ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ՝ ՀԱՅ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սը, որ Փա­րի­զի մէջ գտնուող սփիւռ­քա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, յայ­տա­րա­րեց, թէ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րէ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­նե­րու մուտ­քը Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ե­րես­փո­խան­ներ՝ Սե­լի­նա Տո­ղա­նին, Մար­գար Է­սաեա­նին ու Կա­րօ Փայ­լա­նին ու նշեց, թէ յոյ­սով են, որ ա­նոնք քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կեն, որ­պէս­զի օս­մա­նեան հա­յե­րու այ­սօ­րուան ժա­ռան­գորդ­նե­րը հան­դի­սա­ցող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րը, վերս­տին կապ ի­րենց հայ­րե­նի­քին հետ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սը մաղ­թեց, որ հայ ե­րես­փո­խան­նե­րը ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տուին՝ նպաս­տե­լու հա­մար Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Գոնկ­րէ­սը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նաեւ ընտ­րեալ բո­լոր ե­րես­փո­խան­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015