ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ԵՍ ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»

Յովհաննէս Աւետարանին 6-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի ջուրին վրայէն քալելու մասին:

«Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր:

Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլօմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ես եմ, մի՛ վախնաք:

Անոնք կ՚ուզէին զԻնք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ՚երթային» (Յհ 6.16-21):

Իրողութիւնը, ինչ բանի մասին կը խօսուի այստեղ, այսօրուան նիւթականացած եւ ամէն ինչ գիտութեամբ ու շօշափելի տուեալներով ընդունող մարդուն համար կրնայ ծիծաղելի թուալ, եւ շատ յաճախ անհաւատալի: Այսօրուան մարդը կը հարցնէ. ինչպէ՞ս կարելի է, որ մարդ մը կարենայ ջուրին վրայէն քալել, այդ մէկը հնարաւոր չէ: Այս առարկութեան պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է: Ճի՛շդ է, որ մարդուն համար նման բան մը հնարաւոր չէ ու անհաւատալի է, սակայն Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ (Ղկ 1.37):

Այսօր, այս խորհրդածութեամբ պիտի չփորձենք քննարկել Տէր Յիսուսի ջուրին վրայէն քալելու հանգամանքը, այլ՝ այս իրողութեան պիտի փորձենք հոգեւոր մօտեցումով մօտենալ:

Սկսինք.

ա. «Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում»:

Մարդ արարածին կեանքը ճանապարհորդութեան հանգրուան մըն է, որ սկիզբ կ՚առնէ մօր արգանդին մէջ յղացած իսկ վայրկեանէն եւ կը տեւէ մինչեւ անցնիլը այս երկրաւոր՝ ժամանակաւոր կեանքէն, դէպի յաւիտենականը, դէպի մնայունը:

Այս ընդհանուր ճանապարհորդութեան ընթացքին մարդ մնայուն կերպով, այլ՝ փոքր ճանապարհորդութիւններ կը կատարէ իր կեանքի տարբեր-տարբեր հանգրուաններուն, տարբեր-տարբեր իրողութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնի, որով շատ յաճախ իր կեանքին ընթացքը կամ դէպի աջ եւ կամ ալ դէպի ձախ կը թեքուի, երբեմն յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ երբեմն ալ ձախողութեամբ, սակայն մարդ այնքան ատեն որ տակաւին կը շարունակէ ապրիլ այս երկրաւոր կեանքի ընթացքը, չի՛ դադրիր ճանապարհորդելէ:

Մարդոց մօտ սովորութիւն է երբ որեւէ մէկ ճանապարհորդութիւն պիտի կատարեն, նախքան ճանապարհորդութեան սկսիլը կը պատրաստուին, կը զինուին, կարելի եւ անկարելի պատահելիքներու մասին անգամ մը կը մտածեն եւ որոշակի պատրաստուածութիւն կը ցուցաբերեն որեւէ իրողութեան մը դիմակայելու համար, նման Յիսուսի աշակերտներուն, որոնք երեկոյեան կողմ երբ լիճին եզերքը իջան, նախքան նաւակ մտնելը բնականաբար նախ ստուգեցին նաւակի պատրաստուածութիւնը այդ ճանապարհորդութեան եւ նոր միայն նաւակ բարձրացան՝ երթալու համար իրենց ուզած տեղը:  

բ. «Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր». աշակերտները ճանապարհ ելած էին՝ լիճին մէջն էին արդէն, մթնցած էր, սակայն տակաւին Յիսուս չէր եկած իրենց մօտ: Ասիկա ցոյց կու տար, որ Տէր Յիսուսի ջուրերուն վրայէն քալելը աշակերտներուն համար արդէն սովորական դարձած էր, որովհետեւ նախապէս ալ ականատեսը եղած էին այդ եղելութեան: Աւետարանիչը շեշտելէ ետք Յիսուսի չգալուն հանգամանքը, կը մատնանշէ որ լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր: Աշակերտները մէկ կողմը իրենց միտքին մէջ ապահով էին, որ ուր որ է Տէրը պիտի մօտենայ իրենց, միւս կողմէ սակայն լիճին ալեկծութիւնն ու հովին ուժգնութիւնը սկսած էին մտահոգել զիրենք: Նոյնը չէ՞ հաւատացեալ մարդուն առօրեայ կեանքը. արդարեւ, հաւատացեալ մարդը իր միտքին մէջ միշտ ունի Յիսուսին իր կողքը ըլլալուն հանգամանքը, միշտ գիտէ, որ որեւէ պահի Տէր Յիսուս Իր կողքը կրնայ յայտնուիլ եւ ատով որոշակի ապահովութիւն մը կ՚ունենայ իր առօրեայ, կամ ընդհանուր ճանապարհորդութեան ընթացքին: Միաժամանակ, սակայն, երբեմն-երբեմն, կամ յաճախ հանդիպող դժուարութիւնները եւ գլուխ բարձրացնող նեղութիւնները կը սկսի մտահոգեցնել զինք, կը սկսին պղտորել իր միտքը եւ շեղել իրականութենէն, որով երբեմն մարդ կը սկսի կասկածիլ, թերահաւատութեան գիրկը իյնալ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենամ յաղթահարել այս արգելքը, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ դիմակայել այս փորձանքին, եւ այլն, եւ այլն: Մարդ, եթէ այս մտածումներուն տեղ տայ եւ անդադար մտածէ այդ մասին, ապա շուտով դիւրութեամբ կը մոլորի, կը սայթաքի եւ կը պարտուի, մինչ երբ այդ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ անդադար յիշէ, որ ուր որ է Տէր Յիսուս պիտի յայտնուի եւ իր ամէն կարելին ընէ դիմադրելու, պայքարելու գլուխ բարձրացնող դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն դէմ, ապա անպայմանօրէն յաջողութեան պիտի հասնի:

