ՕԼԿԱ ՄԱՅՐԻԿԸ
1 դեկտեմբեր 1888 թուականին, 19 տարեկան Յովհաննէս Թումանեանը կ՚ամուսնանայ 17 տարեկան թիֆլիզահայ աղջնակի մը՝ Օլկա Մաճկալեանին հետ։ Յետագային նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, մշակութային, ազգային գործիչ դարձած Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին մէջ մեծ ու նշանակալից դեր պիտի խաղար Օլկան, որ ծնած եւ դաստիարակած է տասն երեխայ, ամուր պահած Թումանեանի օճախն ու կարեւոր դեր խաղացած՝ անոր ժառանգութիւնը սերունդներուն պահ տալու գործին մէջ:
Ոչ միայն տունին անդամները, այլ նաեւ ընտանիքին բարեկամներն ու անծանօթները «Օլկա մայրիկ» կը կոչէին այդ ուժեղ, համբերատար, մեծահոգի եւ լայնսիրտ կինը:
Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած գիրքն ալ այդ խորագիրը ունի՝ «Մայրիկը. Օլկա Թումանեան» եւ այս խորագիրը կը կրէ Յովհաննէս Թումանեանի Երեւանի տուն-թանգարանին մէջ բացուաւծ ցուցահանդէսը: Թէ՛ գիրքը, թէ՛ ցուցահանդէսը նուիրուած են Օլկա Մաճկալեան-Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Այս առիթով նկարահանուած է նաեւ տեսաժապաւէն մը: Թումանեանի կնոջ յուշերը, անոր կեանքին մասին պատմութիւնները եւ Թումանեան ընտանիքէն շատ մանրամասնութիւններ վերջապէս հաւաքուած եւ ամբողջացած է գիրքի մը մէջ:
Թումանեան ընտանիքին մասին շատ-շատ գիրքեր լոյս տեսած են, սակայն այս վերջին գիրքը իւրայատուկ է անով, որ գլխաւոր հերոսը Օլկան է, որուն յուշերը ի մի բերուած են՝ սկսած իր դեռահասութեան տարիքէն: Գիրքին մէջ կան Յովհաննէս Թումանեանի հետ իր նամակագրութիւնը եւ անտիպ լուսանկարներ, որոնք կը գրաւեն ընթերցողը: Փաստօրէն, յուշեր գրելով, Օլկա Թումանեան ակամայօրէն դարձած է նաեւ ինքն իր կենսագիրը: Առաջին անգամ լոյս տեսած է նաեւ անոր ձեռագրական ժառանգութիւնը:
Օլկա Մաճկալեան եւ Յովհաննէս Թումանեան շատ վաղ տարիքին իրենց կեանքը կապած են իրարու: Անոնք պատահական կերպով ծանօթացած են:
Օլկա Մաճկալեան (իսկական անունով՝ Մարիամ) Թիֆլիզ՝ իր մեծ մօր տունը կը բնակէր, կ՚ուսանէր Թիֆլիզի Յովնանեան դպրոցը։ Հայրը մշտապէս կը բնակէր Աղստաֆա՝ Ատրպէյճանի մէկ շրջանը, այդ պատճառով ալ ընտանիքին հոգը իր վրայ առած էր Օլկային հօրաքրոջ ամուսինը՝ Յովհաննէս Քահանայ Մարտիրոսեանը:
Յովհաննէս Քահանան կորսնցուցած էր իր երէցկինը եւ, ըստ եկեղեցական կարգին, իրաւունք չունէր երկրորդ անգամ ամուսնանալու։ Ան իր կեանքը կը կապէ Օլկային մօր՝ Շուշանիկ Մաճկալեանին հետ եւ այդպիսով կը որդեգրէ անոր միակ դուստրը։ Իսկ Յովհաննէս Թումանեան, Թիֆլիզի մէջ թեմական հոգեւոր մարմնի պետին գրագիրը ըլլալով, յաճախ թուղթեր կը տանէր Յովհաննէս Քահանայ Մարտիրոսեանին տունը։ Օլկա Թումանեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ ինքը յետոյ տեղեկացած է, որ իր մայրը, Տէր Յովհաննէսին եւ ուրիշ հոգեւորականի մը՝ Ներսէս Քահանային հետ, առանց իր տեղեկութեան, որոշած են զինք նշանել եւ ամուսնացնել Յովհաննէս Թումանեանին հետ, որմէ ետք Թումանեանը քահանայ պիտի ձեռնադրէին։ Անգամ մը Օլկան տան դուռը կը բանայ եւ քահանային ղրկուած թուղթերը կը վերցնէ, այդպէս զիրար կը տեսնեն: Թումանեան կը ժպտայ եւ կը հեռանայ: Նշանադրութիւնը շատ արագ տեղի կ՚ունենայ:
