ՀԱՅԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԵՔ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ՄԱՐԴԱԲԱՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԸ

Քո­փեն­հա­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­սում­նա­սի­րո­ւած են 101 հնա­գոյն ծննդա­կան նմոյշ­ներ Եւ­րոա­սիա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէն:

Ըստ armradio.am-ի՝ ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տեղ գտած են Հա­յաս­տա­նի պրոն­զէ եւ երկա­թէ դա­րե­րու տար­բեր հնա­վայ­րե­րու մէջ պե­ղո­ւած մար­դոց ծննդա­կան տո­ւեալ­նե­րը: Ու­սում­նա­սի­րու­թեան նպա­տա­կը պրոն­զէ դա­րուն Եւ­րոա­սիո­յ բնակ­չու­թեան ծննդա­կան նկա­րագ­րի վեր­հա­նումն էր: Ի՞նչ պար­զո­ւած է մաս­նա­գէտ­նե­րու քա­նա­կի, տա­րած­քի եւ նիւ­թե­րու ընդգրկ­ման տե­սա­կէ­տէն՝ նա­խա­դէ­պը չու­նե­ցող գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գրի ի­րա­կա­նաց­ման իբ­րեւ  ար­դիւնք:

Եւ­րոա­սիոյ ժա­մա­նա­կա­կից տա­րած­քի բո­լոր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, բա­ցա­ռու­թեամբ Սար­տի­նիոյ եւ Սի­կի­լիոյ բնա­կիչ­նե­րուն, կեն­սա­բա­նա­կան նախ­նին ե­ղած է Ք­. Ա. 4-­րդ հա­զա­րա­մեա­կի վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ 2-րդ հա­զա­րա­մեա­կի վեր­ջը ապ­րած մար­դը: Իսկ իր ծննդա­բա­նա­կան նկա­րա­գ­րով՝ ժա­մա­նա­կա­կից հայ մար­դը ա­մե­նա­մօտն է մեր ընդ­հա­նուր նախ­նիին:

«Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ այս մա­սին յայ­տա­րա­րե­ցին Հայաստանի Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Տքթ. Փա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն եւ Մասն­իկա­յին (moleculer) կեն­սա­բա­նու­թեան հիմ­նար­կի էթ­նօծնն­դա­կան տար­րա­լու­ծա­րա­նի վա­րիչ Փրոֆ. Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեա­ն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Քո­փեն­հա­կի հա­մալ­սա­րա­նի կեդ­րո­նին հետ հա­մա­տեղ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րը:

Հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար տար­րա­լու­ծա­կան քննու­թեան են­թար­կուած է 101 հնա­գոյն DNT­-նե­րու նմոյշ՝ բե­րուած Եւ­րոա­սիոյ տար­բեր շրջան­նե­րէ՝ Դա­նիա­յէն, Էս­թո­նիա­յէն, Չե­խիա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Հուն­գա­րիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Ղա­զախիս­տա­նէն, Լիթ­վա­յէն, Լե­հա­սա­տա­նէն, Ռո­ւսաստանէն եւ Զուի­ցե­րիա­յէն: Ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տեղ գտած են Հա­յաս­տա­նի պրոնզ­-եր­կա­թի դա­րե­րու տար­բեր հնա­վայ­րե­րու մէջ պե­ղուած մար­դոց ՏՆԹ-­ի ութ նմոյշ:

«Կով­կա­սի եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տա­րածք­նե­րուն մէջ հա­ւա­քուած նիւ­թե­րու ՏՆԹ-­նե­րու մէջ այ­սօ­րուան հայ մար­դու եւ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն յայտ­նա­բե­րուած մար­դա­բա­նա­կան մնա­ցորդ­նե­րու ՏՆԹ ցու­ցա­նիշ­ները ա­մե­նա­մօտն են ի­րարու: Սա ժա­ռան­գա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան մա­սին վկա­յող բա­ցա­ռիկ տուեալ մըն է»,­ պար­զա­բա­նած է Փա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն:

Անդ­րա­նա­դառ­նա­լով այն հար­ցին, թէ ար­դեօք ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ձեռք բե­րուած նմոյշ­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կա­րե­լի՞ է վե­րագ­րել նաեւ պատմական Հա­յաս­տա­նին եւ Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին, հնա­գէտ Փա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն բա­ցատ­րեց. «Այն նիւ­թե­րը, որոնք ձեռք բե­րուած են ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քի հնա­գի­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րէն՝ ո­րո­շա­կի մշա­կոյթ­ներ ներ­կա­յաց­նող հնա­վայ­րեր են, ո­րոնք ու­նին տա­րած­ում, ո­ր տա­րա­ծուած է Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի՝ ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաս­տա­նէն դուրս ին­կած տա­րածք­նե­րուն մէջ: Ե­թէ մենք ո­րե­ւէ բան կը պե­ղենք Կա­պա­նէն եւ այդ նիւ­թե­րը կը տրա­մադ­րենք ու­սում­նա­սի­րու­թեան, մենք, ըստ էու­թեան, կը ստա­նանք պատ­կեր նաեւ առ­հա­սա­րակ այդ մշա­կոյթ­նե­րու տա­րած­ման  մա­սին:

«Իսկ ժա­մա­նա­կա­կից հայ մար­դու եւ Ք­. Ա. 4-­րդ հա­զա­րա­մեա­կի մար­դու ժա­ռան­գա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է անով, որ տե­ղւոյն բնակ­չու­թիւ­նը իր կրօ­նի, ազ­գա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րու շնոր­հիւ մե­կու­սա­ցուած ե­ղած է եւ զան­գուա­ծա­բար չէ ձու­լուած այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ, ին­չ որ բա­ցա­ռիկ, ար­տա­կարգ ե­րե­ւոյթ է»։

«Մեզի հա­մար յու­զիչ, դրա­կան պա­տաս­խան ստա­ցած ենք: Հայաստանի Հանրապետութեան ներ­կայ տա­րած­քէն ներս յայ­տա­նա­բե­րո­ւած պրոն­զէ դա­րեան նիւ­թերը ու­նին նոյն ծինաբանական պատ­կե­րը, զոր մենք ու­նինք այ­սօր: Այ­սինքն՝ կը նշանակէ, թէ հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ այս տա­րած­քի վրայ ապ­րիլ ու այ­սօր ալ շա­րու­նա­կել ապ­րիլ մար­դա­բա­նա­կան նոյն տե­սա­կը», իր հեր­թին ընդգ­ծած է Փրո­ֆ. Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեա­ն՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ա­սի­կա աշ­խա­տանք­նե­րու սկիզբն է:

Ի դէպ, տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րէն այս հե­տա­զօ­տու­թեան մաս­նակ­ցած է միայն Հա­յաս­տա­նը: Ին­չու, ըստ Ե­պիս­կո­պո­սեա­նի, ո­րով­հե­տեւ չու­նինք խնդիր եւ բար­դոյթ: Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կը մեր ա­րե­ւե­լեան հա­րե­ւա­նը  մեր­ժած է՝ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ այ­սօր կ՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւի ցե­ղա­կան ամ­րապնդ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ նման հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րով չեն ու­զեր խտրա­կա­նու­թիւն մտցնել կամ անջր­պետ յա­ռա­ջաց­նել ցե­ղա­կան խում­բե­րու մի­ջեւ:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015