ԱՒԵԼԻ՛ ՔԱՂԱՔԱԿԱԻՐԹ ՔԱՆ ՈՒՐԻՇՆԵՐ
Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ հայ ժողովուրդը եղած է քաղաքակրթուած այն առաջին ազգերէն, որ տակաւին 19-րդ դարու սկիզբներուն սկսած է գիտակցիլ, բարձրաձայնել ու կարեւորել կնոջ դերը ընկերային կեանքէն ներս:
Եթէ օրինակ վերցնենք Պոլիսը եւ ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք, որ առաջին թրքական աղջկանց վարժարանը՝ Տարիւմուալլիմաթ (Dârülmuallimât) անունով, հիմնուած է 1870 թուականին եւ եղած է միակ վարժարանը՝ մինչեւ յեղափոխութիւն, մինչ այդ նշեալ թուականէն շատ առաջ հայեր ունեցած են մէկէ աւելի աղջկանց վարժարաններ: Երբ տակաւին աշխարհը հարցականով կը նայէր կնոջ, հայ ժողովուրդը իր թերթերուն մէջ տեղ կու տար հայ կին գրողներուն, բեմերու վրայ տեղ կու տար հայ կին դերասանուհիներու (որոնք սկզբնական շրջանին բազմաթիւ հալածանքներու եւ անպատիւ վերաբերմունքի կ՚արժանանային):
Երբ տակաւին աշխարհի շատ մը երկիրներ անգիտակ էին «կնոջ հաւասարութիւն» բանաձեւին, Խրիմեան Հայրիկ աւելի քան 150 տարիներ առաջ իր «Դրախտի ընտանիք (ի պէտս հայոց ընտանեաց)» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Կինը լուծեց իւր համրութիւնը, կինը կարդաց ու ճանչցաւ իւր իրաւունքն, բողոքեց ու հռչակեց աշխարհին առաջ թէ ինքն եւս իւր ընտանեաց մայրն է, պէտք է խօսի եւ այր մարդոց ընկերութեան մէջ հաւասար աթոռ ունենայ»: Շարունակելով Խրիմեան իր ապրած ժամանակաշրջանի մտայնութիւնը կը յայտնէ հետեւեալ տողերով. «դարձեալ բարւոք համարին կինը ընկերական հրապարակէն հանել եւ անդրէն տանել հին նահապետական վրանին տակ փակել եւ թանձր քօղով ծածկել նորա գլուխ, որ այլ եւս արեւ եւ ազատութիւն չի տեսնայ»:
Երբ աշխարհի ազգութիւնները կնոջ ազատամտութիւնը որպէս անպատուութիւն ու անկրթութիւն կ՚որակէին, հայը թէ՛ քաղաքի եւ թէ՛ գիւղերու մէջ ջանք կը թափէր կրթելու համար աղջիկ զաւակները, վստահ ըլլալով որ անոնք հաւասար էակներ են ընկերութեան մէջ:
Կը տեսնենք, թէ տակաւին այդ թուականներէն Խրիմեան կը բողոքէր անչափահաս տարիքէն իրենց աղջիկները պսակել ցանկացող ծնողներու դէմ. իր խօսքը ուղղելով նման ընտանիքներու՝ Խրիմեան կ՚ըսէ. «աճապարեցիք կինը պատկառանաց համեստ քօղին տակէն հանելով՝ դպրոցին տաճար տարիք զինքն. ինչ որ կնոջ պէտք չէր՝ դուք զայն ուսուցիք, եւ ինչ որ պէտք էր՝ դուք կամ չգիտցաք կամ աւելորդ դատեցիք, միայն աղօտ կիսախաւար լոյս տուիք կնոջ եւ արձակեցիք զինք»:
Չգիտութեան այդ տարիներուն նման գաղափարներ արտայայտողները թող եւրոպացիներ եւ կամ ամերիկացիներ ըլլային՝ այսօր ամբողջ աշխարհը ծանօթ կ՚ըլլար իրենց գործերուն ու մտածումներուն. մենք՝ հայերս նոյնիսկ վերցնելով յափշտակութեամբ կը կարդայինք, սակայն երբ գրողը հայ ըլլայ... թէ՛ աշխարհը եւ թէ՛ մենք կը մոռնանք: Խրիմեան պէտք է նկատուի 19-րդ դարու ամենէն լուսաւոր մտածողներէն մին:
Խրիմեան կնոջ ազատութիւնը կարեւոր, սակայն միաժամանակ վտանգաւոր կը նկատէ, որպէս լուծում ցոյց տալով կրթութիւնն ու ուսումը. անոր համոզումով՝ առանց կրթութեան տրուած ազատութիւն մը կորուստի կը տանի միայն. «կնոջ հոգին ու միտքը տիրապէս կրթել ուղիղ դաստիարակութեամբ, թող այնուհետեւ նա ինքնին իւր կիրք, իւր հաճոյք եւ իւր ազատութիւնը չափաւորէ, ինքնին զգալով ու ճանաչելով իւր մոլորամիտ շաւիղը»:
Պոլսահայ կեանքին մէջ կնոջ հանդէպ եղած մօտեցումները ճանչնալու համար պէտք է կարդալ այդ ժամանակաշրջանի գրողներու հրապարակախօսութիւնները. առաջին հայ կին գրողներէն Սիպիլ «Ազգանուէր հայուհիք» ճառախօսութեան մէջ խօսելով կնոջ ազատութեան մասին աւելի քան 135 տարիներ առաջ կ՚ըսէր. «դուք հայ կինը չոր հացի, ողորմութեա՞ն միայն արժանի կը տեսնէք. չէ՛ կինը ողորմութեան կարօտ չը պիտի ըլլայ. անիկա իր հացը ի՛նք պիտի շահի իր աշխատութեամբ»:
Ամբողջ աշխարհը երբ 1909-1917 թուականներուն շեշտ կը դնէր կնոջ հաւասարութեան վրայ, երբ Համաշխարհային կանանց օր կը նշանակէին, աւելի քան կէս դար առաջ հայ ազգը կը գիտակցէր այդ բոլորին: Միւս երկիրներու իրավիճակը աւելի պարզ դարձնելու համար յիշենք «Մշակ» թերթի 1873 թուականի Ա. թիւին մէջ հրատարակուած «Նամակ ղզլարից» խորագրեալ նամակագրութիւնը, ուր գրողը կը յիշէ. «Մերձակայ ռուսական գիւղերուն մէջ մարդու եւ կնոջ դերը փոխուած են, այսինքն կինը կը կատարէ բոլոր դաշտային աշխատանքները, կը մշակէ երկիրը, փայտ կը բերէ քաղաք վաճառելու...»:
Իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդը անցեալին շատ մը հարցերու մէջ շատ աւելի քաղաքակիրթ եղած է, քան ներկայիս «զարգացած» ճանչցուած եւրոպական շատ մը երկիրներ. Զարթօնքի սերունդը կատարած է իր կարելին կրթելու համար ժողովուրդը. ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ հիմնած են թերթ, հիմնած են դպրոց, վստահ ըլլալով որ յառաջդիմելու եւ բարձրանալու միակ ճամբան ու միջոցը կրթութիւնն է:
Փորձեցէ՛ք օր մը ծանօթանալ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի խմբագրակազմին. հպարտութիւնը ունինք ըսելու, որ մեր թերթը եւս մեծաւ մասամբ վստահուած է հա՛յ կիներու, որոնք ամենայն համբերութեամբ կը ստեղծագործեն, շատ անգամ կը սրբագրեն մեր սխալները եւ մօր գորովով ծնունդ ու կեանք կու տան թերթին. պատի՛ւ անոնց անձնուէր աշխատանքին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
(1878-1943)
Մեր թուականէն 144 տարիներ առաջ՝ 4 փետրուար 1878-ին Սկիւտարի մէջ ծնած է գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս եւ գրականագէտ Զապէլ Եսայեան (բուն մականունով՝ Յովհաննէսեան):
Եսայեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, նախ հետեւելով անհատական դասերու եւ ապա աշակերտելով Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշակերտած է նաեւ գրող, քննադատ, բանասէր եւ լրագրող Արշակ Չօպանեանին: Իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու համար Զապէլ Եսայեան 1895 թուականին մեկնած է Փարիզ, հետեւելով Սորպոնի համալսարանի եւ Քոլէճ տը Ֆրանսի գրականութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: Փարիզի մէջ Զապէլ Եսայեան մասնակցած է Լուսինեան բառարանը կազմելու աշխատանքին:
Զապէլ 1900-ին ամուսնացած է պոլսահայ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, որ նոյնպէս իր ուսումը ստացած էր Փարիզի մէջ:
Փարիզ գտնուած ժամանակէն սկսեալ Զապէլ Եսայեան յօդուածներով, արձակ քերթուածներով ու պատմուածքներով սկսած է աշխատակցիլ հայկական եւ ֆրանսական զանազան պարբերականներու, գրելով թէ՛ հայերէն եւ թէ ֆրանսերէն լեզուներով. 1902 թուականին վերադարձած է Պոլիս եւ շարունակած իր գրական գործունէութիւնը:
Պոլիս մնացած է մինչեւ 1905 թուականը եւ ազգային-քաղաքական ճնշման պատճառով դարձեալ մեկնած է Փարիզ մինչեւ 1908 թուականը՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը: Եսայեան 1905-1907 թուականներուն գրած է իր «Սկիւտարի վերջալոյսներ», «Կեղծ հանճարներ», «Հլուները եւ ըմբոստները» եւ «Շնորհքով մարդիկ» վիպակները:
Եսայեան ականատես եղած է Համաշխարհային առաջին պատերազմին, ինչպէս նաեւ Սեծ եղեռնին եւ իր տպաւորութիւններն ու տեսածները գրի առած «Աւերակներուն մէջ», «Անէծքը», «Նոր հարսը» եւ «Սաֆիէ» պատմուածքներուն մէջ, որոնք հրատարակուած են 1911 թուականին:
Մեծ եղեռնէն բախտաւորութեամբ ազատուելով որոշ ժամանակ ապրած է գաղթական կեանք, մեկնելով Պուլկարիա, Ռումանիա եւ այլուր եւ ապա հաստատուած է Կովկաս:
Համաշխարհային պատերազմէն ետք Զապէլ Եսայեան զբաղած է հայ որբերով, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ անոնց համար հանգանակութիւն կատարած:
Եսայեան 1933 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանի աշխատանքի հրաւէրով հաստատուած է Երեւան. Ստալինեան բռնապետութեան ժամանակ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է եւ անոր ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչեւ օրս կը մնան անյայտ: Շատ մը աղբիւրներ անոր մահուան թուական կը յիշեն 1943 թուականը:
Հպարտութեամբ պէտք է ըսենք, որ Զապէլ Եսայեան եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին աշխատակիցներէն եւ թերթի առաջին թիւին Ա. էջին վրայ գրած «Կասկածոտները» յօդուածը. յօդուած՝ որուն ճամբով դիւրութեամբ կարելի է հասկնալ անոր ըմբոստ հոգին ու քաջարի նկարագիրը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