Ա­ՐԱՄ ­ԽԱ­ՉԱՏ­ՐԵԱՆ. ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱՀՌ­ՉԱԿ Ե­ՐԱ­ԺԻՇ­ՏԸ, ՈՐ ՀԱՅ Ա­ՆՈՒ­ՆԻՆ ՀՆՉԵ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ ՏՈ­ՒԱՒ

Հայ ժո­ղո­վուրդն ու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կի ար­ժա­նաց­նող եւ մի­ջազ­գա­յին ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան սիրե­լի դարձ­նող մե­ծա­նուն հա­յե­րու փա­ղան­գին մէջ, իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը տօ­նենք ­Յու­նիս 6-ի օ­րը։

Հայ թէ օ­տար ա­րո­ւես­տա­բան­նե­րու ընդ­հա­նուր եւ միա­ձայն գնա­հա­տա­կա­նով՝ Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան 20-րդ ­դա­րու ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւեստի խո­շո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէկն է, որ ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի «հայ­կա­կան նոր կոմ­պո­զի­տո­րա­կան (ե­րաժշ­տա­հա­նա­կան) դպրոց»ի հիմ­նա­դի­րը:

Մե­ծա­տա­ղանդ եւ ո­գե­շունչ ա­րուես­տա­գէտն է Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան, որ իր բարձ­րա­րո­ւեստ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ եւ խմբա­վա­րի, ման­կա­վար­ժի ու նո­ւի­րեալ ե­րա­ժիշ­տի մե­ծար­ժէք վաս­տա­կով՝ 20-րդ դա­րու ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տին մէջ նոր, լայ­նա­հուն եւ հե­ռան­կա­րա­յին ու­ղի­ներ հար­թեց ու հայ ա­նու­նին պա­տո­ւա­բեր տեղ ա­պա­հո­վեց՝ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ։

Իր ներշն­չումն ու ե­րաժշ­տա­կան ա­ւի­շը առ­նե­լով հայ­կա­կան ե­րաժշտա­րո­ւես­տի ազ­գա­յին հա­րուստ ա­ւան­դոյ­թէն՝ Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան ստեղ­ծեց նո­րա­րարա­կան իր ա­րուես­տը, որ հարս­տա­ցուց 20-րդ ­դա­րու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան գան­ձա­րա­նը՝ «կեն­սա­յորդ խո­հեր եւ յոյ­զեր, կիրք եւ կամք մարմ­նա­ւո­րող» իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ։

Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան ծնած էր ­Քո­ջո­րի (­Թիֆ­լի­զի մեր­ձա­կայ­քը), 6 ­Յու­նիս 1903 թուականին։ Ծ­­նող­նե­րը սե­րած էին հի­նա­ւուրց ­Գող­թան գա­ւա­ռէն, որ պատ­մա­հայր ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի կող­մէ գո­վեր­գո­ւած է իբ­րեւ շնոր­հա­լի եր­գիչ-ե­րա­ժիշտ­նե­րու հայ­րե­նի­քը: ­Հայ­րը՝ Ե­ղիա ­Խա­չատ­րեան ­Վե­րին Ա­զա (այժմ՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ գտնուող) գիւ­ղէն էր. պա­տա­նի տա­րի­քէն բնա­կե­լով ­Թիֆ­լիզ՝ հայ­րը տի­րա­պե­տած էր կազ­մա­րա­րի ար­հես­տին եւ ա­մուս­նա­ցած էր նոյն ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ­Ներ­քին Ա­զա գիւ­ղի ծնունդ ­Ղու­մա­շի հետ: ­Հա­մեստ կազ­մա­րար Ե­ղիա­յի չորս որ­դի­նե­րուն ա­ւա­գը՝ ­Սու­րէ­նը, ճանչ­ցո­ւած թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ էր, բե­մադ­րիչ։ ­Լե­ւոն որ­դին՝ եր­գիչ էր, խորհր­դա­յին հա­մա­միու­թե­նա­կան ռա­տիո­յի մե­նա­կա­տար: Ա­րո­ւես­տա­սէր այս ըն­տա­նի­քը պի­տի փա­ռա­բա­նո­ւէր ծնուն­դո­վը ըն­տա­նի­քի կրտսեր որդ­ւոյն՝ Ա­րա­մի:

Վար­պե­տին իսկ վկա­յու­թեամբ ու խոս­տո­վա­նու­թեամբ, ման­կու­թեան տա­րի­նե­րու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­րուստ մթնո­լոր­տը, ժո­ղովր­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, ա­ռօ­րեայ կեն­ցա­ղի մէջ հնչող ա­շուղ­նե­րու երգն ու նուա­գը ի­րենց խոր դրոշ­մը դրած են ա­նոր ե­րա­ժիշ­տի կազ­մա­ւոր­ման վրայ։