Զատկուան տօներուն մի քանի օր Թումանեանը կը մնայ Օլկայենց տունը եւ երբ կը վերադառնայ իր վարձու բնակարանը, տանտէրը կարճ ու կտրուկ կ՚ըսէ, թէ կրնաս երթալ հոն, ուրկէ եկար: Երբ Օլկային մայրը կը լսէ, կ՚ըսէ՝ եթէ ատանկ է, իրերդ հաւաքէ՛ ու եկուր հոս: Օլկա Մաճկալեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Միւս օրը կապոց մը ձեռքին եկաւ, մէջը ձեռք մը սպիտակեղէն եւ երկու հրատարակութիւն՝ մէկը «Վէրք Հայաստանի» գիրքը, միւսը՝ «Հիւսիսափայլ»էն թիւ մը: Այդ էր անոր ամբողջ ունեցածը»:
Արագ տեղի կ՚ունենայ նաեւ պսակադրութիւնը: Օլկա նոյնիսկ չէր գիտեր, որ Թումանեան գրական հակումներ ունի, բանաստեղծութիւններ կը գրէ: Ան կ՚ամուսնանայ՝ ընտանիք կազմելու եւ ընտանեկան ջերմ կեանք մը ունենալու հեռանկարով: Կը պսակադրուին Թիֆլիզի վանքը. վեց քահանայ եւ մէկ վարդապետ ներկայ կ՚ըլլայ պսակադրութեան: Զանոնք պէտք է պսակէր Արսէն Քահանայ Բագրատունին, որ Օլկային ընտանիքի քահանան էր, սակայն Թումանեանին հայրը, որ Տէր Թադէոս Քահանան էր, կ՚որոշէ ինք ամուսնացնել տղան եւ գիւղէն քահանայ մը առնելով կ՚երթայ Թիֆլիզ:
Թումանեան Հայաստանի Լոռիի Դսեղ գիւղը ծնած էր, Օլկա ամուսնանալէն որոշ ժամանակ ետք առաջին անգամ Դսեղ կ՚այցելէ, այնպէս որ Թումանեանին մայրը եւ տիկին Օլկան բաւական ուշ հանդիպած են, իսկ հանդիպելէն ետք գրողին մայրը շատ սիրած է իր հարսը եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին իւրայատուկ վերաբերմունք ունեցած է անոր հանդէպ:
Ամուսնութենէն ետք Յովհաննէս Թումանեան կը բնակի Օլկայի հարազատներուն հետ: Յուշերուն մէջ կը կարդանք, որ սկիզբը Թումանեան իբրեւ գրող ընդունուած չէ եղած Օլկային հարազատներուն կողմէ, քանի որ անոնք թերահաւատութեամբ կը նայէին գրական կեանքով ընտանիք պահելու հեռանկարին: Քահանայ ձեռնադրելու որոշումն ալ չեղարկուած է, Թումանեան հրաժարած է եւ ամբողջութեամբ նուիրուած գրական, հասարակական գործին՝ ատոր մէջ տեսնելով իր կեանքին իմաստը եւ միակ առաքելութիւնը:
Կնոջ ուղղուած նամակներէն մէկուն մէջ Թումանեան յետագային պիտի նշէր, թէ ձերոնք սկսան զիս գնահատել միայն այն ժամանակ, երբ հասկցան, որ իմ ամէն մէկ տողը նիւթական միջոց կ՚ապահովէ ընտանիքին: Թումանեան լիովին կը նուիրուի գրականութեան եւ հակառակ որ ընտանիքին ողջ հոգը կը մնայ կնոջ ուսերուն, սակայն տիկին Օլկա միշտ հոգատար եղած է Թումանեանի նկատմամբ, աջակցած է անոր ամէն մէկ հարցին մէջ:
