբաղի խնդիրը»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022