Պա­տա­նե­կու­թեան այդ տա­րի­նե­րուն, ­Թիֆ­լիզի բազ­մե­րանգ, խայ­տաբ­ղէտ, յու­զա­ռատ ե­րաժշ­տա­կան կեն­ցա­ղին մէջ թարմ էին Ք. ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի, Մակար Եկ­մա­լեա­նի եւ, յատ­կա­պէս, ­Կո­մի­տա­սի հա­մերգ­նե­րուն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: ­Սո­ֆիա Ար­ղու­թեա­նի ու­սում­նա­րա­նին մէջ, ուր իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ա­պա­գայ մեծ ե­րա­ժիշ­տը, սի­րո­ւած էին եր­գի դա­սե­րը, ո­րոնք հմտօ­րէն կը դա­սա­ւան­դո­ւէին Մակար Եկ­մա­լեա­նի ա­շա­կերտ, հե­տա­գա­յին ա­կա­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­գէտ եւ եր­գիչ ­Մու­շեղ Ա­ղա­յեա­նի կող­մէ:

1913 թո­ւա­կա­նին տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նին ըն­դու­նուած է ­Թիֆ­լի­զի «­Կո­մեր­ցիա­յի դպրոց»ը, բայց իր նա­խընտ­րու­թիւ­նը միշտ ալ ե­ղած է ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ փո­ղա­յին գոր­ծիք­ներ նո­ւա­գե­լը սոր­վե­լով՝ պա­տա­նի Ա­րամ ըն­դու­նուած է տե­ղա­կան փո­ղա­յին նո­ւա­գա­խում­բի մը մէջ։ 1915-ի լու­րե­րէն սահմռ­կած ­Խա­չատ­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, լքե­լով ամ­բողջ իր ու­նե­ցո­ւած­քը, գաղ­թած է Ե­կա­տե­րի­նոգ­րատ (Կ­­րաս­նո­տար), ­Խա­չատ­րեա­նի մեծ եղ­բօր մօտ։ ­Բայց երբ զօր­քե­րը չներ­խու­ժե­ցին ­Թիֆ­լիզ՝ ­Խա­չատ­րեա­նի ըն­տա­նի­քը վե­րա­դար­ձաւ տուն։

1921-ին, Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ա­ւագ եղ­բայրը՝ ­Սու­րէ­նը զինք տա­րաւ ­Մոս­կո­ւա, ուր մինչ այդ նո­թա­ներն իսկ չգիտ­ցող Ա­րա­մը ընդու­նո­ւե­ցաւ հե­ղի­նա­կա­ւոր «Գ­­նե­սի­նի երաժշ­տա­կան ­գո­լէճ»ը։

Շու­տով բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ա­րա­մի ե­րաժշ­տա­հա­նի (քոմ­փո­զի­թէօրի) տա­ղան­դը եւ 1925 թուականին Գնե­սին ա­ռա­ջար­կեց Ա­րա­մին՝ ե­րաժշ­տա­հա­նա­կան վար­պե­տու­թեան դա­սե­րու հե­տե­ւիլ։ 1929 թուականին Ա­րամ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Մոս­կուա­յի ե­րաժշ­տա­նո­ցը, ուր ու­սա­նե­ցաւ յայտ­նի ռուս ե­րա­ժիշտ եւ ու­սու­ցիչ ­Մեաս­կովս­կիի մօտ։ Ա­րամ ե­րաժշ­տա­նո­ցը ա­ւար­տեց փայ­լուն գնա­հա­տա­կան­նե­րով եւ ստեղ­ծեց իր ա­ռա­ջին խո­շոր աշ­խա­տան­քը՝ «Ա­ռա­ջին սիմ­ֆո­նիա»ն։ Այս շրջա­նին ան ստեղ­ծա­գոր­ծեց ե­րաժշ­տա­կան եր­կեր թատ­րո­նի հա­մար, մեծ ա­ռու­մով «­Վա­լեն­սիա­կան այ­րի» շար­քը եւ «­Դի­մա­կա­հան­դէս»ը, իսկ ա­ւար­տա­կան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ «­Դաշ­նա­մու­րի եւ սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար» հա­մեր­գը։

1939-ին ­Խա­չատ­րեան գրեց իր ա­ռա­ջին պա­լէն, որ սկիզ­բը «Ու­րա­խու­թիւն» ա­նու­նը ու­նէր, իսկ հե­տա­գա­յին վե­րա­նա­յո­ւե­ցաւ եւ վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ «­Գա­յիա­նէ»՝ իր կա­րե­ւոր տե­ղը գրա­ւե­լով Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի մե­ծա­գոյն գոր­ծե­րու շար­քին։

Հա­մայ­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը վկա­յեն, թէ 1936-1947 թո­ւա­կան­նե­րը ա­մե­նա­բե­ղու­նը ե­ղան Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մէջ։ Ան գրեց ե­րաժշ­տու­թիւն՝ տրա­մա­թիք ներ­կա­յա­ցում­նե­րու եւ շար­ժան­կար­նե­րու հա­մար։ ­Նաեւ՝ եր­գեր, ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն եւ սի­րո­ւած «­Ջու­թա­կի հա­մերգ»ը։