Նման պատմութիւն մը կայ, որ կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ կատակով Թումանեանը Օլկային 11-րդ զաւակը նկատած է։ Միաժամանակ Խրիմեան Հայրիկն է, որ Թումանեանի տունը հերթական այցին ընթացքին, երբ պզտիկներուն անտանելի աղմուկ-աղաղակը լսած է, կրկին սրամտութեամբ ըսած է, որ հակառակ եկեղեցին այնքան ալ դիւրին չի տար ապահարզան, բայց եթէ Օլկան ուզէ՝ իրեն կու տան, քանի որ այդպիսի ընտանիք պահելը հոգ մըն է, բանաստեղծ ամուսին պահելը՝ ուրիշ հոգ մը:
Յատկապէս՝ 1900-ականներէն սկսեալ, երբ Թումանեան զբաղած էր ազգային ու հասարակական կարեւոր գործերով, Օլկա գրեթէ մինակ մնացած էր իր բեռան տակ: Ամիսներով ան հիւրընկալած է հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչները իր տան մէջ, պզտիկներուն հետ պահած եւ խնամած է Ալեքսանդրապոլի որբանոցէն ամուսնինին բերած որբերը եւ բազմաթիւ այլ զոհողութիւններ կատարած: Այդքան բարի եւ սրտցաւ կինը, սակայն ծանր հարուածներ ստացած է կեանքէն՝ կորսնցնելով իր հինգ զաւակները եւ ամուսինը:
Ամուսինին եւ հինգ զաւակներուն մահէն ետք Օլկա Թումանեան կը յաջողի Թումանեաններու թիֆլիզեան տան ունեցուածքին մեծ մասն ու բանաստեղծին ձեռագիր ժառանգութիւնը Երեւան փոխադրել եւ իր աղջիկներուն հետ ստեղծել Թումանեանի թանգարանը, որ թումանեանական հրաշալի ոգեղէն վայր մըն է՝ Երեւանի սիրտին մէջ:
Թանգարանի այցելուն 54 աստիճան պիտի բարձրանայ Մոսկովեան փողոցի վրայ, մինչեւ հասնի թանգարան. 54-ը Թումանեանի ապրած տարիներուն թիւն է, իսկ ահա Օլկա մայրիկ ուղիղ 100 տարի ապրած է, մահացած 1971 թուականին՝ Երեւանի մէջ:
Ցուցահանդէսը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Օլկա Թումանեանի՝ Թիֆլիզէն Երեւան կեանքը: Երբ մէկ զաւակը սպաննուած է մարտերու ընթացքին, երեքը՝ աքսորուած, ապա՝ անոնցմէ երկուքը գնդակահարուած, միւսն ալ բանտային պայմաններուն չդիմանալով մահացած, Օլկա Թումանեան երկար ժամանակ չէ շփուած ոչ մէկուն հետ, փակուած է տան մէջ եւ առանձնութեան մէջ շիւղերով շալեր գործած: Հին գուլպաները կը քակէր, թելերը կը ներկէր, շալեր կը գործէր եւ կը նուիրէր: Այդ շալերէն մէկն ալ խորհրդանշական ձեւով ցուցադրուած է այս ցուցահանդէսին:
Խօսուն իրեր են բոլոր ցուցանմոյշները՝ Օլկա մայրիկին կարի մեքենան, գիրքերը, սեղանը, լամբը, հագուստը, սիրելի շաքարամանները եւ այլ պարագաներ։ Գիրքերուն հիմնական մասը նուիրած են ճանչցուած գրողներ, արուեստագէտներ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը: Ցուցադրուած են Օլկա մայրիկին ստացած բացիկները:
Թումանեաններու ծոռներէն Ռուբէն Քանքանեանը Օլկա մեծ մայրիկին ծննդեան 150-ամեակին առթիւ թանգարանին յանձնած է վերջինիս թութունատուփը, որ նոյնպէս ցուցադրուած է։ Ռուբէն Քանքանեան Թումանեանի Իրմա Սաֆրազբէկեան թոռնուհիին որդին է:
Օլկա Թումանեանի մասին Իրմա Սաֆրազբէկեանն ալ շատ տարիներ առաջ գրած է գիրք մը, որուն մէջ ան իր հայեացքով ներկայացուցած է մեծ մայրը, որուն հետ եղած է մինչեւ անոր կեանքին վերջին օրը:
