ՊԱՀ ՄԸ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ժա­մա­նա­կա­կից հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն մէկն է Տիգ­րան Ման­սու­րեան, ո­րու դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր յօ­րի­նած ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­կան գոր­ծերն ալ ի­րեն տուած են սի­րե­լի ու ժո­ղովր­դա­կան յօ­րի­նո­ղի մը համ­բա­ւը։ Պոլ­սոյ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նին տրուած էր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան յա­տուկ պա­տուէր մը, զոր այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին դեռ վեր­ջերս Սրբոց Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ բե­մին վրայ կա­տա­րե­ցին յայտ­նի ջու­թա­կա­հար եւ ման­սու­րեա­նա­կան գոր­ծե­րու վար­պետ կա­տա­րող Քիմ Քաշ­քա­շեան եւ դաշ­նա­կա­հար Փի­թըր Նա­կի։ Բախ­տա­ւո­րու­թիւն մըն էր ան­շուշտ, որ հա­մեր­գը կը վա­յե­լէր նաեւ ան­ձամբ յօ­րի­նո­ղին՝ Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նին ներ­կա­յու­թիւ­նը սրա­հէն ներս։

Պոլ­սոյ կե­ցու­թեան քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին Տիգ­րան Ման­սու­րեան շրջե­ցաւ ու ծա­նօ­թա­ցաւ գա­ղու­թի ոչ միայն պատ­մա­կան վայ­րե­րուն, այլ նաեւ այ­ցե­լեց զա­նա­զան կա­ռոյց­ներ։ Իր այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն բա­ժին վի­ճա­կե­ցաւ նաեւ թեր­թիս, ո­րու խմբագ­րու­թեան յար­կէն ներս պա­տիւն ու­նե­ցանք զին­քը ըն­դու­նե­լու ե­րէկ, իր քա­նի մը ու­ղե­կից­նե­րուն հետ միաս­նա­բար։ Թիֆ­լի­զի վրա­յով Հա­յաս­տան մեկ­նե­լէ հա­զիւ քա­նի մը ժամ ա­ռաջ Տիգ­րան Ման­սու­րեան թեր­թիս խմբագ­րա­տան մէջ հա­ճե­լի զրոյց մը ու­նե­ցաւ մե­զի հետ։ Փո­խան­ցե­լով իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հա­մեր­գէն ու այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րէն, զգա­լի էր, որ դրա­կան լից­քեր ստա­ցած է ան։ Հանդիպման ժամանակ անընդհատ կը մտածէինք արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի այն խօսքերուն շուրջ, ըստ որու «Տիգրանով իմ սերունդը իր խօսքն է խօսում նորոգ ու նորօրեայ մշակոյթի տաճարում։ Առանց Տիգրանի՝ իմ սերունդը միայն համր ուխտաւոր էր լինելու»։ Յիրաւի Պէյրութէն Հայաստան ներգաղթած Մանսուրեան դարձած էր ոչ միայն իր հմայքով սիրելի անուն մը, այլ նաեւ իր արուեստով գերող ու ուրիշներու ձայնը դառնալու յատկութիւնը նուաճած մեծ արուեստագէտ մը։

Պատիւ զգացինք այս այցելութեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015