1941 թուականին հրա­պա­րա­ուե­ցաւ վար­պե­տի մե­ծահռ­չակ «Երկ­րորդ սիմ­ֆո­նիա»ն, 1943 թուականին՝ «­Թաւ­ջու­թա­կի եւ սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար» հա­մեր­գը, 1946 թուականին՝ «Եր­րորդ սիմ­ֆո­նիա»ն եւ 1947 թուա-կանին՝ «­Պոե­տիկ սիմ­ֆո­նիա»ն։

1940-ա­կան­նե­րուն ան շրջե­ցաւ ամ­բողջ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը՝ ­Լե­նինկ­րատ (­Սէն ­Փե­թերս­պուրկ), ­Քիեւ, Ե­րե­ւան, ­Թիֆ­լիզ, ­Սո­չի, ­Խար­քով։ 1950-ին մեկ­նե­ցաւ Հ­­ռոմ, որ դար­ձաւ վար­պե­տին հա­մաշ­խար­հա­յին շրջա­գա­յու­թեան ա­ռա­ջին քա­ղա­քը։ ­Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն ան շրջա­գա­յե­ցաւ քառասուն եր­կիր` բո­լոր մայրցա­մաք­նե­րու վրայ։ Ե­ղաւ նաեւ ­Յու­նաս­տան։ Իր շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին վար­պե­տը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ բազ­մա­թիւ հան­րա­յայտ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րու հետ՝ ինչ­պէս Էր­նեստ ­Հե­մին­կո­ւէյ, ­Չար­լի Շափ­լին, ­Սալ­վա­տոր ­Տա­լի։ 50-ա­կան­նե­րէն սկսեալ Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան թափ տո­ւաւ իր ու­սուց­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ Գ­­նե­սի­նի ­հիմ­նար­կին եւ ­Մոս­կո­ւա­յի երաժշ­տա­նո­ցին մէջ։

1956-ի ­Դեկ­տեմ­բե­ր 27-ին Խա­չատ­րեա­նի գլուխգոր­ծոց­նե­րէն աշ­խար­հահռ­չակ «Ս­­պար­տակ»ը ա­ռա­ջին ան­գամ բե­մադ­րո­ւե­ցաւ ­Կի­րո­վի բե­մին վրայ։

1973-ին պաշ­տօ­նա­կան մեծ շու­քով եւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին նշո­ւե­ցաւ Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ծննդեան 70-ա­մեա­կը։

Վար­պե­տը վախ­ճա­նե­ցաւ 1978 թո­ւականի ­Մա­յիսի 1-ին եւ յա­ւեր­ժա­կան իր հան­գիս­տը գտաւ «Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան զբօ­սայ­գիի պան­թէոն»ին մէջ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ զա­ւակ­նե­րուն՝ Կո­մի­տա­սի, Ի­սա­հա­կեա­նի, Սա­րեա­նի եւ միւս ան­մահ­նե­րու կող­քին։

Մեծն Ա­րամ ­Խա­չատ­րեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձը նշենք՝ հա­ղոր­դո­ւե­լով սե­փա­կան ար­մատ­նե­րուն հա-­րա­զատ մնա­լու ա­նոր պատ­գա­մով.

«Ես մե­ծա­ցել եմ մի շրջա­պա­տում, ո­րը լի է ե­ղել ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ. հան­րա­յայտ ծէ­սե­րը, տօ­նե­րը, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը եւ տխուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մարդ­կանց կեան­քում ու­ղեկ­ցո­ւել են ե­րաժշ­տու­թեամբ, հայ­կա­կան, ադր­բե­ջա­նա­կան եւ վրա­ցա­կան վառ մե­ղե­դի­նե­րով եւ պա­րե­րով, ո­րոնք կա­տա­րում էին ա­շուղ­ներն ու ե­րա­ժիշտ­նե­րը, ո­րոնք ե­ղել են այն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ խո­րը հետք են թո­ղել իմ յի­շո­ղու­թեան մէջ, ո­րոնք ուղ­ղոր­դել են ե­րաժշ­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնս։ Նրանք կեր­տել են իմ ե­րաժշ­տա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ ըն­կած են իմ ար­տիս­տիկ ան­հա­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րում։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րին ինչ փո­փո­խու­թիւն­ներ ու բա­րե­լա­ւում­ներ, որ տե­ղի են ու­նե­ցել իմ ե­րաժշ­տա­կան ճա­շա­կում, ինչ­պէս նաեւ դեռ մա­նուկ հա­սա­կում մարդ­կանց հետ շփման մի­ջո­ցով զար­գա­ցած սկզբա­նա­կան հիմ­քե­րում, մշտա­պէս կը մնան իմ ողջ աշ­խա­տան­քի սնուց­ման աղ­բիւր»։

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015