ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻԻ ՄԱՍԻՆ
Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ Համազգայինը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին բանախօսեց պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեան։ Ձեռնարկին առիթ տուած էր Կարօ Սասունիի «Լեռներու խորհուրդը» հատորին ֆրանսերէնով կատարուած հրատարակութիւնը «Փարանթէզ» հրատարակչատան կողմէ, «Որսորդը» խորագրով։ Հատորը թարգմանած է Բաբգէն Սասունի, իսկ վերջաբանի հեղինակն է Անահիտ Տէր-Մինասեան։
Հեղինակաւոր դասախօսը տեղեկացուց, թէ «Լեռներու խորհուրդը» հաւաքածոն գրուած է Փարիզի ու Հալէպի մէջ, բայց հրատարակուած՝ Պէյրութ, 1934-ին, ուր վերջնականապէս հանգրուանած էր հեղինակը՝ քսան տարիներու թափառական կեանքէ մը ետք։ Գիրքը ձեւով մը Սասունիի ինքնակենսագրութիւնն է, բացարձակ երջանկութեան մը դրսեւորումը՝ լերան լանջին թառած Սասունի Ահարոնք գիւղի հայելին, ուր փոքրիկ Կարօ ապրած է ազատ եւ ուրախ մանկութիւն մը։ Պատմելէ ետք Կարօ Սասունիի կենսագրութիւնը բանախօսը նշեց, թէ Կարօ Սասունի 1915-էն ետք միշտ վերլուծած է ու փորձած հասկնալ Մեծ եղեռնը։ Այս նիւթին շուրջ ան հրատարակած է ակնարկ մը, որ առիթ տուած է բանավէճի։
Շուրջ երեք ժամ տեւած բանախօսութեան ընթացքին Տէր-Մինասեան դրուագներ կարդաց նաեւ «Լեռներու խորհուրդը» հատորէն։ Ան յուշեր պատմեց նաեւ իր զաւակներուն հետ դէպի պատմական Հայաստան կատարած ճամբորդութենէն։