Աւելին, մարդ իր ունեցած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ միշտ պէտք է մտաբերէ Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը, զորս Իր աշակերտներուն ըսաւ ձերբակալութենէն քիչ մը առաջ. «Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք: Բայց Ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս Ինծի հետ է: Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.32-33): Այսինքն, մարդկութեան համար նեղութիւններն ու դժուարութիւնները բնական երեւոյթներ են եւ մարդիկ պէտք չէ փախչին կամ փորձեն զերծ մնալ այդ երեւոյթներէն, ընդհակառակը պէտք է իրենց ցուցաբերած դիմադրութեամբ կոփուին, որպէսզի բիւրեղացած եւ ա՛լ աւելի մաքրուած ներկայանան Հօր Աստուծոյ Իր զաւակներուն խոստացած յաւիտենական ընթրիքին: Ղեւոնդ Վարդապետ Դուրեան կ՚ըսէ. «Ան, ով կը կամենայ տխրութիւնն ու ցաւը վանել իր միտքէն, բնա՛ւ չէ ըմբռնած Աւետարանը: Քրիստոնէութիւնը նախ խաչելութիւն է, սակայն ազատագրում եւ փրկագործութիւն ալ է»: 

գ. «Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլօմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին». ըսինք, որ հաւատացեալը իր ճանապարհորդութեան ընթացքին դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու կը հանդիպի եւ այդ պահերը զինք նոյնիսկ յուսահատութեան կը տանին: Արդարեւ, աշակերտները գիտէին, որ Տէր Յիսուս կրնար յանկարծ մօտենալ իրենց, միւս կողմէ լիճին ալեկոծութիւնն ու հովին սաստկութիւնը կը մտալլկէին զիրենք, եւ ինչքան կը խորանային լիճին մէջ, այդքան իրենց մտատանջութիւնը կ՚աւելնար: Նոյնն է հաւատացեալին պարագան. երբ որեւէ մէկ նեղութիւն կամ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ կամ փորձութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի, ինչքան այդ ընթացքը երկարի, այդքան աւելի կը սկսի մտահոգուիլ, մտատանջուիլ, թէ Տէրը ինչո՞ւ օգնութեան չի գար, Տէրը ինչո՞ւ չի մօտենար: Պատասխանը շա՜տ դիւրին է. Տէրը երբեմն-երբեմն Իր ուշացումով կ՚ուզէ տեսնել մեր հաւատարմութիւնը, մեր վստահութիւնը Իր օգնականութեան նկատմամբ եւ մեր պատրաստակամութիւնը Իր Սուրբ Անուան ու փառքին համար դժուարութիւններ դիմագրաւելու եւ դժուարութիւններուն դէմ դնելու: Հետեւաբար, նման պարագաներու պէտք չէ յուսահատիլ, ընդհակառակը, ինչքան դժուարութիւնը սաստկանայ, այդքանով մեր աղօթքները պէտք է շատնան, ինչքան նեղութիւնները ծանրանան, այդքան վստահութեամբ եւ միաժամանակ խոնարհ ոգիով ըսենք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10), մնացածը ձգելով Տիրոջ, որով վստահաբար շուտով պիտի լսենք. «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20):

դ. «Անոնք կ՚ուզէին զԻնք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ՚երթային». յաճախ, հաւատացեալները երբ որոշակի դժուարութիւն մը կամ նեղութիւն մը կը յաղթահարեն, կամ փորձութենէ մը նուազագոյն վնասներով դուրս կու գան, կը փորձեն Տէր Յիսուսը սեփականացնել, իրենց սեփականութիւնը դարձնել: Բնականաբար, լա՛ւ է, որ մարդ փափաք ունենայ Քրիստոսը իրեն մտերիմ, իրեն եղբայր, հայր, քոյր, մայր ու բարեկամ ընելը, բայց զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ այդ փափաքը հպարտութենէ կամ նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ եւ փորձութիւններէ խուսափելու դրդապատճառով չըլլայ: Քրիստոնեայ անհատը դիւրին կեանքի մը չէ՛ կոչուած: Քրիստոսի դիւրին կեանքը Քրիստոսով ապրուած կեանքն է, այսինքն՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը մնայուն կերպով զգալու մէջն է, որով կարիք չենք ունենար մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին փորձել զԻնք մեր նաւակին մէջ առնել, որովհետեւ իրականութեան մէջ Քրիստոս միշտ մեզի հետ է, եթէ մենք Անոր տուած ենք իրաւասութիւնը մեր ամէն ինչը ըլլալու, եւ մեր առօրեայ ընթացքին երբ երբեմն-երբեմն զգանք, թէ Ան հեռացած է մեզմէ, հաստատ գիտակցումը ունենանք, թէ Ան ո՛չ թէ հեռացած է մեզմէ, այլ՝ մէկ կողմ կանգնած կը նայի, թէ մենք ի՛նչպէս Իր սիրոյ շնորհիւ ու Իր նկատմամբ ունեցած մեր վստահութեամբ պիտի յաղթահարենք որեւէ դժուարութիւն եւ նեղութիւն:

Հետեւաբար ականջալուր ըլլանք Տէր Յիսուսի քաջալերական քաղցր ձայնին. «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 փետրուար 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022