Թումանեանի կնոջ բախտ վիճակուած էր 1969 թուականին ներկայ ըլլալ Յովհաննէս Թումանեանի 100-ամեակի տօնակատարութեան։ 1953 թուականին ան Թիֆլիզէն արդէն փոխադրուած էր եւ կը բնակէր այսօրուայ տուն-թանգարանին առաջին յարկը: Մինչեւ իր կեանքին վերջը Օլկա Թումանեան թումանեանական այլ հիւրընկալ օճախ մը դարձուցած էր այս տունը: Ցուցահանդէսին բազում նիւթեր կան թէ՛ այդ մասին, թէ՛ թանգարանը բանալու պատմութենէն:
Այս ցուցահանդէսը թանգարանին մէջ բաց կը մնայ մինչեւ փետրուարի 25-ը: Ցուցահանդէսին ընդմէջէն կը տեսնենք, որ Թումանեան ընտանիքին մէջ դժուարութիւնները, ցաւերը, ողբերգութիւնները շատ եղած են, առողջական, նիւթական հարցերը մէկը միւսին կարգ չեն զիջած, բայց ընտանիքը ապրած է աներեւակայելի լաւատեսութեամբ, որ այսօր կարող ենք անուանել «թումանեանական լաւատեսութիւն»:
ԱՆՈ՜ՒՇ-ԱՆՈ՜ՒՇ
Յաջորդ տօնական օրը այս թանգարանին մէջ փետրուարի 19-ն է՝ Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակը: Թանգարանը ամէն տարի իւրայատուկ ձեւով կը նշէ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին ծննդեան օրը: 153-ամեակին ընդառաջ թանգարանին մէջ կը մեկնարկէ նոր ծրագիր մը, կը ստեղծուի թանգարանի «Անո՜ւշ-անո՜ւշ» անունով երգչախումբը: Այս երգչախումբը կու գայ միանալու թանգարանին միւս նորարարական եւ յոյժ հետաքրքրական ծրագիրներուն, որոնք ամէն տարի կը թարմացուին եւ նորովի կը մատուցուին այցելուներուն:
ՎԵՐՆԱՏՈՒՆ
Երբ 1899 թուականին Յովհաննէս Թումանեանի ջանքերով ստեղծուեցաւ «Վերնատուն» հայ գրական խմբակը, անդամներէն ոչ ոք ամուսնացած էր՝ ո՛չ Իսահակեանը, ո՛չ Տէմիրճեանը, ո՛չ միւսները, միակ ամուսնացածը Թումանեանն էր եւ անոր կինը միւս գրողներուն համար թէ՛ մայր էր, թէ՛ քոյր էր, թէ՛ խնամակալ ու խորհրդատու: Կը հաւաքուէին եւ յաճախ ամբողջ օր մը հոն կ՚անցընէին՝ Թումանեանի տան երկրորդ յարկը, ուր կը գործէր «Վերնատուն»ը: Օլկա մայրիկը բոլորին նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք կը պատրաստէր: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին մեծ գրողները կը կարդային ու կը քննարկէին համաշխարհային գրականութեան դասական եւ նոր հեղինակներու գործերը, նաեւ իրենց գործերը կը ներկայացնէին ընդհանուր քննադատումի:
«Վերնատուն»ը գործած է 7-8 տարի, սակայն անդամներուն բացակայութեան պատճառով 1908 թուականի վերջաւորութեան դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Գրական նշանաւոր այս խմբակը դարձած է «Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան» հիմնաքարը, որ հիմնուած է 1922 թուականին, նախագահ ունենալով դարձեալ Յովհաննէս Թումանեանը: Իսկ առանց Օլկա Թումանեանի հանդուրժողականութեան եւ բարեացակամութեան, պատմական «Վերնատուն»ը, դժուար թէ գոյութիւն ունենար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան