ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ
Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգին արձագանգները կը շարունակուին։ Վերջին օրերուն համապատասխան զգայնութեան դրսեւորումով մը հանդէս եկաւ նաեւ ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը, որ առ ի զօրակցութիւն բացառիկ հարցազրոյց մը հրատարակեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։
«Վերջին ամիսներուն նկատելի դարձաւ, որ համաշխարհային հայ մամուլի «նահապետներ»էն համարուող Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը յայտնուած է բաւական լուրջ տագնապի մը առջեւ: Տարբեր ամպիոններ գրեցին այդ մասին, եղան դիտարկումներ, հնչեցին նոյնիսկ առաջարկներ», նշած է թերթին խմբագրութիւնը այս կապակցութեամբ։ Բաց աստի, «Պայքար»ի խմբագրութիւնը մատնանշած է, որ ի վերջոյ Պոլիսը ունի իր կշիռը եւ այնտեղ լոյս տեսնող որեւէ հայկական թերթ կենսական կը համարուի հայութեան համար։ «Աւելի մօտէն իմանալու համար, թէ ի՞նչ են ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հարուածող տագնապերը, ի՞նչ են տագնապին իրական պատճառները եւ ամենակարեւորը՝ ինչպիսի՞ հեռանկարներ կան թերթին առջեւ, «Պայքար» բացառիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին հետ», աւելցուած է նոյն առթիւ։
«Պայքար»ի խմբագրութիւնը կարգադրած է, որ Արա Գօչունեանի հետ այս յատուկ հարցազրոյցը պատրաստուի Երեւանի մեր աշխատակից Սագօ Արեանի կողմէ, որ սփիւռքեան այլ թերթերու ալ կ՚աշխատակցի։ Նկատի ունենալով, որ Սագօ Արեան նախապէս ալ անդրադարձած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին եւ լաւ կը տիրապետէ խնդրի էութեան՝ արդէն տեղին հարցումներով փորձած է այս հարթակին վրայ ալ բիւրեղացնել ամէն ինչ։
Հաշուի առնելով, որ այժմու քաղաքական օրակարգին վրայ հրատապ է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը՝ այս հարցազրոյցին մէջ Արա Գօչունեանի կարծիքը շօշափուած է նաեւ սոյն նիւթին շուրջ։
Ստորեւ կ՚արտատպենք հեռավար կատարուած այս հարցազրոյցը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով թէ՛ մեր սիրելի գործընկերոջ եւ թէ «Պայքար»ի պատուարժան խմբագրութեան, որու գլուխը կը գտնուին Ռամկավար մամուլի մերօրեայ տիրական ներկայացուցիչներէն Երուանդ Ազատեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան։
*
-Պրն. Գօչունեան, ի՞նչ հանգամանքներու բերումով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը յայտնուեցաւ տնտեսական լուրջ տագնապի մը առջեւ. արդեօք փարատելի է՞ այդ տագնապը։
-ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մատնուած կացութիւնը ունի առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ։ Առարկայական պատճառներու շարքին կը դասենք անոնք, որոնք յարաբերաբար աւելի ընդհանրական բնոյթ կը կրեն, մեր գործունէութիւն ծաւալած բնագաւառի պարագային հասարակաց են։ Իսկ ենթակայականներու շարքին կը դասենք այն պատճառները, որոնք կը ծագին այն դիտումնաւոր քայլերէն, որոնք առնուած են, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տուժէ։ Մենք կը սիրենք յուսալ, թէ այս տագնապը պիտի կարողանանք յաղթահարել։ Մեր յոյսը հիմնաւորուած է մեր պայքարելու վճռակամ տրամադրութիւնով, այլապէս մնացեալ պայմանները այդքան ալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր դժբախտաբար։
-Վերջին ամիսներուն մենք նկատեցինք, որ սփիւռքով եւ Հայաստանով մէկ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու պատկառելի ներկայացուցիչներ արձագանգեցին ձեր հնչեցուցած ահազանգին, այդ մէկը ինչ-որ չափով օգտակար կը հանդիսանա՞յ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խնդիրներու լուծման, եթէ այո ինչպէ՞ս։
-Մենք երախտապարտ ենք հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի մեր բոլոր պաշտօնակիցներուն, որոնք մեր հնչեցուցած ահազանգին արձագանգեցին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը համարելով համազգային արժէք, հաղորդակցութեան համահայկական հարթակ։ Աշխարհի բոլոր մայր ցամաքամասերէն՝ տեսալսողական, առցանց կամ տպագիր բազում լրատուամիջոցներ զօրակցութեան տրամադրութիւնով տեղ տուին այս հարցին։ Այս մէկը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Արդարեւ, մեր հնչեցուցած ահազանգը որքան լայն արձագանգ, որ գտնէ հայ իրականութեան մէջ, ապա տեսականօրէն այնքան պիտի բարձրանայ մեր ապահովելիք զօրակցութեան հաւանականութիւնը։ Այս պահուն հայաշխարհը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ծով կարիքներ ունին Հայաստանն ու Արցախը։ Լիբանանահայութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մեր միւս գաղութներու առկայ դժուարութիւնները կու գան աւելնալ անոնց վրայ։ Հասկնալի է, որ այս բոլորը համազգային հրատապ առաջնահերթութիւն կը համարուի եւ ազգի միջոցները անխնայօրէն պէտք է յատկացուին այդ ուղղութիւններուն։ Ասով հանդերձ, մենք կը սիրենք յուսալ, թէ հայ իրականութեան մէջ կրնան գտնուիլ անհատներ, կառոյցներ կամ շրջանակներ, որոնք կրնան գնահատել մեր կողմէ բարձրացուած ահազանգի նշանակութիւնը, կրնան յաւելեալ պատուհան մը բանալ, յաւելեալ զոհողութիւն մը ընել կամ յաւելեալ միջոցներ յատկացնել, որպէսզի ժամանակաւոր դժուարութիւնները հայութենէն չխլեն մշտական արժէք մը՝ ինչպիսին է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։
-Շատեր կ՚ըսեն, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այսօր լուրջ «ամպարկո»ի մը առջեւ է, եթէ խնդրենք այս մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ կրնա՞ք տալ։
-Վերջին շուրջ 10-15 տարիներուն պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը դժբախտաբար բնորոշուած է ցնցումներով։ Պառակտումներու եւ բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ կարծես, թէ տրամաբանութիւնը դադրած է, հաւաքական գիտակցութիւնը սառած է։ Զանազան շրջանակներու անհեռատես քայլերը, անպատասխանատու ընթացքները ստեղծած են ծանր վիճակ։ Երբ անոնք սկսած են ժողովուրդի առջեւ դժուարանալ արդարանալու, այդ կէտէն սկսեալ պիտակաւորումներու տարափ մը ծնունդ առած է։ Այդ իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ սկսած է թիրախաւորուիլ այնպիսի վարչական շրջանակներու կողմէ, որոնք համայնքի հարստութիւնները կը տնօրինեն։ Անոնք, դժբախտաբար, չեն կրնար մարսել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման անաչառ եւ անկողմնակալ օրաթերթ մը, որու զգուշացուցած բոլոր վտանգներու եւ անպատեհութիւններու վրայ հասնելուն պատճառ դարձած են։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զգուշացումները յաջորդ քայլափոխին մերկացուցած են այդ մարդոց բուն դէմքը, հետեւաբար, անոնք որոշած են սառնասրտօրէն գործել եւ այս թերթը զրկել իր բնական սնման միջոցներէն։
-Անցեալին նման փուլեր տեսած թերթ է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը. օրինակ՝ 2007-2008-ականներուն երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքը որոշ տարակարծութիւններու բերումով «սեւ ցուցակ»ի մը մէջ դրած էր թերթը, այսօր նոյնն է՞ պարագան։
-Մենք ամենայն յարգանքով կը վերաբերինք հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակին նկատմամբ։ Իր գահակալութեան շրջանին մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները պատճառ չենք համարեր, որպէսզի այսօր զինքը քաղցրութեամբ չվերյիշենք։ Անոնք պատճառ չեն կրնար ըլլալ, որպէսզի ստուերի տակ մնայ՝ արդէն պատմութեան սեփականութիւնը դարձած իր անհատականութիւնը։ Իսկ այսօր պարագաները ձեր ակնարկած խնդիրներէն աւելի տարբեր են, որովհետեւ ներկայիս Պատրիարքական Աթոռը եւ անձամբ Ամենապատիւ Սահակ Պատրիարքը կը ջանան նպաստել մամլոյ գործունէութեան կայունութեան եւ յարատեւութեան։ Սա կարեւոր բարոյական խթան մըն է մեզի համար։
-Ի՞նչ կրնաք ըսել Պոլսոյ համայնքի պատասխանատուներուն մասին. արդեօք անոնք եւս մտահո՞գ են թրքահայ մամուլի ճակատագրով։
-Մեր համայնքի պատասխանատուները անձեր են, որոնք կը ծառայեն կամաւոր։ Անոնց մեծամասնութիւնը կը ճանչնանք՝ որպէս ազնիւ, ազգասէր եւ եկեղեցասէր մարդիկ։ Խնդիրները, ըստ էութեան, կը յառաջանան այն կէտերէն, որոնք փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներէն օգտուելով սկսած են մեծ հարստութիւններ տնօրինել, սակայն, ժողովրդական հակակշիռէ զերծ են։ Հաւաքական զօրակցութեան, համագործակցութեան մակարդակը, դժբախտաբար, բաղձալի մակարդակէն շատ հեռու է, իսկ այս երեւոյթի մամլոյ պարագային դրսեւորումը ահաւոր անտարբերութիւն մըն է։
-Պոլսոյ հայկական միւս թերթերուն մասին ի՞նչ կարող էք ըսել։
-Մենք ամենայն անկեղծութեամբ կատարեալ յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորի գործունէութեան համար։
-Գիտենք նաեւ, որ սփիւռքով մէկ տարածուած պոլսահայ հայրենակիցներու երեւելի ցանց մըն ալ գոյութիւն ունի։ Անոնք ի՞նչ կը մտածեն այս առումով։
-Այն պոլսահայերը, որոնք իրենց ծննդավայրէն գաղթած են եւ այսօր հեռու ափերու բնակիչ դարձած են, մեզի համար միշտ հարազատ են։ Մեր թերթը միշտ կը լուսաբանէ անոնց գործունէութիւնը՝ անհատական կամ հաստատութեան հարթութեան վրայ։ Անոնք մեր սփիւռքի մղիչ ուժերու շարքին են, հայաշխարհէ ներս կը համարուին կարեւոր գործօն՝ զանազան լծակներ շարժման անցընելու եւ նպատակասլաց ծրագրեր կեանքի կոչելու առումով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 100-ամեակի յոբելենական շրջանին պոլսահայ զանազան միութիւններ նախաձեռնած են մեր մասնակցութեամբ դարադարձի ձեռնարկներու կազմակերպման։ Այդ բոլորը քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ են մեզի համար։ Մենք զգացած ենք իրենց համակրանքը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութեան նկատմամբ իրենց զգայնութիւնը, վերագրած կարեւորութիւնը։ Բայց չենք գիտեր, որ այդ բոլորին իբրեւ շարունակութիւն այժմ անոնք որեւէ բան կրնա՞ն ընել ԺԱՄԱՆԱԿ-ին զօրակցելու, թերթը առկայ փակուղիէն դուրս բերելու ճանապարհին։
*
«ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ, ԽԱՂԱՂ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼ»
-Վերջին հարց, այս օրերուն եւ յաճախակիօրէն կը խօսուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու «աւազախրած» սայլը տեղէն շարժելու մասին, այս առումով դուք ի՞նչ կը մտածէք, լաւատես է՞ք։
-Մենք հնարաւորութիւն ունեցած ենք այս մասին զանազան առումներով խորհրդածելու։ Անկախութեան շուրջ երեսուն տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Հայաստան կայացած պետութիւն մը պիտի չկարողանայ ըլլալ՝ որքան ատեն, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերուելու եզր մը, համագործակցելու ձեւ մը չգտնէ։ Ռուսաստանի ետին թաքնուելով Թուրքիոյ հետ յարաբերուելէ խուսափիլը Հայաստանը հասցուցած է այսօրուան վիճակին, երբ ինքնիշխանութեան խնդիր յառաջացած է, ազգային անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան տեսակէտէ կան լուրջ մարտահրաւէրներ եւ տարածաշրջանէ ներս երկրի ռազմավարական նշանակութիւնը նուազած է։ Այս իրավիճակէն դուրս գալու հիմնական ճանապարհը նախ հարեւաններու, յետոյ ալ արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութիւններու տեսակաւորումն է։ Տարածաշրջանէ ներս դարձեալ գործօն դառնալու, միջազգային կշիռ ունենալու համար Երեւան պէտք է փորձէ ընել այնպիսի բաներ, որոնք մինչեւ այսօր երբեք չեն եղած։ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն ալ մաս կը կազմէ այս շրջանակին։ Հետեւաբար, երկրին շուրջ խաղաղ համագործակցութեան միջավայր մը ստեղծելը, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը Հայաստանի համար կրնան նոր ոստում մը ապահովել։ Այդ ոստումը մէկ կողմէ կրնայ երկրի ժողովրդագրական պատկերը հիմնովին փոխելու տեսակէտէ նպաստաւոր գործօն մը դառնալ, միւս կողմէ ալ նոր գործընկերութիւններու միջավայրին մէջ կրնայ Հայաստանը աւելի տանելի դաշնակից մը դարձնել Ռուսաստանի համար։ Տեսնենք, իրադարձութիւնները ինչպէս կ՚ընթանան։ Սփիւռքն ալ պէտք է գիտակցի, որ յանուն պետական շահու եւ պետականութեան գոյատեւման պէտք է շատ աւելի առարկայական պատկերացնէ Հայաստանին վիճակած ստիպողութիւնները, որոնց հիման վրայ քայլեր պէտք է առնուին չոր, սառը դատողութեամբ։